Տարբեր երկիրներու ղեկավարներ տարիներ շարունակ կաւատութիւն կ՛ընէին՝ փորձելով Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը գրաւել: Անոնք այնքան գովաբանեցին Թուրքիոյ նախագահը, որ ան գլուխը կորսնցուց: Իբրեւ Նոր Օսմանեան Կայսրութեան ինքնակոչ մեծ սուլթան, Էրտողան սկսաւ միջամտելու հարեւան երկիրներու ներքին գործերուն եւ բանտարկելու իր երկրի այն քաղաքացիները,
որոնք կը համարձակէին յայտարարել, թէ սուլթանը մերկ է…
Առաջին ղեկավարը, որ խաբուեցաւ Էրտողանի կողմէ՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն էր, որուն անխոհեմ մեղրամիսը Թուրքիոյ հետ վերածուեցաւ անվերջ մղձաւանջի՝ կործանելով անոր երկիրը:
Յաջորդ պետութեան ղեկավարը, որ Թուրքիոյ բռնակալին հետ նոյն ճանապարհով չգնաց՝ Եգիպտոսի նախագահ Ալ Սիսին էր:
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանեահու դեռ լիարժէք չէ իւրացուցած իր դասը՝ Թուրքիոյ հետ վարելով շփոթ յառաջացնող սիրոյ եւ ատելութեան յարաբերութիւններ:
Էրտողան գրեթէ յաջողեցաւ մոլորեցնելու նաեւ Հայաստանի ղեկավարները՝ հայ-թրքական խաբուսիկ արձանագրութիւններով: Ճակատագիրի հեգնանքով՝ Հայաստանի շահերը պաշտպանեց ոչ այլ ոք, քան Էրտողանի կրտսեր գործընկերը՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ իր յամառ շահադիտական առարկութիւններով, տապալեց գործարքը:
Վլատիմիր Փութին ամենավերջին ղեկավարն էր, որ բացայայտեց Էրտողանի դիւային բնոյթը՝ կորսնցնելէ ետք ռազմական օդանաւն ու երկու ռուս օդաչուները, որոնք յարձակման ենթարկուեցան թուրքերու կողմէ, Թուրքիոյ օդային տարածքը 17 երկվայրկեանով հատած ըլլալու պատրուակով…
Այս ողբերգական միջադէպէն անմիջապէս ետք, Ռուսիոյ կառավարութիւնը ձեռնարկեց շարք մը հակադարձ միջոցներու, որոնք կրնան կործանարար ազդեցութիւն ունենալ Թուրքիոյ տնտեսութեան վրայ.
- Արգիլուեցաւ թրքական ապրանքներու ներածումը: Առեւտուրի ծաւալը երկիրներուն միջեւ վիթխարի էր. ան կը կազմէ տարեկան 33 միլիառ տոլար, ուստի Ռուսիան Թուրքիոյ երկրորդ մեծագոյն առեւտրական գործընկերն է։
- Արգիլուեցաւ թուրք գործարարներու մուտքը Ռուսիա: Անցեալ շաբաթ անոնցմէ վաթսունը Մոսկուա ժամանելուն պէս ձերբակալեցին եւ ետ ուղարկեցին Թուրքիա:
- Դադրեցուեցաւ առանց վիզայի Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մուտքը Ռուսիա, 1 Յունուար 2016էն սկսեալ։
- Արգիլուեցաւ նոր թուրք աշխատողներ վարձելը (ներկայիս 200 հազար թուրք իրենց ընտանիքներով կ՛ապրին Ռուսիոյ մէջ) եւ չեղեալ համարուեցան բազմամիլիառանոց շինարարական պայմանագիրները թրքական ընկերութիւններու հետ։
- Հրահանգուեցաւ ռուսական ճամբորդական գործակալութիւններուն զբօսաշրջիկներ չուղարկել Թուրքիա՝ այդ երկիրը զրկելով միլիառաւոր տոլարներու եկամուտէ: Միայն անցեալ տարի 4,5 միլիոն ռուս այցելած է Թուրքիա, ուստի Ռուսիան՝ Թուրքիոյ երկրորդ մեծագոյն աղբիւրն է օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու թիւով։
- Աւելի բարձր մաքսատուրքեր սահմանուեցան Թուրքիայէն ներմուծուող եւ դէպի Թուրքիա արտահանուող ապրանքներու վրայ։
- Քննարկման փուլին է երեք մեծ ծրագիրներ չեղեալ համարելու գործընթացը.-
1.- Բնական կազի վաճառքը Թուրքիային. Ռուսիան կը բաւարարէ այդ երկիրի կարիքներուն կէսէն աւելին։
2.- Թուրքիոյ աւելի քան 22 միլիառ տոլար արժողութեամբ առաջին հիւլէակայանի կառուցումը։
3.- Ռուսիայէն դէպի Թուրքիա երկարող միլիառաւոր տոլարներու արժողութեամբ կազատարի կառուցումը:
Նախագահ Փութինի կողմէ նաեւ շարք մը ռազմական քայրեր ձեռնարկուեցան ռուսական օդանաւի պատահարին առնչութեամբ՝
- Ընդլայնուեցաւ ռուսական ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ՝ ցամաք, օդ եւ Միջերկրականի ծովափ։
- Ռմբակոծուեցան թրքամէտ ահաբեկչական խումբերը այն տարածքին մէջ, ուր ինկած էր ռուսական օդանաւը եւ սպաննուած էին երկու ռուս օդաչուները։
- Ոչնչացուեցան հարիւրաւոր թրքական բեռնատարներ, որոնց մէկ մասը զէնք կը տեղափոխէր Սուրիոյ ապստամբներուն, իսկ միւսները մաքսանենգ ճանապարհով - ՏԱՀԷՇէն գնելով - քարիւղ կը բերէին դէպի Թուրքիա:
Ռուսիան մօտ ապագային կրնայ առաւել ռազմական միջոցներու ձեռնարկել Թուրքիոյ դէմ.
- Զինել քիւրտ զինեալները Իրաքի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ։
- Հարուածել Սուրիոյ կամ Հայաստանի օդային տարածքները հատած թրքական օդանաւերը եւ ուղղաթիռները՝ նկատի առնելով նախապէս տեղի ունեցած նման խախտումները:
Իսկ դիւանագիտական ճակատի վրայ՝
- Անցալ շաբաթ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով չեղեալ յայտարարեց իր նախապէս ծրագրուած այցը Թուրքիա։
- Փութին հրաժարեցաւ Էրտողանի հետ հեռաձայնային զրոյցէն եւ մերժեց անոր հետ հանդիպման խնդրանքը՝ Փարիզի մէջ իրենց այցելութեան ընթացքին։
- Ռուսիոյ նախագահը չեղեալ յայտարարեց իր ծրագրած հանդիպումը Էրտողանի հետ Ս. Պեթերսպուրկի մէջ, Դեկտեմբեր 15ին կայանալիք գագաթնաժողովին։
- Ռուսիոյ Դումային մէջ քննարկման ներկայացուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը, որով կը նախատեսուի 300-500 հազար ռուպլիի չափով տուգանք կամ երեքէն հինգ տարի ժամկէտով բանտարկութիւն.
– Որոշ ռուս քաղաքագէտներ նոյնիսկ կոչ ըրին ազատագրելու Արեւմտեան Հայաստանը թրքական բռնագրաւումէն եւ հաստատելու ազատ Քիւրտիստան՝ Տիգրանակերտ (Տիարպեքիր) մայրաքաղաքով…
Կը թուի, որ նախագահ Փութին հեշտօրէն չի նահանջեր՝ ռուսական օդանաւին վրայ թրքական դաւաճանական յարձակումէն ետք: Ան պարտաւոր է աշխարհին ցոյց տալու, որ երբեք թոյլ չի տար որեւէ մէկը անպատիժ յարձակի ռուսերու վրայ: Փութին թրքական գործողութիւնը բնութագրեց իբրեւ «հարուած թիկունքէն՝ ահաբեկիչներու մեղսակիցներու կողմէ» եւ խստօրէն զգուշացուց՝ «լուրջ հետեւանքներու մասին»:
Վերջապէս, այս անգամ մեծ պատառը մնաց Էրտողանի կոկորդին...
Ան յիմարաբար առճակատման գնաց հիւլէական տէրութեան ղեկավարին հետ, որ վճռականօրէն տրամադրուած է լաւ դաս մը տալու ամբարտաւան թուրք նախագահին, որ դեռ երկար պիտի մնայ իր յիշողութեան մէջ:
Եթէ իսկապէս Էրտողան յոյսեր կը փայփայէ, որ ՆԱԹՕն պիտի պաշտպանէ իր արկածախնդրութիւնը, ապա չարաչար կը սխալի: Ան չի կրնար ռուսական ռազմական օդանաւին հրթիռակոծումը խեղաթիւրուած ներկայացնել՝ իբրեւ յարձակում Թուրքիոյ վրայ, իսկ այնուհետեւ թաքնուիլ ՆԱԹՕի փէշի տակ…
Ցաւօք, Թուրքիա լուրջ գլխացաւանք դարձած է ՆԱԹՕի համար: Թուրքիոյ նախագահի անպատասխանատու պահուածքը՝ տարածքային թեթեւակի խախտման առիթով, կը սպառնայ ՆԱԹՕի բոլոր անդամները ներգրաւելու աւելի մեծ հակամարտութեան մէջ:
ՆԱԹՕն պէտք է լրջօրէն մտածէ, թէ որքա՞ն խոհեմ է անդամակացութիւնը ահաբեկչական երկրի մը, որ կրնայ դարձեալ լուրջ միջազգային միջադէպ հրահրել՝ յղի հեռուներ գացող հետեւանքներով, ամբողջ աշխարհին համար...
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր»