- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Շուրջ Շաբաթ մը առաջ, Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ, հանդիպեցայ հայաստանցի ընկերոջս՝ Գարիկին։ Ինքն ալ, ինծի նման, Պէյրութ կ՛երթար՝ անձնական կիսաւարտ գործեր կարգի բերելու նպատակով։ Մինչ կը սպասէինք մեկնումի ազդանշանին, հալէպցի ծանօթ զոյգ մը՝ Գօգոն եւ իր կինը, եկան եւ տեղաւորուեցան մեր մօտ։
Բարեւելէ եւ առողջութեան ու ընտանիքի մասին փոխադարձ հարցուփորձէ ետք, սկսանք խօսելու Սուրիոյ եւ Հայաստան ժամանած սուրիահայ փախստականներուն մասին։
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Ո՞վ չի սիրեր երազել կամ ո՞վ չ՚ուզեր երազել։
Երազը մարդու մօտ երկու պարագաներու մէջ կը յայտնուի. քուն կամ արթուն։ Քուն վիճակի մէջ երազի մասին կարելի չէ բան մը ըսել։ Ի՞նչ կը տեսնենք, որո՞ւ կը տեսնենք՝ չենք գիտեր։ Այդ մէկը մարդու կամքէն դուրս է։ Հոգեբանները կամ բժիշկները այդ մասին իրենց ենթադրութիւնները արդէն յայտնած են։ Բայց արթուն վիճակի երազը մարդէն կախեալ է։
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Նախորդ շաբթուան յօդուածով տեղեկացուցած էի, որ Թալէաթ փաշան` Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչը, 1921 թուականին բրիտանացի հետախոյզ Օպրի Հերպըրթին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, ըսած էր, որ «յուշագիր գրած էր հայոց կոտորածներուն մասին»:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Հայաստանում գոյութիւն ունի երկու իրականութիւն: Մէկը այն կեանքն է, որով ապրում է երկիրը եւ միւսն այն վիրտուալ իրականութիւնն է, զոր ամէն օր ստեղծում են այս նոյն երկրում գործող լրատուամիջոցները: Իսկ լրատուամիջոցները, ինչպէս յայտնի է, այսօր արդէն առհասարակ շատ աւելի ընդգրկուն ցանց են ներկայացնում, ի դէմս ոչ միայն էլեկտրոնային լրատուամիջոցների, այլեւ նոյն էլեկտրոնային լրատուամիջոցների շարքերը ոչ-պաշտօնապէս hամալրող զանազան սոցիալական ցանցերի:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Կեանքը աւելի կը կապկէ արուեստը, քան արուեստը՝ կեանքը
Օսկար Ուայլտ
Արուե՞ստը. գեղանկարչութիւն, երաժշտութիւն, երգ, պար, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն, թատրոն: Զանոնք ազատագրել ի՞նչ բաներէ. շահադիտութենէ, կողմնակալութենէ, քարոզչութենէ, քաղքենիի դատարկ բանգիտութեան ճնշումէ, գայթակղութեան եւ մակերեսայնութեան հրապարակային տիղմէ, արուեստի խանութպանութենէ: