­altԱ­մէն ինչ իր ժա­մա­նա­կին կա­տա­րե­լու ի­մաս­տու­թիւ­նը միշտ գնա­հա­տուած է, սա­կայն մար­դիկ միշտ ու­շա­ցու­մի թե­րու­թեամբ յան­ցա­ւոր նկա­տո­ւած են: Ժա­մա­նա­կը չէ՛ ան­շուշտ յան­ցա­ւո­րը, այլ մար­դիկ ի­րենք, ո­րով­հե­տեւ յա­ւի­տե­նա­կան ժա­մա­նա­կը Աս­տո­ւած վստա­հած է ու յանձ­նած բա­նա­կա­նու­թեան տէր մար­դուն, որ­պէս­զի իր

կեան­քին հա­մա­պա­տաս­խան՝ տնօ­րի­նէ զայն ու օգ­տո­ւի ա­նոր ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն:

Ու­շա­ցու­մը ընդ­հան­րա­պէս ա­նա­խոր­ժու­թիւն պատ­ճա­ռող ե­րե­ւոյթ է, նոյ­նիսկ ե­թէ այդ ու­շաց­ման պատ­ճա­ռով կան­խո­ւած են եր­բեմն դժբախ­տու­թիւն­ներ: Ու­շաց­ման վրայ ա­ռա­ջին ակ­նար­կով, դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն չենք ստա­նար: Սա­կայն երբ այդ ու­շաց­ման հե­տե­ւան­քով ստոյգ դժբախ­տու­թիւն մը բախ­տով հե­ռա­նայ մեզ­մէ, այն ա­տեն ա­կա­մայ կը գնա­հա­տենք ու­շա­ցու­մը, որ ըս­տին­քեան ժխտա­կան ե­րե­ւոյթ է:

Ժա­մադ­րու­թիւն յար­գե­լու ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը ու­նե­ցող­ներ գո­վեստ­նե­րու կ­՛ար­ժա­նա­նան: Եր­բեմն ազ­գա­յին նկա­րա­գի­րի բնոյթ կը տրո­ւի այս ե­րե­ւոյ­թին: Օ­րի­նակ, կ­՛ը­սեն, թէ այ­սինչ ազ­գի զա­ւակ­ներ սո­վո­րու­թիւն ու­նին բնա՛ւ չու­շա­նա­լու ի­րենց ժա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն, այլ՝ պար­տա­ճա­նաչ կ­՛ըլ­լան ը­սո­ւած ժա­մէն ալ ա­ւե­լի կա­նուխ հաս­նե­լու ո­րո­շո­ւած վայ­րը ու այն­տեղ կը սպա­սեն: Մեր ազ­գի պա­րա­գա­յին, դժբախ­տա­բար, մեր իսկ կող­մէ տրո­ւած վկա­յու­թիւ­նը այն է, թէ մենք միշտ կ­՛ու­շա­նանք մեր ժա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն, ընդ­հան­րա­պէս ո­րոշուած վայ­րը հաս­նե­լով ո­րո­շո­ւած ժա­մէն բա­ւա­կան ուշ: Սա ընդ­հան­րա­ցո­ւած տե­սա­կէտ է ան­շուշտ, եւ բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րը բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­կա­նող մար­դոց պա­րա­գա­յին ալ յար­գե­լի են:

Ու­շա­ցում­նե­րը հիմ­նա­ւո­րո­ւած պէտք է ըլ­լան բա­նա­ւոր պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րով: Այս­տեղ «բա­նա­ւոր» բա­ռը իր ստու­գա­բա­նա­կան ի­մաս­տէն ան­կախ, «հիմ­նա­ւոր» նշա­նա­կու­թիւն ու­նի:

Ընդ­հան­րա­պէս, երբ ու­շա­նանք մեր ժա­մադ­րու­թեան, ա­մէ­նէն սո­վո­րա­կան դար­ձած եր­թե­ւե­կու­թեան խճո­ղու­մի պատ­ճա­ռա­բա­նու­թե­նէն սկսեալ մին­չեւ եր­բեմն ե­րե­ւա­կա­յա­կան եւ ա­ւե­լի՛ «ծան­րակ­շիռ» պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­ներ կու տանք, պար­զա­պէս ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար մեր ու­շա­ցու­մը:

Սու­տը, ան­շուշտ, բռնազ­բօս պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեան ա­մէ­նէն «հա­րա­զատ» ու «մտե­րիմ» ըն­կերն է, որ բուր­գի նման կը սկսի կա­ռու­ցո­ւե­լու պատ­ճա­ռա­բա­նող մար­դուն լե­զո­ւին վրայ, հա­ւա­տաց­նե­լու հա­մար այն ան­ձին, որ գու­ցէ մէկ ժամ ի­րեն սպա­սած է ո­րո­շո­ւած վայ­րը: Սու­տին բուր­գը շուտ փուլ կու գայ, սա­կայն: Այդ ան­հիմն կա­ռոյ­ցը փուլ բե­րող մուր­ճը, սուտ խօ­սող մար­դու սե­փա­կան աչ­քե­րու ոսպ­նեա­կին մէ­ջէն կ­՛ար­տա­ցո­լայ: Ինչ­քան ալ «տագ­նապ»ով ի­րա­րու ե­տե­ւէ շա­րէ ու հասց­նէ իր ու­շաց­ման պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րը, սուտ խօ­սո­ղը չի՛ կրնար թաքց­նել իր աչ­քե­րէն հո­սող անվս­տա­հու­թիւ­նը, որ մուր­ճի հա­րո­ւած­նե­րու նման ծան­րօ­րէն կը բա­խո­ւի իր իսկ կա­ռու­ցած սու­տի բուր­գին ու փուլ կը բե­րէ զայն:

Ու­շա­ցում­նե­րը միայն ան­հա­տա­կան մա­կար­դա­կի վրայ չեն ըլ­լար: Ազ­գեր, պե­տու­թիւն­ներ եւ կրօն­ներ նաեւ ու­շա­ցու­մի թե­րու­թեամբ կը մե­ղադ­րո­ւին: Ազ­գա­յին ո­րո­շում­ներ քա­ղա­քա­կան դիր­քո­րո­շում­ներ, կամ կրօ­նա­կան հա­յեացք­ներ եւս ճի՛շդ ժա­մա­նա­կին պէտք է կա­տա­րո­ւին, կան­խե­լու հա­մար մարդ­կու­թեան կեան­քին մէջ ի յայտ ե­կող բազ­մա­թիւ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ:

Վեր­ջա­պէս այն պատասխա-նատուութիւ­նը, զոր ստանձ­նած են վե­րո­յի­շեալ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը, պէտք է միշտ զգօն պա­հէ զի­րենք, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ հա­զա­րա­ւոր­նե­րու հո­գե­կան եւ ֆի­զի­քա­կան ա­պա­հո­վու­թիւ­նը ի­րենց ա­ռած ո­րո­շում­նե­րէն կա­խեալ է մեծ մա­սամբ:

Կ­րօն­նե­րուն ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կամ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը միայն հո­գե­ւոր ո­լոր­տին մէջ ծա­ռա­յե­լը չէ՛, ինչ­պէս յա­ճախ կը բնո­րո­շո­ւին ա­նոնք, կամ գէթ այդ տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը թո­ղուն ի­րենց մա­սին մտա­ծող­նե­րուն վրայ: Յատ­կա­պէս քրիս­տո­նէա­կան կրօն­քին հե­տե­ւորդ­նե­րու պար­տա­ւո­րու­թեանց մէջ մար­դա­սի­րա­կան բա­ժի­նը շատ շեշ­տուած է: Ք­րիս­տո­նէու­թեան հիմ­նա­դի­րին՝ Յի­սու­սին վար­դա­պե­տու­թիւ­նը ա­ւե­լի՛ շօ­շա­փե­լի դար­ձաւ Իր ունկն­դիր­նե­րուն ու հե­տե­ւորդ­նե­րուն, երբ Ան գործ­նա­կան մօ­տե­ցու­մով, մար­դա­սի­րա­կան ու ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով հիմ­նա­ւո­րեց Իր պա­տո­ւէր­նե­րը, ա­նոնց ա­ռա­ջին գոր­ծադ­րո­ղը ան­ձամբ Ի՛նք ըլ­լա­լով: Ուս­տի՝ յա­ճախ զԻնք շրջա­պա­տող մար­դոց ֆի­զի­քա­կան ա­ռող­ջու­թեան եւս բժիշ­կը հան­դի­սա­նա­լով, Յի­սուս զայն միա­ցուց հո­գե­ւոր բժիշ­կի Իր դե­րա­կա­տա­րու­թեան, հո­գի եւ մար­մին ամ­բող­ջա­կան միու­թեան ու ա­ռող­ջու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը գե­րա­զան­ցօ­րէն ընդգ­ծե­լով:

Մար­դա­սի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռա­ջին ու գլխա­ւոր կէ­տը ի­րա­րու հա­մար ա­ղօ­թե­լու նո­ւի­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնն է: Սա ո՛չ միայն նոյն կրօն­քին պատ­կա­նող­նե­րուն հա­մար կա­րե­ւոր պա­տո­ւէր է յատ­կա­պէս ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն, այլ՝ նաեւ տար­բեր կրօն­նե­րու հե­տե­ւորդ­նե­րուն մի­ջեւ հո­գե­կան ա­նե­րե­ւոյթ կա­պի զգա­լի ար­տա­յայ­տու­թիւն կը դառ­նայ: Ն­ման ձեռ­նարկ ան­կաս­կած կրնայ նո­ւա­զեց­նել աշ­խար­հի մէջ տի­րա­պե­տող դար­ձած ա­տե­լու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս տար­բեր կրօն­նե­րու հե­տե­ւորդ­նե­րուն մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հա­ւա­տա­լիք­նե­րու զա­նա­զա­նու­թե­նէն պատ­ճա­ռո­ւող: Երբ սո­վո­րու­թիւն դարձնես ա­ղօ­թել հա­ւատ­քիդ չպատ­կա­նող մար­դուն հա­մար, նոյ­նիսկ ա­նոր՝ զոր չես ճանչ­նար անձ­նա­պէս, այդ պա­հուն սիր­տիդ խո­րը ի­տէալ սէրն է որ ծնունդ կ­՛առ­նէ: Սէր, ո­րուն մա­սին շա՜տ քա­րոզ­ներ լսած ես ան­ցեա­լին եւ կը լսես գրե­թէ ա­մէն օր, գրե­թէ ա­մէն տեղ եւ գրե­թէ ա­մէն մար­դու շրթնե­րէն: Սէր, որ ա­ռանց ճանչ­նա­լու իր ա­ռար­կան, կը սի­րէ զայն, այն­պէս ինչ­պէս կրօն­նե­րու հե­տե­ւորդ­ներ ա­ռանց տե­սած ըլ­լա­լու ի­րենց Աս­տո­ւա­ծը, զԱյն հո­գե­ւին սի­րել կը դա­ւա­նին հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն եւ եր­բեմն այն­քան ինք­նավս­տա­հու­թիւն բու­րե­լով ի­րենց չորս դին:

Մա­հաս­փիւռ ժա­մա­նակ­նե­րու ա­մէ­նէն դրա­կան քայ­լը աշ­խար­հի կող­մէ միա­հա­մուռ կե­ցո­ւած­քի որ­դեգ­րումն է՝ ա­տե­լու­թիւ­նը ա­տե­լու եւ Սէ­րը սի­րե­լու… Սա­կայն աշ­խար­հը ու­շա­ցաւ այս կա­րե­ւոր պա­տո­ւէ­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու գործ­նա­կան քայ­լեր առ­նե­լու վճռա­կան իր ո­րոշ­ման մէջ եւ պատ­ճառ դար­ձաւ ան­մեղ մար­դոց սպան­դին: Աշ­խար­հի ու­շա­նա­լուն գի­նը ան­մեղ կեան­քեր վճա­րե­ցին ու դեռ պի­տի վճա­րեն տար­բեր եր­կիր­նե­րու եւ քա­ղաք­նե­րու մէջ, ձիւ­նագն­դա­կի նման ա­ճող ան­հան­դուր­ժո­ղու­թեան հե­տե­ւան­քով:

Աշ­խար­հը ու­շա­ցաւ կրօ­նա­բա­րո­յա­կան իր դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րը ա­րա­գաց­նե­լու «կրթա­կան» կա­րե­ւոր հա­մա­կար­գը կազ­մե­լուն մէջ ու ա­ռա­ւե­լա­բար զբա­ղե­ցաւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րու հաս­տա­տու­մով՝ մե­կու­սաց­նե­լով կրօն­քին այն­քան կեն­սա­կան լծա­կը:

Քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան մէջ տես­նե­լով մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց անհ­րա­ժեշտ բո­լոր տար­րե­րը, կրօն­քի ու­սու­ցում­նե­րը ար­դէն իսկ նե­րա­ռո­ւած հա­մա­րեց իր ստեղ­ծած ժո­ղովըր­դա­վա­րու­թեան հա­մա­կար­գին մէջ:

Սա­կայն, մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը փոր­ձա­ռա­բար տե­սաւ, թէ՝ կրօ­նա­կան ու­սու­ցում­նե­րը ան­ջա­տե­լուն հե­տե­ւան­քով մեծ վտանգ­ներ կը դի­մագ­րա­ւէ աշ­խար­հը: Իսկ իր այս ու­շա­ցու­մը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար, աշ­խար­հը զայ­րոյ­թով լե­ցո­ւած, ա­նար­դա­րու­թեան զոհ հա­մա­րե­լով իր այն­քան ժո­ղովր­դա­վար մտա­ծե­լա­կեր­պը, որ­դեգ­րեց այլ տար­բե­րակ, որ «ա­րիւ­նով ա­րիւն լո­ւալ»ու այ­լընտ­րանքն է:

Աշ­խարհ չի՛ կրնար ու­րա­նալ իր ու­շա­ցած ըլ­լա­լը: Ա­նոր զայ­րոյ­թը ա­նի­մաստ է, վա­խը ան­տե­ղի, ո­րով­հե­տեւ տհաճ բո­լոր ե­րե­ւոյթ­նե­րուն պատ­ճառ­նե­րը բա­ցա­յայ­տո­ւած կ­՛ըլ­լա­յին, ե­թէ ան ու­շա­ցած չըլ­լա­ր…

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ