Ռուսաստանի Կրասնոյարսկի մէջ գաղթականներու նկատմամբ վերաբերմունքը երկու տարբեր տեսակներով կ'արտայայտուի։ Մէկ կողմէ անոնց աշխատանքը անհրաժեշտ է տարածաշրջանէն ներս զարգացող կարեւոր բնագաւառներու մէջ, յատկապէս՝ շինարարութեան եւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառները, միւս կողմէ սակայն տեղւոյն բնակիչները վախի զգացումներով կ'ընկալեն օտարներու ներկայութիւնը:
Փորձագէտները կը կարծեն, որ խնդրի նկատմամբ պէտք է ցուցաբերել հաւասարակշռուած մօտեցում, զգուշացնելով թէ գաղթողներու ներկայութիւնը կարելի է ազգամիջեան բախումներու պատճառ դառնայ։
Այս մասին կը գրէ «Նեզավիսիմայա կազեթա» պարբերականը՝ անդրադառնալով Ռուսիոյ իշխանութիւններու կողմէ վերջին շրջանին իրականացուող գաղթականական ծրագրերու գործադրութեան:
«Այս տարուայ ութ ամիսներու ընթացքին Ենիսէյի մերձափնեայ շրջաններուն մէջ գաղթողներու թիւը աւելցած է 17 հազարով։ Գաղթողներու մեծ մասը՝ գրեթէ 88,9% կը կազմեն ԱՊՀ երկիրներու ներկայացուցիչները։ Անոնցմէ 54,3%-ը Տաճիկիստանէն եւ Ղըրխզիստանէն են, մօտ 14,2% -ը՝ Ատրպէյճանէն, 9,9% -ը՝ Ուզպեկիստանէն եւ միայն 7,4% -ը՝ Հայաստանէն։ Իսկ թէ երկրամասին մէջ որքան է գաղթականներու թիւը, ոչ ոք գիտէ։ Սակայն շատ հետաքրքրական է, թէ Կրասնոյարսկի Լենինեան շրջանի դպրոցներէն մէկուն մէջ կը յաճախեն 16 ազգութիւններու ներկայացուցիչներ։ Դպրոցի աշակերտներու 39%-ն օտարերկրացիներ են, իսկ դպրոցի ուսուցիչներու կարգախօսն է. «Մենք մէկ ազգութիւն ունինք՝ աշակերտները»։
Թերթը կը գրէ, որ երկրամասի իշխանութիւնները չեն ողջուներ իրենց շրջանին մէջ աշխատանքային գաղթականներու ներկայութիւնը։
«Ես արգիլած եմ կառավարութեան առանց յատուկ մանրակրկիտ վերլուծութեան օտարերկրեայ աշխատուժի ներգրաւման լրացուցիչ տոկոսադրոյթ ներկայացնել։ Աշխատաւորներու խնդիրները օտարերկրեայ աշխատուժի հաշւոյն լուծելը թեթեւամտութիւն է. անհեռատես մօտեցում»,- յայտարարած է Կրասնոյարսկի նահանգապետ Լ. Կուզնեցովը։
«Նեզավիսիմայա կազեթան» կÿաւելցնէ, որ երկրամասի իշխանութիւններուն կողմէ գաղթականներու թիւի կրճատման փորձերը իրենց հերթին կը նպաստեն ստուերային պիզնեսի զարգացման։
«Կրասնոյարսկի մէջ յայտնաբերուած են աշխատանքի թոյլտուութեան կեղծ փաստաթուղթեր։ Բացի այդ, օտարերկրացիները աշխատանքի թոյլտուութիւն ստանալու համար կեղծ ամուսնութիւններ կը կնքեն տեղի բնակիչներու հետ։ Սակայն գաղթականներու հետ կապուած դժուարութիւնները չեն սահմանափակուիր միայն քրէական խնդիրներով։ Կրասնոյարսկի բժիշկները վերջին շրջանին ԱՊՀ երկիրներէն ներգաղթած քաղաքացիներուն մօտ սկսած են աւելի յաճախ յայտնաբերել այնպիսի վտանգաւոր հիւանդութիւններ, ինչպիսին, օրինակ, թոքախտն է»,- կը գրէ պարբերականը՝ աւելցնելով, որ Ռուսիոյ կառավարութեան կողմէ մշակուած ծրագիրը կը վերաբերի ոչ թէ Սիպերիոյ մէջ օտարերկրեայ, այլ տեղի աշխատուժի ներգրաւման Ռուսաստանի հարաւային շրջաններէն։
«Այդ որոշումէն ետք Ենիսէյի ափերուն այդ ծրագրի դէմ կատարուեցան լայնածաւալ բողոքի միջոցառումներ: Սակայն երկրամասի իշխանութիւնները տեղւոյն բնակչութեան հանգստացուցին՝ ըսելով, թէ Կովկասէն հիւրերը որեւէ վտանգ չեն ներկայացներ տեղական աշխատուժի շուկայի համար»,- կը գրէ «Նեզավիսիմայա կազեթան»։