altԿի­րա­կի՝ 29 Նո­յեմ­բե­րին Պ­րիւք­սէ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Թուր­քիա-Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն վե­հա­ժո­ղով մը, ո­րուն գլխա­ւոր նպա­տա­կը գաղ­թա­կան­նե­րու դէ­պի Եւ­րո­պա հոս­քին լու­ծում մը գտնելն էր: Վե­հա­ժո­ղո­վին իբ­րեւ ար­դիւնք Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւ­նը Թուր­քիոյ մէջ սու­րիա­ցի տե­ղա­հա­նո­ւած­նե­րուն յատ­կա­ցուց 3 մի­լիառ եւ­րօ եւ հա­մա­ձայն գտնո­ւե­ցաւ Հոկ­տեմ­բեր 2016ին Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ար­տօ­նե­լու ա­ռանց այ­ցե­գի­րի մուտք գոր­ծե­լու Շեն­կե­նի տա­րածք: Ա­ւե­լի՛ն, ո­րո­շո­ւե­ցաւ ա­րա­գաց­նել Թուր­քիոյ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը եւ եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ գու­մա­րել տա­րե­կան եր­կու վե­հա­ժո­ղով­ներ, իսկ Յու­նիս 2016ին ու­ժի մէջ պի­տի մտնէ գաղ­թա­կան­նե­րու վե­րա­դար­ձի մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը:

Հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կը ծա­ռա­յէ գաղ­թա­կան­նե­րը պա­հե­լու Թուր­քիոյ մէջ, այլ խօս­քով` գաղ­թա­կան­նե­րը մին­չեւ սու­րիա­կան տագ­նա­պին լու­ծու­մը, իսկ ա­նոնց մէկ մա­սը նաեւ այդ լու­ծու­մէն ետք պի­տի շա­րու­նա­կեն մաս կազ­մել թրքա­կան հա­սա­րա­կու­թեան:

Թուր­քիոյ վար­չա­պետ Ահ­մեթ Տա­ւու­թօղ­լո­ւի վկա­յու­թեամբ` Ան­գա­րա ար­դէն 8 մի­լիառ տո­լար ծախ­սած է Թուր­քիա գտնո­ւող տե­ղա­հա­նո­ւած­նե­րուն օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար, Սա­կայն ա­տի­կա փաս­տօ­րէն ոչ մէկ ձե­ւով ար­գե­լա­կեց ա­ւե­լի լաւ կեան­քի ձգտող գաղ­թա­կան­նե­րու հոս­քը: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Եւ­րո­պա­յի կող­մէ տրա­մադ­րուած 3 մի­լիառ եւ­րոն չի կրնար նկա­տա­ռե­լի ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ այդ կա­ցու­թեան վրայ: Պաշ­տօ­նա­պէս իբ­րեւ սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րուն յատ­կա­ցո­ւած` յայ­տա­րա­րո­ւած այդ գու­մա­րը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կա­շառք մըն է, ո­րուն նպա­տա­կը թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մղելն է ար­գելք հան­դի­սա­նա­լու գաղ­թա­կան­նե­րու հոս­քին: Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա Հոլ­լանտ վե­հա­ժո­ղո­վէն մեկ­նե­լէ ա­ռաջ ընդգ­ծեց, որ այդ գու­մա­րը պի­տի փո­խան­ցո­ւի հանգ­րո­ւա­նա­յին ձե­ւով` «քայլ առ քայլ» հե­տե­ւե­լով Թուր­քիոյ յա­ռաջ­դի­մու­թեան: Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տո­նալտ Թուսք իր կար­գին յայ­տա­րա­րեց, որ Պ­րիւք­սէլ կը սպա­սէ Եւ­րո­պա հաս­նող տե­ղա­հա­նո­ւած­նե­րու թի­ւի «ան­մի­ջա­կան եւ նկա­տա­ռե­լի» նո­ւա­զում մը:

Թուր­քիոյ վստա­հո­ւած ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, սա­կայն, ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն առնչուած է Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րու­թեան քա­ղա­քա­կան կամ­քին: Թուր­քիոյ ստանձ­նած նիւ­թա­կան բե­ռին եւ­րո­պա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ո­չինչ պի­տի փո­խէ այդ ի­րո­ղու­թե­նէն: Ի վեր­ջոյ, Ան­գա­րա­յի կող­մէ գաղ­թա­կան­նե­րուն Եւ­րո­պա «գոր­ծու­ղու­մը» Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան վրայ ճնշում բա­նեց­նե­լով զի­ջում­ներ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար չէ՞ր:

Եւ­րո­պա­ցի ղե­կա­վար­նե­րը ա­տի­կա քաջ գիտ­նա­լով, Թուր­քիոյ շան­թա­ժին դի­մաց յա­ւե­լեալ զի­ջում­ներ կա­տա­րե­լով` իբ­րեւ կա­շառք օգ­տա­գոր­ծե­ցին նաեւ Թուր­քիոյ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան հո­լո­վոյ­թին ա­րա­գա­ցու­մը եւ Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու Շեն­կե­նի տա­րածք ա­զատ մուտ­քի ար­տօն­ման հե­ռան­կա­րը:

Տա­ւու­թօղ­լու Պ­րիւք­սէ­լի մէջ գո­յա­ցած եւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան վար­կին ոչ բա­րենը­պաստ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ի­րա­ւամբ կո­չեց «նոր սկիզբ մը», ո­րով­հե­տեւ եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը այ­սու­հե­տեւ հիմ­նո­ւած պի­տի ըլ­լան շան­թա­ժի եւ կա­շառ­քի վրայ: Թուր­քիոյ վար­չա­պե­տը նաեւ զայն կո­չեց «պատ­մա­կան օր» մը, ինչ որ ճշգրիտ բնո­րո­շում մըն է, ո­րով­հե­տեւ 16 տա­րի ա­ռաջ, երբ Թուր­քիա Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծուի կար­գա­վի­ճակ ստա­ցաւ` նշո­ւե­ցաւ, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը սկիզբ կ­՛առ­նեն, սա­կայն հո­լո­վոյ­թը ա­ռանց ժամ­կէ­տի է եւ կա­խեալ Թուր­քիոյ ար­ձա­նագ­րած յա­ռաջ­դի­մու­թե­նէն, իսկ այ­սօր շնոր­հիւ Ան­գա­րա­յի գտած հնար­քին, այդ հո­լո­վոյ­թը յա­ռաջ կը մղո­ւի` Թուր­քիոյ մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց մար­զի թե­րու­թիւն­նե­րէն ան­կախ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ