Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Յոյն-Ուղղափառ Եկեղեցւոյ աստուածա-բանական «Վոլօ-Ակադեմիայի  միացեալ նախաձեռնութեամբ,  Յունաստանի հիւսիսային Վոլօ ծովեզերեայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ եռօրեայ խորհրդաժողով մը (Յունիս 20էն 23),

որուն գլխաւոր նիւթն էր «Քրիստոնեաները Պաղեստինի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ - Կամուրջներու կառուցումը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, Հինին եւ Նորին միջեւ»:

Հայ ժողովուրդը ոչ միայն գիտէ երախտապարտ ըլլալ, այլ անհրաժեշտ ու յարմար պահուն գիտէ արժանաւոր կերպով փոխադարձել իրեն նկատմամբ կատարուած օժանդակութիւնը, ցուցաբերուած զօրակցութիւնը:

96 տարիներ քլորուեցան 1915 թուականէն ետք, երբ սկիզբ առաւ Հայզաւակ Պզտիկեանի դառն պատմութիւնը:
«Հայզաւակ» յստակօրէն հայկական անուն է: Իսկ «Պզտիկեան»ը մականունն է այն բազմանդամ ընտանիքին, որ Իսքանտարոնի սանճաքի հիւսիսը գտնուող Տորթ Եօլ գիւղաքաղաքէն աքսորուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն: