altՈ՞վ չի սի­րեր ե­րա­զել կամ ո՞վ չ­՚ու­զեր ե­րա­զել։
Ե­րա­զը մար­դու մօտ եր­կու պա­րա­գա­նե­րու մէջ կը յայտ­նո­ւի. քուն կամ ար­թուն։ Քուն վի­ճա­կի մէջ ե­րա­զի մա­սին կա­րե­լի չէ բան մը ը­սել։ Ի՞նչ կը տես­նենք, ո­րո՞ւ կը տես­նենք՝ չենք գի­տեր։ Այդ մէ­կը մար­դու կամ­քէն դուրս է։ Հո­գե­բան­նե­րը կամ բժիշկ­նե­րը այդ մա­սին ի­րենց են­թադ­րու­թիւն­նե­րը ար­դէն յայտ­նած են։ Բայց ար­թուն վի­ճա­կի ե­րա­զը մար­դէն կա­խեալ է։

 

Ար­թուն վի­ճա­կի մէջ ե­րա­զը այս­պէս կո­չո­ւած մար­դու ձեռքն է։ Մարդ ո­րե­ւէ մէկ պա­հու կրնայ իր փա­փա­քած դէմ­քերն ու նիւ­թե­րը ընտ­րել ու ե­րա­զել։ Ար­թուն ե­րա­զը մար­դու ներ­քին շատ զօ­րա­ւոր ապ­րու­մին ու ձգտու­մին ար­դիւնքն է, որ ընդ­հան­րա­պէս մօ­տիկ կամ հե­ռա­ւոր ա­պա­գա­յի լաւ նպա­տակ­ներ կը հե­տապն­դէ։

Միւս կող­մէ՝ կա­րե­լի չէ ե­րազ կո­չել գէշ միտք ու նպա­տակ հե­տապն­դող պա­րա­գան։ Ան մտա­ծու­մի սահ­ման­նե­րուն մէջ կը մնայ։ Ի­մաս­տուն մարդ մը ը­սած է.- «Այն, ինչ որ չես կրնար ի­րա­գոր­ծել, գո­նէ ե­րա­զէ»։ Իսկ ու­րիշ մըն ալ ը­սած է.- «­Յա­ջո­ղե­լու հա­մար հե­տե­ւիր քու ե­րազ­նե­րուդ»։ Ճիշդ է, որ ան ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն է, բայց կրնայ սկիզ­բը ըլ­լալ ի­րա­կա­նու­թեան։ Մէ­կը կ­’ե­րա­զէ ըլ­լալ նշա­նա­ւոր ճար­տա­րա­գէտ։ Միւ­սը կ­’ե­րա­զէ ըլ­լալ հան­ճա­րեղ գիտ­նա­կան։ Միւ­սը՝ քա­ղա­քա­կան յայտ­նի դէմք։ Ու­րիշ մը՝ մե­ծա­հա­րուստ։ Ու­րիշ մը՝ ա­նո­ւա­նի բժիշկ։ Մէ­կը՝ աշ­խար­հահռ­չակ մար­զիկ։ Տ­ղան կ­’ե­րա­զէ պսա­կո­ւիլ իր սի­րա­հար աղջ­կան հետ։ Աղ­ջիկն ալ՝ տղուն հետ ե­ւայլն։ Ե­թէ ու­շա­դիր հե­տե­ւինք, կը տես­նենք թէ բո­լորն ալ կա­րե­ւոր նպա­տակ­ներ են, ո­րոնք մար­դէն մեծ ճիգ ու աշ­խա­տանք կը պա­հան­ջեն, ե­րե­ւա­կա­յու­թե­նէն ի­րա­կա­նու­թիւն դառ­նա­լու հա­մար, ե­րա­զէն իս­կու­թիւն ըլ­լա­լու հա­մար։

Ինչ­պէս խո­րունկ քու­նի մէջ ե­րա­զը, այդ­պէս ալ ար­թուն ե­րա­զը մար­դուն տար­բեր աշ­խարհ կը տա­նի։ Աշ­խարհ մը, ուր իր սի­րած ան­ձե­րուն հետ կը գտնո­ւի։ Աշ­խարհ մը, ուր իր ու­զա­ծը կամ փա­փա­քա­ծը կը կա­տա­րէ։ Աշ­խարհ մը գե­ղե­ցիկ պատ­կե­րով, քաղցր ապ­րում­նե­րով եւ հա­ճո­յա­կան զգա­ցում­նե­րով։ Աշ­խարհ մը ե­րե­ւա­կա­յա­կան, ո­րու մէջ սա­կայն մար­դու ձգտու­մի ու­ժը ի­րա­կա­նու­թեան դու­ռը կը բա­նայ։ Հա­կա­ռակ քիչ ժա­մա­նա­կի տե­ւո­ղու­թեան, այդ ե­րա­զը մար­դուն հո­գե­կա­նը լիո­վին կը բա­րե­փո­խէ եւ շատ ան­գամ մար­դը չ­՚ու­զեր այդ աշ­խար­հէն դուրս գալ ու վե­րա­դառ­նալ այս աշ­խար­հը։

Ե­րա­զա­յին աշ­խար­հը եւ այս աշ­խար­հը ի­րա­րու հետ կապ ու­նին։ Մէ­կը միւ­սին մէջ կը գտնո­ւի։ Այս աշ­խար­հի բա­րի դէմ­քերն են, ո­րոնք կը տես­նո­ւին նաեւ հոն։ Այս աշ­խար­հի լաւ դէպ­քերն են, ո­րոնք կը պա­տա­հին նաեւ հոն։ Այս­տե­ղի ծրա­գիր­ներն ու փա­փաք­ներն են, ո­րոնք կը մտա­ծո­ւին ու կ­’ի­րա­կա­նա­նան հոն, գէթ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս։ Հա­կա­ռակ եր­կու­քը ի­րա­րու մէջ ըլ­լա­լուն, ե­րա­զա­յի­նը տար­բեր է այս աշ­խար­հէն, շատ տար­բեր ու շատ լաւ։ Այն աս­տի­ճան՝ որ մարդ չ­՚ու­զեր ե­րա­զը ա­րա­գօ­րէն իր ա­ւար­տին հաս­նի։ Չ­՚ու­զեր վե­րա­դառ­նալ այն­տե­ղէն, այլ մնալ հոն՝ եր­կար ժա­մա­նակ։ Բայց ին­չո՞ւ շատ լաւ է այդ աշ­խար­հը։

Ա­ռա­ջին իսկ ակ­նար­կով՝ կը տես­նենք յստա­կօ­րէն այս աշ­խար­հի պղտոր պատ­կե­րը։ Իսկ պղտո­րու­թիւ­նը ինք­նա­բե­րա­բար ա­նա­խորժ եւ մտա­հո­գիչ կա­ցու­թիւն մը կը յա­ռա­ջաց­նէ։

Սկ­սինք կլի­մա­յա­կան բա­ժի­նէն։ Կը լսենք բազ­միցս, թէ աշ­խար­հի կլի­ման մեծ փո­փո­խու­թեան են­թար­կո­ւած է։ Սա­ռոյ­ցը հետզ­հե­տէ կը հա­լի, ծո­վու մա­կե­րե­սը կը բարձ­րա­նայ, ինչ­պէս նաեւ ջեր­մաս­տի­ճա­նը։ Պա­տե­րազմ­նե­րու ու գոր­ծա­րան­նե­րու տե­սա­կա­ւոր ծու­խե­րուն պատ­ճա­ռով՝ մթնո­լոր­տը ա­ւե­լի կ­’ա­պա­կա­նի։ Հի­ւան­դու­թեանց տե­սակ­ներն ու հի­ւանդ­նե­րու թի­ւը կը բազ­մա­նան։ Այս պա­րա­գան մտա­հո­գած է աշ­խար­հի բնակ­չու­թիւ­նը եւ ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար, քա­նիցս կը կազ­մա­կեր­պո­ւին մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մար­ներ, բայց գրե­թէ ա­պար­դիւն։

Քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ աշ­խարհն ամ­բողջ տակ­նուվ­րայ է։ Ժո­ղո­վուրդ­ներ դժգոհ են ի­րենց պե­տու­թիւն­նե­րէն։ Պե­տու­թիւն­ներ դժգոհ են ի­րենց դրա­ցի եր­կիր­նե­րէն։ Եր­կիր­ներ թշնա­մա­ցած են ի­րա­րու հետ։ Տեղ մը տնտե­սա­կան տագ­նապ, ու­րիշ տեղ մը քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազմ, այլ շրջան մը կրօն­նե­րու պա­տե­րազմ, ու­րիշ շրջան մը սով։ Քա­րիւ­ղի, ոս­կիի եւ զէն­քի վա­ճա­ռա­կա­նու­թիւ­նը դար­ձած է մե­ծե­րու հիմ­նա­կան նպա­տա­կը։ Եւ այդ վատ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ մա­հա­ցած են, մի­լիո­նա­ւոր մար­դիկ ա­նօ­թի ու գաղ­թա­կան դար­ձած եւ մի­լիո­նով ալ ե­րե­խա­ներ որբ մնա­ցած։ Եւ այս ցա­ւա­լի կա­ցու­թիւ­նը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կո­ւի։

Նոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ծի­րէն ներս պե­տա­կան, միու­թե­նա­կան ու այլ կա­ռոյց­նե­րու մէջ պա­տաս­խա­նա­տու ա­թոռ մը բռնագ­րա­ւե­լու քա­ղա­քա­կան ընտ­րար­շա­ւը այ­լեւս վե­րա­ծուած է սե­փա­կան ճա­կա­տա­մար­տի։ Միւս կող­մէ «­Մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք» կո­չո­ւա­ծը, որ մի­ջազ­գա­յին պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չում ու­նի, պա­հե­լով լոկ իր ա­նու­նը, դար­ձած է շա­հի ի­րա­ւունք։

Ո՛ւր շահ կայ՝ հոն մարդ­կա­յին զգա­ցում չկայ։ Բայց ո­րո՞ւ հո­գը։ Ա՛յս է աշ­խար­հը։

Ըն­կե­րա­յին գետ­նի վրայ՝ այլ տակ­նուվ­րա­յու­թիւն։ Եր­կու ան­ձե­րու մի­ջեւ այ­լեւս գո­յու­թիւն չու­նին սէրն ու վստա­հու­թիւ­նը։ Մինչ­դեռ այդ եր­կու մարդ­կա­յին ար­ժա­նիք­նե­րը հիմ­քը կը կազ­մեն կեան­քին ու ա­նոր յա­ջող ըն­թաց­քին։

Չ­կայ սէր ու վստա­հու­թիւն. կը նշա­նա­կէ՝ չկայ յար­գանք, ա­պա­հով գոր­ծակ­ցու­թիւն, ան­կեղծ ըն­կե­րու­թիւն։ Այ­սօր դժո­ւար, թէ գտնո­ւին մար­դիկ, ո­րոնք ու­նին ան­կեղծ բա­րե­կամ­ներ։ Երբ մար­դու ար­ժա­նի­քը ար­ժեզր­կո­ւի կեան­քի հիմ­քը կը խախ­տի եւ յա­ջոր­դա­բար ըն­կե­րու­թիւ­նը, ըն­տա­նի­քը, միու­թիւ­նը, կա­ռոյ­ցը, հաս­տա­տու­թիւ­նը կը կոր­ծա­նին։

Մար­դոց մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւն­նե­րը շատ­ցած են ու ա­նոնց­մէ գո­յա­ցած բա­ցը ա­ռա­ւել եւս խո­րա­ցած։ Մեծ հե­ռա­ւո­րու­թիւն ա­ռա­ջա­ցած է՝ մին­չեւ իսկ ծնող­քի ու զաւ­կի մի­ջեւ։ Մար­դը մար­դէն կը վախ­նայ ու կը հե­ռա­նայ, ո­րով­հե­տեւ սի­րոյ ու վստա­հու­թեան փո­խա­րէն՝ կեղ­ծիքն ու շա­հը դար­ձած են կեան­քի հիմ­քը։

Բայց ո­րո՞ւ հո­գը։ Ա՛յս է աշ­խար­հը։

Ա­յո՛, կեղ­ծի­քը ե­ղած է մեծ մա­սամբ մար­դոց մտա­ծե­լա­կերպն ու ապ­րե­լա­կեր­պը, իսկ փառ­քը՝ անձ­նա­կան շա­հը։ Ա­մէն մէկ քայլ կամ մտա­ծում հիմ­նուած է կեղ­ծի­քի վրայ, որ­պէս­զի այդ մի­ջո­ցաւ մար­դը բան մը շա­հի եւ կամ բան մը կոր­ծա­նէ։ Ան­ցեա­լին զի­րար ա­նի­ծող մար­դիկ, այ­սօր ի­րա­րու կե­նաց կը խմեն։ Ան­ցեա­լին զի­րար նա­խա­տող մար­դիկ, այ­սօր ի­րա­րու հետ կը գոր­ծակ­ցին։ Մէ­կը գի­տակ­ցա­բար ինք­զինք միւ­սին ձեռ­քի խա­ղա­լի­քը կը դարձ­նէ։ Եւ ա­սոնց նման հա­զա­րա­ւոր կեղծ դէմ­քեր ու շա­հա­բեր դէպ­քեր։ Մէկ աշ­խար­հի մէջ մար­դիկ չեն ու­զեր միաս­նա­բար ապ­րիլ սրտբաց, խա­ղաղ ու եր­ջա­նիկ։

Հե­տե­ւա­բար ո՞րն է լաւ աշ­խար­հը։ Ե­րա­զա­յի՞­նը, թէ՞ այս աշ­խար­հը։

Ան­շո՛ւշտ ե­րա­զա­յի­նը։

Այդ իսկ պատ­ճա­ռով՝ շա­տեր կ­’ու­զեն եր­կար մնալ այդ­տեղ։ Եր­կար մնալ հոն ու ի­րենց նե­րաշ­խար­հը խա­ղա­ղեց­նել՝ աս­դի աշ­խար­հի փո­թո­րի­կէն հե­ռու։ Եր­կար մնալ հոն եւ ապ­րիլ ա­նոր ա­պա­հո­վու­թիւնն ու եր­ջան­կու­թիւ­նը, աս­դի աշ­խար­հի մնա­յուն վտան­գէն ու տխուր ի­րա­վի­ճա­կէն հե­ռու։ Այդ­տեղ ա­մէն ինչ բա­րի է եւ գե­ղե­ցիկ։

Բայց ի վեր­ջոյ, ուշ կամ կա­նուխ, պէտք է վե­րա­դառ­նալ։ Վե­րա­դառ­նալ՝ բայց այդ աշ­խար­հէն բան մը պէտք է բե­րել աս­դին ան­պայ­ման։ Բան մը, որ կրնայ բա­րե­փո­խել այս կա­ցու­թիւ­նը։ Փո­փո­խու­թիւ­նը այ­լեւս անհ­րա­ժեշտ է։ Բե­րել այն­տե­ղէն գե­ղե­ցիկ պատ­կեր­ներ, ո­րոնց­մով թե­րեւս քիչ մը կը գե­ղեց­կա­նայ այս աշ­խար­հի տգեղ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Բե­րել քաղցր պա­հեր, ո­րոնց­մով թե­րեւս քիչ մը գոյն կը ստա­նայ այս­տե­ղի տժգոյն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Ի վեր­ջոյ բե­րել այն յոյ­սը, որ ե­րա­զա­յին աշ­խար­հը կու տայ բո­լո­րին։ Հե­տե­ւա­բար, իւ­րա­քան­չիւր մարդ իր ե­րա­զա­յին աշ­խար­հէն ե­թէ նպա­տակ մը ի­րա­գոր­ծէ, այդ­պի­սով մաս­նա­կից կը դառ­նայ այս աշ­խար­հի վե­րա­շի­նու­թեան, հո­գեմ­տա­ւոր ու բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մին եւ եր­ջա­նիկ կեան­քի վե­րա­կա­ռուց­ման։

ՊԱՐԷՏ ՔԱՀԱՆԱՅ ԽԱՉԵՐԵԱՆ