­altԿեան­քը ա­ւե­լի կը կապ­կէ ա­րո­ւես­տը, քան ա­րո­ւես­տը՝ կեան­քը
Օս­կար Ո­ւայլտ

Ա­րո­ւե՞ս­տը. գե­ղան­կար­չու­թիւն, ե­րաժշ­տու­թիւն, երգ, պար, գրա­կա­նու­թիւն, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն, թատ­րոն: ­Զա­նոնք ա­զա­տագ­րել ի՞նչ բա­նե­րէ. շա­հա­դի­տու­թե­նէ, կողմ­նա­կա­լու­թե­նէ, քա­րոզ­չու­թե­նէ, քաղ­քե­նիի դա­տարկ բան­գի­տու­թեան ճնշու­մէ, գայ­թակ­ղու­թեան եւ մա­կե­րե­սայ­նու­թեան հրա­պա­րա­կա­յին տիղ­մէ, ա­րո­ւես­տի խա­նութ­պա­նու­թե­նէ:

 

Մ­շա­կու­թա­յին զար­գաց­ման փորձ եւ ա­ւան­դու­թիւն ու­նե­ցող ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ մշա­կո­ւած ի­րենց մտա­ւո­րա­կա­նու­թեամբ (լայն ա­ռու­մով), այդ ա­զա­տագ­րու­թիւ­նը կը կա­տա­րեն: Ս­տեղ­ծա­գոր­ծող ա­րո­ւես­տա­գէ­տը կա­խո­ւա­ծու­թիւն չու­նի, քա­նի որ կը հա­ւա­տայ իր գոր­ծին եւ յա­ջո­ղե­լու հա­մար չի կառ­չիր ձե­ւին, զինք շա­հա­գոր­ծող կողմ­նա­պաշտ եւ կողմ­նա­կալ նե­ցու­կի, ան ըլ­լայ ան­հա­տա­կան թէ հա­ւա­քա­կան: Երբ դի­մէ քա­րոզ­չա­կան նե­ցու­կի, կը նշա­նա­կէ, որ ծա­խու կը հա­նէ ինք­զինք:

­Վա­ւե­րա­կան ա­րո­ւես­տա­գէ­տը «ֆան քլէօպ» ստեղ­ծե­լու կա­րիք չու­նի, ե­րե­ւե­լիու­թեան մար­մա­ջով գա­ճաճ ա­րո­ւես­տա­սէր­նե­րով, ապսպ­րե­լով գո­վեր­գան­քի կազ­մա­կեր­պու­թիւն: ­Չեն պակ­սիր մար­դիկ, ո­րոնք ու­րի­շի թե­ւին տակ թաք­նուե­լով՝ կը ձգտին ե­րե­ւե­լիու­թեան, եւ այս ոչ միայն ա­րո­ւես­տի պա­րա­գա­յին, այլ նաեւ հան­րա­յին կեան­քի: Այս­պէս, իւ­րա­քան­չիւր նկար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սէ ետք լոյս տե­սած օ­րա­թեր­թա­յին ա­ւուր պատ­շա­ճի յօ­դո­ւա­ծը, տե­ղե­կա­տո­ւու­թե­նէ ան­դին ե­թէ չանց­նի եւ ար­ժե­ւո­րում չը­նէ, ծա­ռա­յած կըլ­լայ միայն թուղթ մրո­տե­լու: ­Պէտք է խօ­սիլ նաեւ ըն­կե­րա­կան-հա­մակ­րա­կան նե­ցու­կով տա­ղանդ ցու­ցադ­րե­լու մա­սին:

Այ­սինքն ըն­դու­նո­ւած մի­ջին-քաղ­քե­նիա­կան վե­րա­բե­րու­մէ ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու ճի­գի պէտք ու­նին գրո­ղը, գրա­կա­նու­թիւ­նը, ա­րո­ւես­տը եւ ա­րո­ւես­տա­գէ­տը: Օ­րի­նակ՝ բա­նաս­տեղ­ծին կամ գե­ղան­կա­րի­չին դե­րը բնու­թեան կապ­կու­մը կամ վե­րար­տադ­րու­թիւ­նը չէ, այլ գե­ղե­ցի­կի ստեղ­ծու­մը: ­Գե­ղե­ցիկն է չա­փա­նի­շը, որ չի յա­ւակ­նիր իր­մէ դուրս այլ նպա­տա­կի, որ կը նո­ւա­ճո­ւի ա­րո­ւես­տա­սէ­րին, ըն­թեր­ցո­ղին, ե­րաժշ­տա­սէ­րին կող­մէ: Որ­պէս­զի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը ար­ժէք դառ­նայ, անհ­րա­ժեշտ է հիմ­նա­ւո­րո­ւած ար­ժե­ւո­րու­մը, ա­ռանց ըն­կե­րա­կան-հա­մակ­րա­կան գո­վեր­գու­թեան:

Ան­հասկ­նա­լին կամ բար­դը գե­ղե­ցի­կի չա­փա­նիշ չեն:

Ա­րո­ւեստ­նե­րը եւ գրա­կա­նու­թիւ­նը կրնան գա­ղա­փա­րա­կան եւ նոյ­նիսկ քա­ղա­քա­կան տե­սիլք­նե­րու բեմ ըլ­լալ, բայց ոչ՝ ծա­ռայ: ­Րաֆ­ֆիի գրա­կա­նու­թիւ­նը եւ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը յանձ­նա­ռու էին, բայց չէին թե­լադրուած ու­րիշ­նե­րու կող­մէ սահ­մանուած գա­ղափա­րա­խօ­սու­թեամբ: Այ­սինքն, ա­նոնք երբ թե­լադ­րո­ւած եւ հսկուած կըլ­լան, կը դադ­րին ի­րա­ւու­թիւն ու­նե­նա­լէ, հա­րա­զա­տու­թիւ­նը եւ գե­ղե­ցի­կը կը կոր­սո­ւին: Ն­ման կա­ցու­թիւն կը ստեղ­ծո­ւի, երբ գրա­կա­նու­թիւն եւ ա­րուեստ կը դառ­նան ապսպ­րանք, ինչ­պէս այդ կըլ­լար եւ կըլ­լայ մե­նա­տի­րա­կան եւ ամ­բող­ջա­տի­րա­կան մեծ կամ պզտիկ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան ժա­մա­նակ. այ­սինքն՝ ա­րուես­տա­գէ­տը եւ գրո­ղը պաշ­տօ­նա­կան տե­սա­կէտ­նե­րու մու­նե­տի­կը ըլ­լա­լու դե­րին կը սահ­մա­նո­ւին: ­Մօ­տիկ ան­ցեա­լին ա­նոնք, ո­րոնք չէին ու­զեր այդ­պէս ըլ­լալ, կը դառ­նա­յին այ­լա­խոհ, կը պատժուէին, կաք­սո­րո­ւէին, հո­գե­բու­ժա­րան կը դրուէին, կամ օ­տար եր­կիր մը կա­պաս­տա­նէին: ­Քի­չեր միայն, պատ­շա­ճե­լով հան­դերձ, ինք­նու­թիւն կը պա­հէին եւ ա­րո­ւեստ կը ստեղ­ծէին, մա­նա­ւանդ երբ ի­րաւ շնորհք եւ տա­ղանդ ու­նէին:

­Պէտք է ըն­դու­նիլ նաեւ, որ գրա­կա­նու­թիւն եւ ա­րո­ւեստ դա­տար­կու­թեան մէջ չեն ծնիր, ex nihilo չեն ստեղ­ծո­ւիր, կայ բնու­թիւ­նը, կան մար­դիկ, բար­քե­րը, ը­սո­ւած եւ լսո­ւած խօս­քե­րը, այն բո­լո­րը զորս ընտ­րած կըլ­լանք, կամ՝ ա­նոնց հա­կադ­րո­ւած, սի­րած կամ չսի­րած: Օ­րի­նակ՝ բնու­թիւն կամ սէր եր­գե­լու կող­քին, ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րը (տար­բեր աշ­խարհ­նե­րը) զգա­ցում եւ մտա­ծում կը դրոշ­մեն, ըն­կե­րու­թեան հո­լո­վոյ­թը եւ ա­նոր ըն­թաց­քին յայտ­նո­ւող «խնդիր­ներ»ը ան­տար­բեր չեն ձգեր գրո­ղը եւ ա­րո­ւես­տա­գէ­տը: Այս բո­լո­րին ար­ձա­գան­գը կը հան­դի­սա­նան գրա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­րո­ւեստ­նե­րը (ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ գե­ղե­ցի­կը), ո­րոնք կը վկա­յեն մեր ոչ-ան­տար­բե­րու­թեան մա­սին, հե­տե­ւա­բար ճամ­բայ կը հար­թեն փո­խա­նա­կու­թիւն­նե­րու եւ յա­ռաջ­դի­մու­թեան, այ­սինքն կըն­դար­ձա­կեն մեր մտա­հո­րի­զո­նը, կըլ­լան են­թա­հող փոխ-ըմբռնում­նե­րու եւ փոխ-զգա­ցո­ղու­թեան: Այ­սինքն, ա­նոնք սոսկ զբօս չեն՝ հա­ճոյ­քի պա­հե­րու հա­մար, այլ ա­ւե­լի խտու­թիւն, ի­մաստ եւ գոյն կու տան մեզ շրջա­պա­տող ի­րա­կա­նու­թեան եւ մեր հո­գե­կան աշ­խար­հի հարս­տու­թեան:

­Բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մը ըն­թեր­ցու­մը, գե­ղան­կար մը դի­տե­լու վա­յել­քը, դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան մը ունկնդ­րու­թիւ­նը, ­Շա­րա ­Տա­լեա­նի «Ան­տու­նի»ն, կամ ­Կո­մի­տա­սի «­Հո­րո­վել»ը լսել, ա­նոնց կա­տար­ման գի­տա­կան գնա­հա­տու­մէն ա­ռաջ եւ վերջ, մեզ կա­ռաջ­նոր­դեն մեր նե­րաշ­խար­հը, այ­սինքն՝ «մտա­ծե­լու»…­ ըստ մեր խառ­նո­ւած­քին, շրջա­պա­տին, մեր «պատ­մու­թեան», մարդ­կու­թեան, ըն­կե­րու­թեան եւ տիե­զե­րա­կան խոր­հուրդ­նե­րու մա­սին. այս ձե­ւով է, որ «ար­ժէք­ներ» կը ժա­ռան­գո­ւին եւ կը փո­խանցո­ւին: Ս­տեղ­ծա­գոր­ծո­ղը եւ ըն­դու­նո­ղը (ա­րո­ւես­տա­սէ­րը կամ ըն­թեր­ցո­ղը) լրա­ցու­ցիչ­ներն են մէկ ամ­բող­ջու­թեան, որ մար­դու լի­նե­լու­թիւնն է:

Ս­տեղ­ծա­գոր­ծո­ղի եւ ստա­ցո­ղի այս տե­սա­կան հա­մա­կե­ցու­թիւ­նը զա­նա­զան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ գտած է հի­նէն ի վեր: Ա­րիս­տո­տէլ կը խոր­հէր, որ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը բնու­թեան կապ­կումն էր: Այդ­պէս էր նաեւ նկար­չու­թեան պա­րա­գա­յին, ո­րուն հա­մար հե­տա­գա­յին ի­մա­տա­սէր Ա­լէն ը­սաւ, որ «լու­սան­կար­չու­թիւ­նը ա­զա­տագ­րեց գե­ղան­կար­չու­թիւ­նը», այ­սինքն՝ բնու­թեան վե­րար­տադ­րու­թիւ­նը դադ­րե­ցաւ նպա­տակ ըլ­լա­լէ, ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղը դար­ձաւ «ունկն­դիր» տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, խոր­հուրդ­նե­րու, գե­ղե­ցի­կին: ­Քանթ իր կար­գին կը­սէր, որ «գե­ղե­ցի­կը շա­հախնդ­րո­ւած չէ, միա­ժա­մա­նակ բա­րո­յա­կան ար­ժէ­քի խորհրդա­նիշ է»: ­Պարզ չէ՞, որ ի­րա­կա­նու­թեան վե­րար­տադ­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի լաւ կը­նէ ար­հես­տա­ւո­րը, իր գոր­ծով մե­զի թե­լադ­րե­լով ար­հես­տին եւ ա­րո­ւես­տին տար­բե­րու­թեան ըմբռ­նու­մը: Ս­տեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ար­դիւն­քը ե­զա­կի է, իսկ ար­հես­տը ճար­տա­րա­րո­ւես­տի պէս է, նոյ­նին կրկնու­թիւ­նը, նոյ­նիսկ երբ ան ա­ւե­լի ճիշդ եւ կա­տա­րեալ թո­ւի: Մ­տա­ծել ըն­դօ­րի­նա­կող­նե­րու եւ կապ­կող­նե­րու մա­սին:

Ս­տեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը կը բա­նայ ան­մի­ջա­կան պա­հան­ջէ տար­բեր հո­րի­զոն մը:

Գ­րա­կան եր­կը, հա­մա­նո­ւա­գը, գե­ղան­կա­րը ո՛չ զո­ւար­ճու­թիւն եւ ոչ ալ գե­ղօր են, ա­նոնք կան գե­ղե­ցի­կի վա­յել­քին հա­մար: Ա­նոնց­մով է, որ ան­հա­տը կրնայ ան­մի­ջա­կա­նէն վեր բարձրա­նալ, բա­ցար­ձա­կին ըմբռ­նու­մը ու­նե­նալ, այ­սինքն ի­մաստ­ներ ո­րո­նել: Այդ ի­մաստ­նե­րու խու­զար­կուն ա­զատ գրողն ու ա­րուես­տա­գէտն են, ըն­դու­նե­լիի եւ ա­նըն­դու­նե­լիի սահ­ման­նե­րէն ան­դին, ինչ որ յա­ռաջ­դի­մու­թեան, ար­ժէք­նե­րու ըմբռ­նու­մին եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծան կա­ռաջ­նոր­դէ, այ­սինքն ճշմար­տու­թեան նուաճ­ման փոր­ձին եւ ի­մաս­տու­թեան: Այս ըմբռ­նումն է, որ եր­բեմն ը­սել կու տայ՝ «ա­րո­ւես­տը ա­րո­ւես­տին հա­մար», որ կը նշա­նա­կէ ան­մի­ջա­կա­նի մէջ չբան­տար­կո­ւիլ:

Գ­րա­կա­նու­թիւն եւ ա­րո­ւեստ ան­ջատ չեն կեան­քէն, հե­ռու տեղ մը, ա­ռան­ձին աշ­խար­հի մը մէջ չեն, ա­նոնք կար­ձա­գան­գեն մեր ապ­րում­նե­րուն, տե­սա­ծին, ե­րե­ւա­կա­յա­ծին, ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն: Այս­պէս, Ֆ­րան­սիս­քօ տը ­Կո­յա­յի «Հ­րա­ցա­նա­զարկ­նե­րը» (1808) կամ ­Փապ­լօ ­Փի­քա­սո­յի «­Կեր­նի­քա»ն (1937), անդ­րա­դարձ են մարդ­կա­յին «պա­տա­հած»ին, բայց կը նո­ւա­ճեն ցա­ւին գե­ղեց­կու­թիւ­նը: Այ­սինքն, ի­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը տրա­մա­խո­հա­կան (տիա­լեք­թիկ) մնա­յուն յա­րա­բե­րու­թիւն ու­նին:

­Բա­րե­կամ մը օր մը ­Սոթ­պիզ ա­ճուր­դի տու­նէն գնած էր մեծ գե­ղան­կա­րի­չի մը թան­կար­ժէք գոր­ծը: Ը­սաւ, թէ գնած էր «վար­կի հա­մար» (prestige), ոչ հա­ղոր­դու­թեան եւ ոչ գե­ղե­ցի­կի վա­յել­քին հա­մար: Մ­տա­ծել՝ ա­րո­ւես­տի եւ նիւթ-քաղ­քե­նիու­թեան մա­սինԱր­ձա­նագ­րենք «դրա­մի կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան» ցու­ցա­կին վրայ:

Երբ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը չեն հա-ղորդուիր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ճամ­բով նո­ւա­ճո­ւած ի­րա­կա­նու­թեան գե­րան­ցու­մով՝ Պ­ղա­տո­նի քա­րայ­րի մար­դի­կը, ո­րոնք ճշմար­տու­թիւ­նը տես­նե­լու ա­նա­տակ կը դառ­նան, ստո­ւեր­նե­րով կը փո­խա­րի­նեն ճշմար­տու­թիւ­նը: Երբ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը խրի նիւ­թա­պաշ­տու­թեան տխրու­թեան մէջ՝ կը դառ­նայ հա­կամ­շա­կոյթ, գե­րան­ցում չի կա­տա­րեր, կրօն­քը կը դարձ­նէ ծէս, քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ կար­գա­խօս եւ դիր­քա­պաշ­տու­թիւն, ստրկու­թիւ­նը՝ վե­րապ­րու­մի ճամ­բայ, ինք­նու­թեան կո­րուս­տը՝ ի­մաս­տուն պատ­շա­ճե­ցում:

­Դեռ հզօր են այն ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, ո­րոնք գիր-գրա­կա­նու­թիւն եւ ա­րո­ւեստ կը ստեղ­ծեն, այ­սինքն՝ ե­րազ ու­նին, գիրք կը գնեն եւ կը կար­դան, որ­պէս­զի ան­մասն չմնան, ինչ­պէս ֆրան­սա­ցի­նե­րը կը­սեն՝ «գե­ղե­ցիկ գրա­կա­նու­թե­նէն» (Le belles lettres), վար­ձու գե­ղան­կար կը բե­րեն ի­րենց տու­նը գե­ղե­ցի­կէն չզրկո­ւե­լու հա­մար: ­Գե­ղե­ցի­կը իր մէջ կը խտացնէ ճշմա­րի­տը, որ գի­տաշ­խա­տա­նո­ցի ճշմար­տու­թե­նէն տար­բեր մա­կար­դա­կի վրայ կը գտնո­ւի, մա­կար­դակ՝ որ ա­ւե­լի լա­ւով կամ ա­ւե­լի վա­տով չի սահ­մա­նո­ւիր:

­Ժա­մա­նա­կա­կից սպա­ռո­ղա­կան ըն­կե­րու­թեան մէջ շատ քիչ տեղ կու տանք ծէ­սէն ան­դին գտնո­ւող ճշմար­տու­թեան եւ գե­ղե­ցի­կին, ո­րոնք ան­հա­տի եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին հա­մար լու­սե­ղէն ճամ­բայ են:

Ա­ռանց գե­ղե­ցի­կի եւ ճշմա­րի­տի, ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան հա­մա­կար­գե­րը կը կորսնց­նեն ի­րենց ո­գե­կա­նու­թիւ­նը, կը զար­գա­նայ չա­րա­շա­հու­թիւ­նը: ­Հե­ռա­նա­լով ընդ­հա­նուր սահ­մա­նու­մով մշա­կոյ­թէն, կը խրինք, ար­դիա­կա­նու­թեան շպա­րի տակ, նախ­նա­կա­նու­թեան մէջ, այ­սինքն կը ստրկա­նա­նանք, կը բան­տար­կո­ւինք մենք մեզ­մէ դուրս:

­Վե­րա­դառ­նա­լով մեր պատ­մա­հայր ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցիին «փոք­րիկ ա­ծուին»՝ մենք մե­զի հարց տանք, թէ որ­պէս հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն վե­րա­կանգ­նու­մի ճամ­բա­յէն որ­քան հե­ռա­ցած ենք, ի՞նչ կը­նենք այդ վե­րա­դար­ձին հա­մար, որ­պէս­զի մեր մա­սին «ան­ցեա­լով» չխօսո­ւի:

­Չի բա­ւեր ը­սել մեծ մշա­կոյթ ու­նինք: ­Մեծ մշա­կոյթ կը ստեղ­ծե՞նք մեր ո­գե­կան ժա­ռան­գու­թեան հա­րա­զա­տու­թեան ու­ղիին վրայ:

Երբ հա­կամ­շա­կոյթ կը դառ­նանք, եւ մա­կե­րե­սայ­նու­թիւ­նը մեր հո­գե­կան սնուն­դը՝ խոր­քը կը կոր­սո­ւի. ինչ­պէ՞ս շա­րու­նա­կու­թիւն պի­տի ըլ­լանք:

Գ­րա­կա­նու­թիւն եւ ա­րո­ւեստ ո­գե­կա­նու­թիւն են, ո­րուն բա­ցա­կա­յու­թեան կա­րե­լի է կրկին յի­շել ­Վի­գէն ­Խե­չու­մեա­նի խօս­քը. «Ու­րի­շի դրա­նը քեզ կը կո­չեն հիւր, որ­պէս­զի չը­սեն ծա­ռայ»: ­Ծա­ռայ՝ գաղ­թա­կան, ծա­ռայ՝ լե­զո­ւի, ծա­ռայ՝ սպա­ռող, ծա­ռայ՝ թե­թե­ւա­միտ կապ­կող:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ