Ֆրանսայի ընկերվարականները կայացուցին իրենց թեկնածուի որոշումը. Սարքոզիի դէմ
2012ի ընտրութիւններուն պիտի պայքարի Ֆրանսուա Հոլլանտը
Ներկուսակցական քուէարկութեամբ, որ կատարուեցաւ Ֆրանսայի 2012ի նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ, որոշուեցաւ ընկերվարականներու թեկնածուն:
Երկու գլխաւոր թեկնածուներէն՝ Ֆրանսուա Հոլլանտը 12% ձայներու առաւելութիւն ձերք ձգեց իր հակառակորդ՝ Մարտին Օպրիի դէմ:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ֆրանսական լրատուամիջոցները, քուէարկութեան աւարտին Մարտին Օպրին 47%, իսկ Հոլանտը՝ 53% տոկոս ապահոված են։
Օպրին ընդունած է իր պարտութիւնը եւ յայտարարած, թէ ընտրութիւններու ժամանակ ան պիտի աջակցի Հոլլանտի թեկնածութեան:
Հայամէտ դիրքորոշում ունեցող Ֆրանսուա Հոլլանտի յաղթանակի մասին շատ դրական մթնոլորտ կայ: Ֆրանսայի տարածքին իրագործուած հարցախոյզերը ցոյց կուտան թէ մեծ են Հոլլանտի յաղթանակի հաւանակութիւնները:
Յիշեցնենք, որ Հոլլանտի թեկնածութեան գծով աջակցութիւն յայտնած է ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէն: Իսկ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները յոյս կը յայտնեն, թէ Հոլլանտը նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի չմոռնայ իր տուած խոստումները, քաղաքական այլ գործիչներու նման:
«Անցնող 10 տարիներուն, իբրեւ ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար, Ֆրանսուա Հոլլանտը Ֆրանսայի հայ համայնքին տուած իր երեք խոստումները կատարած է: Առաջինը՝ Ցեղասպանութեան հարցով իր յստակ դիրքորոշման բացայայտումն էր, երկրորդը՝ առանց նախապայմաններու հայ-թրքական սահմանի բացման հարցին մէջ ան իր զօրակցութիւնը յայտնած էր հայկական կողմին հանդէպ, եւ երրորդ՝ Ֆրանսայի մէջ թրքական հակահայկական գործունէութեան դէմ յստակ դիրքորոշում դրսեւորած է» դիտել տուած է ՀՅԴ Հայ Դատի Փարիզի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեանը:
Յիշեցնեք, որ նախքան իր թեկնածութեան առաջադրումը՝ Սոցիալիստական կուսակցութեան նախկին առաջնորդ Ֆրանսուա Հոլլանտը խոստացած էր ջանք տանիլ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Ծերակոյտի օրակարգ մտցնելու համար։
Վերլուծաբանները կը յայտնեն, թէ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին սուր պիտի ըլլայ ընտրապայքարը: Անոնք նկատել կուտան, թէ Սարքոզիի դէմ որոշ առաւելութիւններ ունի Հոլլանտը: Անոնցմէ մէկը Սարքոզիի հեղինակութեան ցուցանիշն է, որ վերջին շրջանին խիստ նուազած է: Անկէ զատ, հակառակորդ աջակողմեան կուսակցութեան շատ ներկայացուցիչներ համակրանքի ու յարգանքի զգացումներ ունին ընկերվար քաղաքական գործիչ՝ Հոլլանտի հանդէպ, յատկապէս իր մարդկային ազնիւ յատկանիշներուն համար:
Հոլլանտի հակառակող հատուածը իր կարգին դիտել կուտայ, թէ ան ծանրակշիռ քաղաքական անցեալ չունի, վարելու համար Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնը, ոչ ալ երբեք նախարարական պաշտօններ վարած է: