- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Հայրենիքի մէջ հաստատուող սփիւռքահայուն համար էականը ոչ միայն լեզուի հարցն է, այլեւ մարդկային յարաբերութիւնը՝ բոլոր ծալքերով: Ահաւասիկ քանի մը պատկերներ, ուր կ՛արծարծուին այլաբնոյթ հարցեր:
Հանրակառքին մէջ
Շաբթուան մէջ հինգ օր առաւօտուն ժամը իննին թիւ ինն հանրակառքը («աւթոպիւս»՝ տեղացիներու անուանումով, մեծ հանրակառք, իսկ փոքրերը կը կոչուին՝ «մարշուտնի») կը բարձրանայ հալէպցի հայր մը, ուղեղային թերաճութիւն ունեցող զաւկին ուղեկցութեամբ: Ան քսաներկու տարեկան թերաճ որդին ամէն օր թերաճներու կեդրոն կը տանի:- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Չորս հարիւր տարի Արեւելեան Եւրոպան ահով ու սարսափով դիմաւորեց նրա (թուրքին) դժոխային արշաւին, մինչեւ որ 17րդ դարում, Վիենննայի պատերի տակ, վերջնականպէս կտրեց նրա առաջ անցնելու յոյսը:
Յովհաննէս Թումանեան
Կ’ուսանինք, բաներ կը սորվինք՝ քննութեան մը յաջողելու համար, կրկնելով պահանջուածը, որոնք կը դառնան արհեստ կամ թութակային կարգախօս: Այդ
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Տարբեր երկիրներու ղեկավարներ տարիներ շարունակ կաւատութիւն կ՛ընէին՝ փորձելով Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը գրաւել: Անոնք այնքան գովաբանեցին Թուրքիոյ նախագահը, որ ան գլուխը կորսնցուց: Իբրեւ Նոր Օսմանեան Կայսրութեան ինքնակոչ մեծ սուլթան, Էրտողան սկսաւ միջամտելու հարեւան երկիրներու ներքին գործերուն եւ բանտարկելու իր երկրի այն քաղաքացիները,
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին յաճախակի սկսած են դառնալ զինեալ յարձակումները, յատկապէս այնպիսիք, որոնք մեծաթիւ զոհեր կը խլեն: Իւրաքանչիւր նման դէպքի յաջորդող օրերուն կը կատարուին հանրային բուռն քննարկումներ, որոնց հիմնական շեշտը կը դրուի զէնք ունենալու ար
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Դժուար է հրաժեշտի խօսք գրել մի անզուգական դերասանուհու, հաւատարիմ ընկերոջ, ճշմարտութեան հետեւորդի, բիւրեղեայ անձնաւորութեան, խորը հոգու տէր մարդու՝ Վարդուհի Վարդերեսեանի մասին: