Լոս Անճելըս իր ժամանման վաղորդայնին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս՝ Արեւմտեան թեմին իր հովուապետական չորրորդ այցելութիւնը պաշտօնապէս սկսաւ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6ի առաւօտուն, Ազգային առաջնորդարան այցելութեամբ։ Այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Վեհափառին ներկայութիւնը տօնական մթնոլորտ ստեղծած է թեմին մէջ։ Արդարեւ, Ազգ. առաջնորդարանը Հինգշաբթի օր ապրեցաւ ցնծութեան օր մը, որուն մասնակից եղան թեմի ժողովականութիւնը՝ իր հոգեւորական ու աշխարհիկ ընտանիքներով։
Վեհափառն ու հոգեւորականաց դասը առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք։ Ապա, վեհափառ հայրապետը ծանօթացաւ առաջնորդարանի նոր շէնքի տարբեր բաժանմունքներուն։
Այնուհետեւ, վեհափառը «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ յաջորդաբար կրօնական ժողովի ու Ազգ. վարչութեան անդամներուն հետ։
Հանդիպումներու ընթացքին, արծարծուեցան թեմի աշխատանքային դաշտերուն վերաբերող հարցեր, խորհրդակցութեան նիւթ եղան մարտահրաւէրները դիմագրաւելու միջոցները։ Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Մայր աթոռին ու թեմին միջեւ գործակցական դաշտերուն մասին ուղղակի հաղորդակցութեան կողքին, իր այս այցելութեան հիմնական նպատակներն են մղում տալ հոգեւոր կեանքի վերանորոգութեան, Հայ Դպրոցի վերածաղկումին ու մեր պահանջատիրութեան հետապնդման։
Վեհափառը իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ վեր առաւ հովուապետական այս այցելութեան հիմնական նպատակները, որոնք են հոգեւոր կեանքի վերանորոգութիւն, ազգային դպրոցներու վերաշխուժացում եւ մեր արդար պահանջատիրութեան հզօրացում։ Ան յիշեցուց, որ այս առաջադրանքները մաս կը կազմեն կաթողիկոսութեան հաւատքին ու առաքելութեան, ու այս ճամբան պիտի պահպանուի անշեղօրէն։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ վեհափառը անգամ մը եւս գնահատանքով արտայայտուեցաւ առաջնորդին, թեմի իշխանութիւններուն ու լծակիցներուն արդիւնաւոր աշխատանքին մասին եւ յորդորեց շարունակել նոյն հաւատքով, յանձնառութեամբ եւ վերանորոգ կենսունակութեամբ, «եւ այս բոլորին համար, Կաթողիկոսարանը ձեր կողքին է ու ամբողջականօրէն զօրակից», ըսաւ ան։
Հանդիպումը վերջ գտաւ վեհափառին օրհնութեամբ. ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա»ն։ Այնուհետեւ, վեհափառը յիշատակի լուսանկարներ ունեցաւ յանձնախումբերուն, դաստիարակներուն ու միութեանց անդամներուն հետ։
Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբերի Վեհափառը Կլենտէյլի հիւանդանոց այցելեց՝ ընկերակցութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի եւ գաւազանակիր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանի: Հիւանդանոցի մուտքին, վեհափառն ու շքախումբը դիմաւորուեցան հիւանդանոցի վարչութեան նախագահ Մարք Մայըրզի եւ խորհուրդի այլ անդամներու կողմէ:
Վեհափառ հայրապետն ու ընկերակիցները այցելեցին հիւանդանոցի կարգ մը սենեակները, ուր մանուկներ խնամքի ենթակայ են: Ապա, հիւր ու հիւրընկալ խմբուեցան հիւանդանոցի մէկ հիւրասրահը, ուր տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն ու հիւրասիրութիւն:
«Մոնթեպելլոյի նահատակաց յուշարձանին առջեւ կը սպասենք, որ Միացեալ Նահանգներ ու ազատ աշխարհը կանգնին մեր արդար դատին կողքին» յայտարարեց Արամ Ա. կաթողիկոս
«Հոս ենք, ցոյց տալու, որ կը յիշենք մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակները, մեր արդար իրաւունքները: Հոս ենք ըսելու, որ չենք մոռցած մեր կորուստներն ու կը մնանք պահանջատէր, արդարութիւն կը պահանջենք աշխարհէն, կը սպասենք, որ ազատ աշխարհի երկիրները, որոնք մարդկային իրաւունքներու պաշտպան են, Միացեալ Նահանգներն ու այլ դրօշակիրներ կանգնին մեր իրաւուքներուն կողքին, կանգնին արդարութեան կողքին», յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս, Մոնթեպելլոյի մէջ կանգնած Նահատակաց Յուշարձանի ծածկին տակ, Շաբաթ, 8 Հոկտեմբերի առաւօտուն: Վեհափառ Հայրապետը, ինչպէս նախընթաց հովուապետական այցելութեանց ընթացքին, առաջնահերթութեանց կարգին դասած էր Ցեղասպանութեան զոհ նահատակներու Յուշարձան այցելութիւնը, գործնապէս շեշտադրելու համար, որ այս այցելութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկն է լուսարձակի տակ բերել մեր Դատն ու խրախոյս հանդիսանալ անոր արդար լուծման աշխատանքներուն:
Վեհափառի այցելութիւնը խորհրդանշական իմաստ ունէր: Ուխտաւոր վեհափառը յուշարձան հասաւ առաւօտեան ժամը 10ին: Յուշարձան գմբէթին տակ, վեհափառ հայրապետը առաջնորդեց հոգեհանգստեան արարողութիւնը, աղօթքով խոնարհելով ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ սպաննուած մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին առջեւ ու ծաղկեպսակ մը զետեղելով յուշարձանին:
«Արդարութիւնը աստուածատուր է, զայն խլողը կը մեղանչէ» յայտարարեց Արամ Ա. կաթողիկոս
ՖՐԵԶՆՕ, ԱՆԹԻԼԻԱՍ - «Մեր այստեղ ներկայութիւնը գործնական յիշեցում է, թէ պիտի շարունակենք մեր պայքարը՝ ի խնդիր մեր արդար իրաւուքներուն իրականացման:
Արդարութիւնը աստուածատուր պարգեւ է ու իրաւունք, կը սպասենք, որ արդարատենջ մարդկութիւնը կանգնի մեր արդար իրաւուքներուն կողքին ու անոնց կենսագործման», յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս, Երկուշաբթի, 10 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ, ուր յարգանք կը մատուցէր մեր ժողովուրդին ու Ֆրեզնոյի նուիրեալ հոգեւորականներու ու ազգայիններու յիշատակին:
Վեհափառ հայրապետն ու իր շքախումբը «Արարատ» գերեզմանատուն հասան ժամը 10ին եւ այցելեցին Սողոմոն Թեհլիրեանի, Սոֆիա Յակոբեանի, Ուիլիըմ Սարոյեանի եւ եկեղեցական ու ազգային ծառայութիւն մատուցած ննջեցեալներու շիրիմներուն: Ազգային հերոս Ս. Թեհլիրեանի յուշարձանին առջեւ խօսք առնելով, վեհափառ հայրապետը մեր ժողովուրդին անունով վերահաստատեց մեր իրաւուքներուն կենսագործման համար պայքարի յանձնառութիւնը, շեշտելով, որ ան՝ որ արդարութիւնը կը խլէ, մեղանչում կը կատարէ:
Գերեզմանատուն այցելութենէն ետք, վեհափառ հայրապետն ու ընկերակիցները այցելութիւն մը տուին Ֆրեզնոյի Համագաղութային վարժարանը, ուր մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն հետ: