Շուրջ ­Շա­բաթ մը ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի ­Զո­ւարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նին մէջ, հան­դի­պե­ցայ հա­յաս­տան­ցի ըն­կե­րոջս՝ ­Գա­րի­կին։ Ինքն ալ, ին­ծի նման, ­Պէյ­րութ կ­՛եր­թար՝ անձ­նա­կան կի­սա­ւարտ գոր­ծեր կար­գի բե­րե­լու նպա­տա­կով։ ­Մինչ կը սպա­սէինք մեկ­նու­մի ազ­դան­շա­նին, հա­լէպ­ցի ծա­նօթ զոյգ մը՝ ­Գօ­գոն եւ իր կի­նը, ե­կան եւ տե­ղա­ւո­րո­ւե­ցան մեր մօտ։

Բա­րե­ւե­լէ եւ ա­ռող­ջու­թեան ու ըն­տա­նի­քի մա­սին փո­խա­դարձ հար­ցու­փոր­ձէ ետք, սկսանք խօ­սե­լու ­Սու­րիոյ եւ ­Հա­յաս­տան ժա­մա­նած սու­րիա­հայ փախս­տա­կան­նե­րուն մա­սին։

- Այս ճամ­բորդ­նե­րը կը տես­նէ՞ք, 90 տո­կո­սով սու­րիա­հայ փախս­տա­կան­ներ են. բո­լորն ալ ­Պէյ­րութ կ­՛եր­թան՝ «­Հայ ­Տուն» ծրա­գի­րով ­Գա­նա­տա ար­տա­գաղ­թե­լու։ ­Ճիշ­դը՝ իմ տղաս ալ գնաց, հի­մա կ­՛ու­զէ, որ մենք ալ մեր թուղ­թե­րը յանձ­նենք եւ ե­տե­ւէն հաս­նինք ­Թո­րոն­թօ,- ը­սաւ ­Գօ­գոն։

- ­Մի րո­պէ, մի րո­պէ… «­Հայ ­Տուն» ծրագ­րով ո՞նց ­Գա­նա­տա են ար­տա­գաղ­թում։ Ես էլ մին­չեւ հի­մա հա­ւա­տում էի, որ հա­յե­րի տու­նը ­Հա­յաս­տանն ա. էդ ե՞րբ փո­խո­ւեց յան­կարծ,- զար­մա­ցած հարց տո­ւաւ ­Գա­րիկ։

- Ես ի՞նչ գիտ­նամ։ Ես ­Հա­լէ­պի գործս պա­հած եմ, Ե­րե­ւա­նի մէջ ալ հարց չու­նիմ, հան­գիստ կ­՛ապ­րիմ, բայց հի­մա տղաս ու թոռ­նիկ­ներս հոն են՝ ­Գա­նա­տա՜։ Կր­նա­յին հոս ալ մնալ, նիւ­թա­կա­նի խնդիր չու­նինք, բայց հոն ա­ւե­լի լաւ ա­պա­գայ կայ ե­ղեր։ ­Հի­մա մի՛ մե­ղադ­րէքՊէյ­րութ գա­ցող այս բո­լոր սու­րիա­հա­յե­րը ան­գործ մնա­ցեր են, ապ­րուս­տի դժո­ւա­րու­թիւն­ներ ու­նին, ­Հա­լէպն ալ շատ վտան­գա­ւոր է, ա­տոր հա­մար «­Հայ ­Տուն»ով ­Գա­նա­տա պի­տի դի­մեն,- բա­ցատ­րեց ­Գօ­գօ։

- ­Դէ՜, որ տե՛նց ա, ու­րեմն սահ­մա­նա­մերձ հա­յե­րին էլ նե­րա­ռենք «­Հայ ­Տուն» ծրագ­րում։ Ն­րանք էլ են ան­գործ, ապ­րում են թշո­ւա­ռու­թեան մէջ, հա­ցի ու բժշկի փող չու­նեն, ա­մէն օր գնդա­կոծ­ւում են ատր­պէյ­ճա­նա­կան դիր­քե­րից, կեանք­նե­րը վտան­գո­ւած ա, տա­լիս են զո­հերբա հի­մա ի՞նչ ա­նենք՝ սա­ղին հա­ւա­քենք-տա­նենք ­Գա­նա­տա՞Որ ի՞նչ ա­նեն, որ ­Հա­յաս­տա­նը հե­ռո­ւի՞ց սի­րեն,- բար­կա­ցած ը­սաւ ­Գա­րիկ, ո­րուն ըն­տա­նի­քը կու գար ­Տա­ւու­շի սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րէն, իսկ ինք, 90ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն, Ար­ցա­խեան ա­զա­տագ­րա­կան պա­տե­րազ­մի զի­նո­ւո­րագ­րեալ­նե­րէն ե­ղած է։

­Գօ­գոն, ի հար­կէ, նմա­նօ­րի­նակ ար­ձա­գանգ չէր սպա­սեր ­Գա­րի­կէն, պարզ այն պատ­ճա­ռով, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ հա­ւա­նա­բար շատ լսած էր հա­յաս­տան­ցի­նե­րու ար­տա­գաղ­թե­լու ցան­կու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ ­Հա­ւա­նա­բար, շատ հա­յաս­տան­ցի­ներ բա­րի նա­խանձ ար­տա­յայ­տած էին, երբ իր­մէ տե­ղե­կա­ցած էին ­Գա­նա­տա տե­ղա­փո­խո­ւե­լու ի­րեն ըն­ձե­ռո­ւած հնա­րա­ւո­րու­թեան մա­սին։

- Է­սա՛, չզար­մա­նաք, հի­մի ար­դէն շատ հա­յաս­տան­ցի­ներ կը փոր­ձեն սի­րիա­կան քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ձեռք բե­րել, որ­պէս­զի նրանք էլ թող­նեն գնան։ ­Մին­չեւ է­սօր սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նով «Ա­րի՛ ­Տուն» էինք քա­րո­զում, հի­մի էլ «­Հայ ­Տուն»ով ­Գա­նա­տա ենք տա­նում։ Ես սենց բան պատ­կե­րաց­նել չէի կա­րող, սա ար­դէն աբ­սուրտ ա,- բոր­բո­քած շա­րու­նա­կեց ­Գա­րիկ։

­Գօ­գոն զար­մա­ցած ին­ծի կը նա­յէր՝ հա­ւա­նա­բար մի­ջամ­տու­թիւնս ակն­կա­լե­լով։ Ես ալ բա­ցատ­րու­թիւն չու­նէի, կը ճանչ­նա­յի ­Գօ­գոն ու իր կի­նը եւ գի­տէի ի­րենց նա­խընտ­րու­թիւ­նը։ ­Գա­նա­տան չէ՛ր կրնար ի­րեն­ցը ըլ­լալ։ ­Չէի կրնար հար­ցա­կա­նի տակ առ­նել ի­րենց հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը, բայց միա­ժա­մա­նակ կը հասկ­նա­յի, յա­ռա­ջա­ցած այս տա­րի­քին՝ զա­ւա­կին ու թոռ­նիկ­նե­րուն հետ ըլ­լա­լու ի­րենց ցան­կու­թիւ­նը։ ­Կը հասկ­նա­յի նաեւ ­Գա­րի­կի բար­կու­թեան պատ­ճա­ռը։ Ա­րիւն ու քրտինք թա­փած էր ան՝ յա­նուն հո­ղա­հա­ւա­քի եւ հա­յա­հա­ւա­քի։ Իսկ հի­մա ի՞նչ տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ

- Ո՞ւմ մե­ղադ­րենք, ո՞ւմ բո­ղո­քենք, լսո­ղը ո՞վ ա,- կը մրմրթար ան քի­թին տա­կէն։

­Վեր­ջա­պէս օ­դա­նա­ւի մեկ­նու­մին ազ­դան­շա­նը տրո­ւե­ցաւ։ ­Գա­րի­կը, ­Գօ­գոն, իր կի­նը եւ ես՝ ան­խօս բարձ­րա­ցանք օ­դա­նաւ։

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ