Հայ­րե­նի­քի մէջ հաս­տա­տո­ւող սփիւռ­քա­հա­յուն հա­մար էա­կա­նը ոչ միայն լե­զո­ւի հարցն է, այ­լեւ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւ­նը՝ բո­լոր ծալ­քե­րով: Ա­հա­ւա­սիկ քա­նի մը պատ­կեր­ներ, ուր կ­՛ար­ծար­ծո­ւին այ­լաբ­նոյթ հար­ցեր:

Հան­րա­կառ­քին մէջ

­Շաբ­թո­ւան մէջ հինգ օր ա­ռա­ւօ­տուն ժա­մը ին­նին թիւ ինն հան­րա­կառ­քը («աւ­թո­պիւս»՝ տե­ղա­ցի­նե­րու ա­նո­ւա­նու­մով, մեծ հան­րա­կառք, իսկ փոք­րե­րը կը կո­չո­ւին՝ «մար­շուտ­նի») կը բարձ­րա­նայ հա­լէպ­ցի հայր մը, ու­ղե­ղա­յին թե­րա­ճու­թիւն ու­նե­ցող զաւ­կին ու­ղեկ­ցու­թեամբ: Ան քսա­ներ­կու տա­րե­կան թե­րաճ որ­դին ա­մէն օր թե­րաճ­նե­րու կեդ­րոն կը տա­նի:

Հան­րա­կառ­քին յա­ճա­խորդ­նե­րը, ո­րոնք նոյն ժա­մուն գոր­ծուղ­ղո­ւող նոյն ան­ձե­րը կ­՛ըլ­լան ընդ­հան­րա­պէս, երբ հան­րա­կառ­քը մօ­տե­նայ թե­րա­ճի սպա­սած կան­գա­ռին, թե­րա­ճին նստե­լու ա­զատ ա­թո­ռը պատ­րաս­տած կ­՛ըլ­լան ար­դէն:
­Հէ՛, հէ՛, հէ՛… լսե­լի է թե­րա­ճին ձայ­նը հան­րա­կառք բարձ­րա­նա­լու ժա­մա­նակ, ա­նոր բարձ­րա­ձայն ա­ղա­ղակ­նե­րը կը նո­ւա­զին նստե­լէն յե­տոյ: Բո­լո­րին հա­մար ա­նի­մաստ այս ա­ղա­ղակ­նե­րը վստա­հա­բար թե­րա­ճին ար­տա­յայ­տու­թեան միակ մի­ջոցն են: Մօտ տասն­հինգ կան­գառ յե­տոյ կը հաս­նի հան­րա­կառ­քը թե­րաճ­նե­րու կեդ­րոն: Մինչ այդ այլ կան­գա­ռէ մը կը բարձ­րա­նայ մայր մը, ման­չու­կին ձեռ­քը բռնած: Հա­զիւ փոք­րի­կը նկա­տած՝ թե­րա­ճը հրճո­ւա­լից շար­ժու­ձե­ւե­րով նախ­կի­նէն ա­ւե­լի բարձր ձայ­նով կը գո­ռայ, աջ ու ձախ կը շար­ժէ գլու­խը. ու­րա­խու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ըլ­լա­լու են այս շար­ժու­ձե­ւե­րը, կար­ծես իւ­րա­յա­տուկ կեր­պով կը խօ­սի եւ կը խա­ղայ ման­կան հետ:
­Հան­րա­կառ­քի յա­ճա­խորդ­նե­րը կը փոր­ձեն մա­նու­կը հե­ռաց­նել թե­րա­ճի տե­սո­ղու­թե­նէն, բայց ո՞ւր կրնան թաքցնել զայն: Ո­մանց դժգոհ հա­յեացք­նե­րը նկա­տե­լով, թե­րա­ճին հայ­րը ա­մօ­թէն չի գի­տեր ինչ ը­նէ, մտքէն կ­՛ար­տա­յայ­տո­ւի՝ «­Սա թաք­սի­նե­րը քիչ մը յար­մար ըլ­լա­յին, ա­մէն օր այս կա­ցու­թեան չէինք մատ­նո­ւեր», մինչ կող­քի յա­ճա­խորդ­նե­րէն մին՝ մի­ջին տա­րի­քի տղա­մար­դը կը ջա­նայ մեղ­մել հօր վրդով­մուն­քը.
– Ախ­բեր ջան, մի՛ վշտա­նա, բան չի ե­ղել, է­սա կը հաս­նէք:

Շու­կա­յին մէջ

Ս­փիւռ­քա­հայ կին մը Ե­րե­ւա­նի բան­ջա­րե­ղէ­նի շու­կա­նե­րէն մէ­կուն մէջ հա­ճոյ­քով կ­՛ունկնդ­րէ հայ վա­ճա­ռող­նե­րը: Գիւ­ղա­ցի կի­ներ, տղա­մար­դիկ ար­տի բեր­քը բե­րած կը վա­ճա­ռեն: Հա­զիւ թէ սփիւռ­քա­հա­յը կը նկա­տեն, կը սկսին բարձ­րա­ձայն ծա­նու­ցում­նե­րով հրա­ւի­րել զայն, որ­սը կար­թին մօ­տե­ցու­ցած ձկնորս­նե­րու նման.
– Ա­րի, քու­րօ ջան, է­ժան կա­նա­չի, պա­մի­տոր, մրգեր ու­նեմ, թարմ ու հա­մեղ…
Ու­րիշ մը.
– Ա­րի, քաղցր ջան, կծու կար­միր պի­պառ ու­նեմ, դուք սի­րում էք էս պի­պառ­նե­րից…
Եր­րորդ մը, որ կաթ­նե­ղէն­ներ կը վա­ճա­ռէ.
– Ա­րի, քու­րօ ջան, լաւ ա­նա­լի թարմ պա­նիր ու­նեմ, ձե­րոնք ին­ձա­նից են առ­նում, թարմ կաթ, մա­ծուն, ձու էլ ու­նեմ…
Ս­փիւռ­քա­հա­յը կը մօ­տե­նայ բան­ջա­րե­ղէն վա­ճա­ռող­նե­րէն մէ­կուն.
– Սմ­բու­կը թա՞րմ է:
– Սմ­բուկն ի՞նչ ա, քու­րօ ջան…
Ս­փիւռ­քա­հա­յը ձեռ­քով ցոյց կու տայ.
– Էս պա­տիր­ճան ա, թարմ ու քաղցր, է­սօր եմ քա­ղել:
– Իսկ ա­զատ­գեղ ու­նի՞ք,- կը հարց­նէ սփիւռ­քա­հա­յը:
– Ա­զատ­գեղն ի՞նչ ա, ի՞նչ էք ա­սում, բան չեմ հաս­կա­նում…
Ա­զատ­գե­ղին փուն­ջը ձեռ­քը ա­ռած ցոյց կու տայ վա­ճա­ռո­ղին:
– Սա բետ­րուշ­քա ա, քու­րօ ջան, հա­յե­րէ­նով՝ մա­ղա­տա­նոս, թարմ ա, հո­տո­տե­ցէք, կը զգաք, պա­մի­տոր էլ ու­նեմ, հա­սուն, կար­միր, քաղցր:
– Լո­լիկն ալ պա­մի­տո՞ր է, ի՛նչ լաւ, շատ չի տար­բե­րիր ա­րաբ­նե­րու շու­կա­յէն, ա­նո­ւա­նում­նե­րը նոյնն են գրե­թէ,- կ­՛ը­սէ սփիւռ­քա­հա­յը ու կը հե­ռա­նայ:

Հ­նա­կար­կա­տին մօտ

Ս­փիւռ­քա­հա­յը ա­րե­ւե­լա­հայ հնա­կար­կա­տին.
– Այս մոյ­կե­րուս կրունկ­նե­րը մա­շած են, կա­րե­լի՞ է նո­րո­գել:
– Ի հար­կէ, քու­րօ ջան, բայց մոյկն ի՞նչ ա:
– Ա­հա, այս ոտ­նա­ման­նե­րը, դուք ի՞նչ կ­՛ա­նո­ւա­նէք զա­նոնք,- եւ տոպ­րա­կէն հա­նե­լով ցոյց կու տայ զա­նոնք հնա­կար­կա­տին:
– Ս­րանք սա­պոք են, (ձեռ­քը բռնած կը զննէ ոտ­նա­ման­նե­րը). նա­յեմ ո՞նց եմ սար­քե­լու սրանց կրունկ­նե­րը:
– Ի՞նչ լե­զու է սա­պո­քը:
– Ռու­սե­րէն է, քու­րօ ջան:
– Իսկ հա­յե­րէ­նով ի՞նչ կ­՛ա­նո­ւա­նէք:
Հ­նա­կար­կա­տը ձեռ­քի ա­րագ շար­ժում­նե­րով եր­կու խում­բի կը վե­րա­ծէ ոտ­քե­րուն մօտ զե­տե­ղո­ւած կօ­շիկ­նե­րը, մին՝ կա­նա­ցի բո­լոր տե­սա­կի ոտ­նա­ման­ներ, միւ­սը՝ տղա­մար­դու, ա­պա ցոյց կու տայ սփիւռ­քա­հա­յուն, մատ­նան­շե­լով.
– Ս­րանք կոչ­ւում են կա­նա­ցի կօ­շիկ­ներ, իսկ սրանք՝ տղա­մարդ­կանց կօ­շիկ­ներ:

Ազ­դա­լոյ­սին մօտ

Ե­րե­ւա­նի ըն­դար­ձակ պո­ղո­տա­նե­րէն մէ­կուն ազ­դա­լոյ­սին մօտ սփիւռ­քա­հայ մայր մը գե­ղե­ցիկ, ե­րի­տա­սարդ դստեր կող­քին կանգ­նած, այլ ան­ցորդ­նե­րու հետ կը սպա­սէ կա­նաչ լոյ­սին, յան­կարծ.
– Ո՛չ, ո՛չ…
­Կը լսո­ւի աղջ­կան բարձր ձայ­նը: Ար­դէն կա­նաչ է լոյ­սը եւ ան­ցորդ­նե­րը կ­՛եր­թե­ւե­կեն: Աղջ­կան մայ­րը բա­նէ ան­տե­ղեակ, ա­նակն­կա­լի ե­կած, կը հե­տաքրք­րո­ւի.
– Ի՞նչ պա­տա­հե­ցաւ, ին­չո՞ւ կ­՛ա­ղա­ղա­կես, ա­մօթ չէ՞:
– Չ­տե­սա՞ր, մա՛մ, կողքս կե­ցող ե­րի­տա­սար­դը, չլսե­ցի՞ր ինչ ը­սաւ, ի՛նչ հա­մար­ձա­կու­թիւն…
– Ի՞նչ ը­սաւ,- կ­՛ը­սէ մայ­րը, ու­շադ­րու­թիւ­նը ան­ցորդ­նե­րուն վրայ կեդ­րո­նաց­նե­լով:
– Հետս ծա­նօ­թա­նալ կ­՛ու­զէ ե­ղեր, ա­ռանց ամչ­նա­լու… ո՛չ բաց հա­գած եմ, ոչ ալ դէմքս շպա­րած (դո­ղա­լով կ­՛ար­տա­յայ­տո­ւի աղ­ջի­կը), մենք ա­րաբ­նե­րէ՛ն չենք տե­սած այս վա­րո­ւե­լա­կեր­պը, մա՛մ, եր­բեք չէի ակն­կա­լեր այս ե­րե­ւոյթ­նե­րուն հան­դի­պիլ հոս:
­Մայ­րը կը փոր­ձէ մեղ­մել աղջ­կան զայ­րոյ­թը, կը հա­մո­զէ զինք, որ ա­մէն հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ալ կա­րե­լի է հան­դի­պիլ նման ե­րե­ւոյթ­նե­րու, կը յի­շեց­նէ, որ ծննդա­վայ­րին մէջ ի­րենք կը բնա­կէին ա­ռա­ւե­լա­պէս քրիս­տո­նեայ շրջան­նե­րու մէջ, հե­ռու իս­լա­մա­կան թա­ղա­մա­սե­րէ, ա­մէն տեղ լաւն ալ կայ, գէշն ալ… բայց ի զուր, ո՞վ կրնայ հիաս­թա­փու­թիւն­նե­րու շա­րա­նին վեր­ջա­կէտ մը դնել:

Ման­կա­պար­տէ­զէն ներս

Ե­րե­ւա­նի բո­լոր թա­ղա­մա­սե­րու տա­րած­քին կը գոր­ծեն քա­նի մը ման­կա­պար­տէզ­ներ, դպրոց­ներ (տար­րա­կան, միջ­նա­կարգ, երկ­րոր­դա­կան), ուս­տի բո­լոր բնա­կիչ­նե­րու մա­նուկ­նե­րը կը յա­ճա­խեն մօ­տա­կայ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ: Նոյնն է պա­րա­գան նաեւ սփիւռ­քա­հա­յե­րուն, ո­րոնք բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են Ե­րե­ւա­նի գրե­թէ բո­լոր թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ:
Ի դէպ, ման­կա­պար­տէզ­նե­րը ման­կամը­սուր­նե­րու նման բա­ցա­ռիկ հո­գա­տա­րու­թիւն ու խնամք կը տա­նին ե­րե­քէն վեց տա­րե­կան մա­նուկ­նե­րուն: Ման­կա­պար­տէզ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը սկսի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը ին­նին եւ կ­՛ա­ւար­տի յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մը չոր­սին: Մա­նուկ­նե­րը զա­նա­զան աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տա­րեն այս ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին:
Ս­փիւռ­քա­հայ մայր մը կ­՛ուղ­ղո­ւի շրջա­նի ման­կա­պար­տէ­զը հինգ տա­րե­կան ճլվլուն, ա­րա­գա­շարժ ու խե­լա­ցի դստրի­կը տուն բե­րե­լու, ու հա­զիւ ներս կը մտնէ.
– Մա՛մ, ե­կուր տես ի՞նչ ը­րած եմ այ­սօր:
– Ի՞նչ, աղ­ջիկս:
– Տե՛ս ի՞նչ գե­ղե­ցիկ ձե­ռա­յին­ներ պատ­րաս­տած եմ,- մօր ձեռ­քէն բռնած կը քա­շէ դէ­պի ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­նե­րու ցու­ցաս­րա­հը:
– Նա­յէ՛, մա՛մ, աշ­նան տե­րեւ­նե­րը ի­րար եմ կպցրել, գու­նա­ւոր խմոր­նե­րով գե­ղե­ցիկ աշ­նան մրգեր ու բան­ջա­րե­ղէն­ներ եմ սար­քել, Ըն­կեր Կա­րի­նէն ա­սաց, որ իմ ձե­ռա­յին­նե­րը ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ­ներն են: Նա­յիմ սրանց մի­ջից իմ սար­քած­նե­րը կը գտնե՞ս: Ս­րանք պա­մի­տոր­ներն են, սրանք էլ քա­զար­ներ:
– Ի՜նչ գե­ղե­ցիկ շի­ներ ես, աղ­ջի՛կս,- մայ­րը ձեռ­քը բռնե­լով ստեպ­ղի­նը՝ ի՞նչ էր այս բան­ջա­րե­ղէ­նին ա­նու­նը,- կը հարցնէ աղջ­կան:
– Քա­զար է մա՛մ, չե՞ս գի­տեր:
– Ոչ, աղ­ջիկս, ստեպ­ղին է, չե՞ս յի­շեր ան­ցեալ տա­րո­ւան գիր­քիդ մէջ նկա­րին տակ այդ­պէս գրո­ւած էր:
– Ա­յո, մա՛մ, յի­շե­ցի, բայց ե­րե­ւի քա­զար ալ կ­՛ը­սեն, Ընկ.­Կա­րի­նէն սխալ բան չի սոր­վեց­ներ:
– Լաւ, աղ­ջիկս, իսկ ի՞նչ ճա­շե­ցիք այ­սօր:
– Հա­ւու տո­շով փլաւ եւ սուփ…:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ - ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան