Իբրեւ «Տոքթոր մահ» ծանօթ դար-ձած ամերիկահայ բժիշկ Ճէք Գէորգեանի հեղինակած կտաւները, ձեռագիր գրութիւնները եւ անձնական իրերը Հոկտեմբերի վերջաւորութեան աճուրդի պիտի հանուին Նիւ Եորքի մէջ:


Associated Press լրատուական գործակալութեան փոխանցումով՝  Գէորգեանի կտաւներուն մեծ մասը կը վերաբերի մահուան: Անոնց մէկը վերնագրուած է «Ցեղասպանութիւն» եւ կը պատկերէ արիւնոտ գլուխ մը, որ մազերէն բռնած կը պահեն երկու զինուորներ՝ համապատասխանաբար, Առաջին աշխարհամարտի տարիներու թրքական զինուորական համազգեստով եւ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներու գերմանական զինուորական համազգեստով:
Փաստաբան Մեյըր Մորկանրոթ յայտնած է, որ աճուրդի հասոյթի մեծ մասը պիտի ուղղուի Գէորգեանի միակ ժառանգին՝ զարմուհիի մը, եւ քաղցկեղի դէմ պայքարող բարեգործական կազմակերպութեան մը: «Տոքթոր մահը» 130 ծանր հիւանդներու օգնած է հեռանալ կեանքէն: