Կիլիկիոյ Քոզան գաւառին մէջ գտնուած կառոյցը, որ նախապէս եղած է հայկական հացատուն, հիւանդանոց եւ եկեղեցի, 1920-1923ին  թուրքերուն կողմէ օգտագործուած է իբրեւ օրիորդաց դպրոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ www.akung.net-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» պետական լրատուական գործակալութիւնը:

Հոկտեմբերի վերջաւորութեան Համազգայինի Օրենճ Քաունթիի «Սիամանթօ» մասնաճիւղը, հաւատարիմ տոհմիկ երեկոներ ներկայացնելու իր աւանդութեան՝ այս տարի ներկայացուց Պոլիսը։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պատգամաւորական 10րդ Ընդհանուր Ժողովէն ընտրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը իր գործունէութեան Ա. լիագումարը կատարեց Պէյրութի մէջ, Լիբանան, 5- 7 Նոյեմբեր 2011ին։ Ժողովներուն զուգահեռ կազմը նաեւ տուաւ այցելութիւններ լիբանանահայ տարբեր կառոյցներու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու։

Տարրական դպրոցի աշակերտ էի՝ հազիւ թէ 10 տարեկան, երբ առաջին անգամ տեսայ «Ալիք»-ը:
Ծնուել եւ ապրում էի Նոր Ջուղայում: Ամէն օր, դպրոցից տուն վերադառնալիս, տեսնում էի, որ որոշ հայ խանութպաններ, նստած իրենց խանութի շեմքում, հայերէն տառերով տպուած ինչ-որ թերթ են կարդում: Այդ մասին ես գաղափար կազմեցի միայն թերթի անունը կարդալ կարողանալով, որը խոշոր տառերով գրուած էր «ԱԼԻՔ»:

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Նիւ Եորքի մէջ բարեգործական համերգ մը պիտի տայ հայ երաժիշտ Արդօ Թունջպոյաճեանը եւ թրքական «Քարտեշ Թիւրքիւլեր» երգչախումբը: Համերգի յատուկ հիւրը պիտի ըլլայ հայ անուանի ուտ նուագող Արա Տինքճեան: