Թուր­քիոյ ցե­ղաս­պան իշ­խա­նու­թիւ­նը ձա­խո­ղե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դը ոչն­չաց­նե­լու իր դի­ւա­յին ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լուն մէջ: Ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­զա­րա­ւոր շուրթ­նե­րէ հնչած այս կար­գա­խօ­սը հա­ւա­սա­րա­զօր է «­Մենք յաղ­թե­ցինք» յայ­տա­րա­րու­թեան, որ ա­մէ­նէն ճիշդ կեր­պով ար­տա­յայ­տեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րէն ճա­ռա­գայ­թող ո­գին:

3 ­Յու­նո­ւար 2016ի ա­ռա­ւօ­տուն, Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, ըն­թեր­ցո­ւե­ցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի 2016 թո­ւա­կա­նը «­Ծա­ռա­յու­թեան ­Տա­րի» հռչա­կող պատ­գա­մը: Ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ­Հայ­րա­պե­տա­կան այս պատ­գա­մը ու­ղե­ցոյց պի­տի ծա­ռա­յէ՝ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու ծա­ռա­յու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մեր

Բա­նը մար­մին ե­ղաւ ու մեր մէջ բնա­կե­ցաւ (եւ ա­նոր փառ­քը տե­սանք՝ Հօր­մէն միած­նի փառ­քին պէս) շնորհ­քով ու ճըշ­մար­տու­թիւ­նով լե­ցուն։ Ա­ւե­տա­րան ըստ Յով­հան­նու 1.14

Արդ՝ ե­թէ Ք­րիս­տո­սով մխի­թա­րու­թիւն մը կայ, ե­թէ սի­րոյ սփո­փանք մը, ե­թէ Հո­գիի հա­ղոր­դու­թիւն մը, ե­թէ գթու­թիւն ու ո­ղոր­մու­թիւն մը, իմ ու­րա­խու­թիւնս դո՛ւք լե­ցու­ցէք,

 Նոր ­Տա­րո­ւան եւ ­Մեր ­Տի­րոջ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րուն առ­թած հո­գե­կան ցնծու­թեամբ, սի­րով եւ օրհ­նու­թեամբ կ­՛ող­ջու­նենք մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր զա­ւակ­նե­րը` մաղ­թե­լով, որ 2016 տա­րին իր հետ բե­րէ հա­մայն հա­յու­թեան փա­փաք­նե­րու եւ նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում ու յա­ջո­ղու­թիւն:

­altՏա­րի մը եւս կը բո­լո­րենք, քաղցր ու դառն յու­շե­րու հետ­քե­րով: Խան­դա­ղա­տան­քով ու տագ­նապ­նե­րով ծան­րա­բեռ­նո­ւած օ­րե­րը հեւ ի հեւ սա­հած, սլա­ցած են մեր կեան­քէն: