­altՆա­խորդ շաբ­թո­ւան յօ­դո­ւա­ծով տե­ղե­կա­ցու­ցած էի, որ Թա­լէաթ փա­շան` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պի­չը, 1921 թո­ւա­կա­նին բրի­տա­նա­ցի հե­տա­խոյզ Օպ­րի Հեր­պըր­թին տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, ը­սած էր, որ «յու­շա­գիր գրած էր հա­յոց կո­տո­րած­նե­րուն մա­սին»:

 

 

Այժմ պի­տի ու­զէի ներ­կա­յաց­նել հա­մա­ռօտ հա­տո­ւած­ներ Թա­լէա­թի ծա­ւա­լուն զե­կոյ­ցէն, որ 1921ի Նո­յեմ­բե­րին հրա­պա­րա­կո­ւած է «­Նիւ Եորք Թայմզ»ի կող­մէ հրա­տա­րա­կո­ւող «­Քա­րընթ Հիս­թը­րի» (Current History) ամ­սագ­րին մէջ` «­Թա­լէաթ փա­շա­յի յետ մա­հու յու­շե­րը» վեր­նա­գի­րով, եւ հե­տե­ւեալ են­թա­վեր­նա­գի­րով.- «­Նախ­կին Մեծ Վէ­զի­րի անձ­նա­կան զե­կոյ­ցը` գրո­ւած ա­նոր սպա­նու­թե­նէն կարճ ժա­մա­նակ ա­ռաջ, թէ ին­չո՞ւ եւ ինչ­պէ՞ս Թուր­քիա մտաւ պա­տե­րազ­մի մէջ. գաղտ­նի դա­շինք, որ նա­խոր­դեց հա­կա­մար­տու­թեան. հա­յոց կո­տո­րած­նե­րուն պատ­ճառ­նե­րը` ներ­կա­յա­ցո­ւած զա­նոնք պա­տո­ւի­րած մար­դուն կող­մէ»:

«­Քա­րընթ Հիս­թը­րի»ի խմբա­գիր­նե­րը նե­րա­ծա­կան ծա­նօ­թու­թեան մէջ կը բա­ցատ­րեն, թէ ինչ­պէս ձեռք բե­րած են այս բա­ցա­յայ­տող զե­կոյ­ցին օ­րի­նա­կը. «… Թա­լէա­թի մա­հէն ետք, այս ձե­ռա­գի­րը ան­ցաւ Գեր­մա­նիա մնա­ցած ա­նոր կնոջ. ան դեռ չէր հրա­պա­րա­կած ամ­բող­ջա­կան զե­կոյ­ցը, սա­կայն ա­նոր ա­մու­սի­նը գնդա­կա­հա­րո­ղին ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­լէն ետք, ան ար­տօ­նեց Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ հրա­պա­րա­կո­ւող ա­զա­տա­կան թրքա­կան «­Վա­քիթ» թեր­թի Փա­րի­զի թղթա­կի­ցին՝ հրա­տա­րա­կել ա­նոր ա­ռա­ւել հե­տաքրք­րա­կան հա­տո­ւած­նե­րը: «­Քա­րընթ Հիս­թը­րի»ի հա­մար զա­նոնք թրքե­րէ­նէ թարգ­մա­նեց բնիկ պոլ­սե­ցի Մ. Զե­քե­րիա: Ա­նոնք մօտ յի­սուն էջ էին բնօ­րի­նակ ձե­ռագ­րէն, ո­րուն ա­ռա­ջին նա­խա­դա­սու­թիւ­նը - «Ես չեմ ը­սեր ամ­բողջ ճշմար­տու­թիւ­նը, սա­կայն այն ա­մէ­նը, ինչ կ­՝ը­սեմ` ճշմա­րիտ է» - մեծ ցնցում ա­ռա­ջա­ցուց Թուր­քիոյ մէջ»:

Թա­լէաթ իր յու­շե­րուն մէջ, ինչ­պէս Օպ­րի Հեր­պըր­թի հետ հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին, կը փոր­ձէ ար­դա­րաց­նել ինք­զինք` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար մե­ղադ­րե­լով բո­լո­րը` հա­յե­րը, ռու­սե­րը, նոյ­նիսկ թուր­քե­րը: Ան չի ժխտեր «հա­յե­րու, իսկ ո­րոշ բնա­կա­վայ­րե­րու մէջ նաեւ յոյ­նե­րու եւ Սու­րիոյ մէջ ո­րոշ ա­րաբ­նե­րու տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րը», սա­կայն կը պնդէ, որ ա­նոնց մա­սին հա­ղոր­դում­նե­րը «խիստ չա­փա­զան­ցո­ւած էին»: Ա­պա՝ Թա­լէաթ կ­՝ա­ւելց­նէ.- «Ա­սի­կա ը­սե­լով՝ ես ա­մե­նե­ւին միտք չու­նիմ ժխտե­լու փաս­տե­րը: Միայն կ­՝ու­զեմ վերց­նել չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րը եւ փաս­տե­րը շա­րադ­րել այն­պէս, ինչ­պէս ա­նոնք տե­ղի ու­նե­ցած են»:

Նախ­կին Մեծ Վէ­զի­րը կը խոս­տո­վա­նի.- «Ես կ­՝ըն­դու­նիմ, որ մենք բազ­մա­թիւ հա­յեր տե­ղա­հա­նած ենք մեր ա­րե­ւե­լեան նա­հանգ­նե­րէն, բայց այս հար­ցով մենք եր­բեք չենք գոր­ծած նա­խա­պէս մշակուած ծրա­գի­րով: Այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը կ­՝իյ­նայ ա­ռա­ջին հեր­թին տե­ղա­հա­նուած ժո­ղո­վուր­դին վրայ: Մեր ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րը ձեռք բե­րե­լու նպա­տա­կով, Ռու­սաս­տան զի­նեց այս շրջան­նե­րու հայ բնակ­չու­թիւ­նը եւ նշո­ւած տա­րած­քին մէջ կազ­մա­կեր­պեց հայ­կա­կան զօ­րա­ւոր հրո­սա­կա­յին ու­ժեր»:

Փոր­ձե­լով վե­րա­կանգ­նել իր ա­րա­տա­ւո­րո­ւած ա­նու­նը` Թա­լէաթ կ­՝ըն­դու­նի թրքա­կան բռնու­թիւն­նե­րը ընդ­դէմ հա­յե­րու.- «Ես կ­՝ըն­դու­նիմ, որ տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը ա­մէ­նուր օ­րի­նա­կան կար­գով չէ ի­րա­կա­նա­ցած: Ո­րոշ տե­ղեր կա­տա­րո­ւած են ա­նօ­րի­նա­կան ա­րարք­ներ... Շարք մը պաշ­տօ­նեա­ներ չա­րա­շա­հած են ի­րենց լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը, եւ շատ տե­ղեր մար­դիկ ի­րենց ձեռ­քը վեր­ցու­ցած են կան­խար­գե­լիչ քայ­լե­րը եւ հա­լա­ծած ան­մեղ մար­դոց: Կը խոս­տո­վա­նիմ»:

Շա­րու­նա­կե­լով իր դէմ­քը փրկե­լու հռե­տո­րու­թիւ­նը` Թա­լէաթ կը զի­ջի.- «­Կը խոս­տո­վա­նիմ նաեւ, որ կա­ռա­վա­րու­թեան պար­տա­կա­նու­թիւնն էր կան­խել այս բռնու­թիւն­ներն ու վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը, կամ՝ առ­նո­ւազն բռնել եւ խստօ­րէն պատ­ժել մե­ղա­ւոր­նե­րը:

Շատ տե­ղեր, ուր տե­ղա­հա­նո­ւած մար­դոց գոյ­քը եւ ու­նե­ցո­ւած­քը թա­լանուած էին, իսկ հա­յե­րը` հա­լա­ծո­ւած, մենք ձեր­բա­կա­լե­ցինք մե­ղա­ւոր­նե­րը եւ պատ­ժե­ցինք ըստ օ­րէն­քի: Կը խոս­տո­վա­նիմ, սա­կայն, որ պէտք է ա­ւե­լի խստօ­րէն վա­րո­ւէինք, ի­րա­կա­նաց­նէինք ընդ­հա­նուր հե­տաքն­նու­թիւն` բո­լոր սադ­րիչ­ներն ու թա­լան­չի­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­լու եւ խստօ­րէն պատ­ժե­լու հա­մար: Բայց չէինք կրնար այդ­պէս ը­նել: Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ շատ մե­ղա­ւոր­ներ պատ­ժե­ցինք, սա­կայն ա­նոնց մեծ մա­սը մնաց ան­պա­տիժ»:

Թա­լէաթ կը շա­րու­նա­կէ ար­դա­րա­ցում­ներ փնտռել հա­յոց կո­տո­րած­նե­րուն հա­մար հե­տապնդ­ման չեն­թար­կուած ոճ­րա­գործ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք «ան­հե­ռա­տես եւ մո­լե­ռանդ էին, սա­կայն ան­կեղծ էին ի­րենց հա­մոզ­մունք­նե­րուն մէջ: Հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը խրա­խու­սէր ա­նոնց, եւ ա­նոնք ի­րենց ե­տին ու­նէին ա­ջա­կից­նե­րու ստո­ւար բա­նակ մը: Ա­նոնք մե­ծա­թիւ էին եւ հզօր: Ա­նոնց բա­ցա­յայտ եւ ան­յա­պաղ պա­տի­ժը կրնար դժգո­հու­թեան մեծ ա­լիք ա­ռա­ջաց­նել մար­դոց մէջ, ո­րոնք հա­ւա­նու­թիւն կու տա­յին ա­նոնց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն: Այս բո­լոր սադ­րիչ­նե­րը ձեր­բա­կա­լե­լու եւ պատ­ժե­լու փոր­ձը կրնար ա­նիշ­խա­նու­թեան պատ­ճառ դառ­նալ Ա­նա­տո­լիոյ մէջ այն ժա­մա­նակ, երբ մենք միաս­նու­թեան խիստ կա­րիք ու­նէինք»:

Յա­նուն ճշմար­տու­թեան պէտք է նշել, որ Թա­լէա­թի պնդում­նե­րը, թէ իբր հա­յե­րը Ա­ռա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն թի­կուն­քէն հա­րո­ւա­ծած են Թուր­քիան, լիո­վին կեղծ են: Թուր­քիոյ ռազ­մա­կան նա­խա­րար, օս­մա­նեան զի­նո­ւած ու­ժե­րու գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տար Էն­վէր փա­շան, Գոնիա­յի Ե­պիս­կո­պո­սին յղած նա­մա­կին մէջ, բարձր գնա­հա­տած է թրքա­հայ զինուոր­նե­րուն քա­ջու­թիւ­նը ռու­սա­կան բա­նա­կին դէմ պայ­քա­րին ժա­մա­նակ՝ 1914-1915 ձմրան:

Պէտք չէ զար­մա­նալ, որ Թա­լէա­թի այն պնդու­մը, թէ իր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը դա­ժան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու պի­տի ձեռ­նար­կէր հա­յե­րուն դէմ նոյ­նիսկ «խա­ղա­ղու­թեան ժա­մա­նակ», կը վե­րա­հաս­տա­տէ թրքա­կան վա­ղե­մի ցե­ղաս­պա­նա­կան գոր­ծե­լա­կեր­պը, ինչ­պէս նա­խա­պէս կի­րա­ռո­ւած է թէ՛ հա­մի­տեան եւ թէ Ա­տա­նա­յի հա­յոց ջար­դե­րուն ժա­մա­նակ, երբ պա­տե­րազմ­ներ չկա­յին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
- «­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիըր»