«Ահա եկան հայոց ազգին օրերը»,- կ՚երգուի բարեկենդանեան յայտնի երգով։ Ուրեմն կարելի է երեւակայել՝ որքա՜ն սիրուած ու սպասուած տօն մըն էր այն։ Բարեկենդանը կը յաջորդէ Ս. Սարգսի տօնին եւ կը տեւէ շուրջ երկու շաբաթ, անմիջապէս անկէ ետք սկիզբ կ՚առնեն Մեծ Պահքի երկար ու ձիգ քառասունի
նը օրերը։
Այս Մեծ Պահքը այնքան խիստ էր (ընդ որու՝ այդ խստութիւնը կը տարածուէր ոչ միայն ուտելիքի, այլեւ մտքի եւ վարքի վրայ), որ հայերս Բարեկենդանի օրերուն կը շտապէինք առաւելագոյնս յագենալ կեանքի բարիքներէն։
Բարեկենդանը առատ կերուխումով, զուարճանքով ու հրապարակային խնջոյքներով, խաղ ու պարով, թատերական բեմականացումներով ու հանդէսներով լեցուն տօն մըն էր։
Այս երկու շաբաթուայ ընթացքին, մանաւանդ՝ Բուն Բարեկենդանին, այն է՝ գալիք Կիրակի օրը, կը վերանային ամէն տեսակ ընկերային եւ հասարակական չափանիշները, ամէնը, կարծես, շուռ կու գային. կը փոխէին ընկերական դերերը, երիտասարդներն ու պատանիները այլեւս ստիպուած չէին զուսպ ու ենթարկուող մնալու մեծերու ու առաջացած տարիքով մարդկանց հետ, ամէնքն իրար հաւասար էին՝ ահել ու ճահել, եպիսկոպոս ու վանական, ռամիկ ու իշխան։
Տէրտէրն ու իշխանը, երիտասարդն ու ալեւորը, տղամարդ ու կին՝ բոլորը ձեռք-ձեռքի տուած կը պարէին, կը խաղային, կը զուարճանային... եւ, անշուշտ, կ՚ուտէին, շա՜տ կ՚ուտէին, այնքան կ՚ուտէին, որ փորները կ՚ուռէին, Բարեկենդանն ալ «փորեկենդան» կ՚անուանէին։
«Ճաշի սեղանը արեւին ելնելէն առաջ պատրաստ պիտի ըլլայ»։ Այդ օրերուն ուտեստներն էին փաթիլան, բխբխիկը, խաշիլը, զանազան թռչնեղէնը, մսեղէնը, ձաւարեղէնը, կաթաներն ու խմորեղէնները, հալուան ու կաթնասերը, վերջն ալ անպայման բերանները խաշած սպիտակ ձուով պիտի փակէին, որ Աստուած արժանացնէ կարմիր ձուով (Զատիկին) բանալու։ Անգամ մը այնպէս պատահեցաւ, որ գիւղերէն մէկուն կին մը Կիրակի երեկոյեան անհանգստացած ամուսնուն կը դիմէ, թէ վախ ու վայ, մի բան մոռացել ենք ուտելու, կ՚երթայ կովը կը կթէ, կաթը կը խմեն, այնուհետ հայկական պատուական իւղով համեմուած ձուածեղը կ՚ուտեն, նոր կ՚անցնին հանգչելու, այդժամ տան հիւրը անհանգստացած իրենց կու տայ կտոր մը հաց, թէ՝ առէք, այս պատառն ալ անուշ ըրէք, նոր հանգիստ քնէք։
Բարեկենդանը խորհրդանշող հիմնական էակը «Ուտիս Տատն» է (ուտել արմատէն, անշուշտ)։ «Ուտիս Տատը» գզգզուած, քրքրուած պուպրիկ էր։ Կիրակի երեկոյեան տղաները կ՚երթային վերջին մրցախաղին՝ ձիարշաւին, որու աւարտին կը բարձրանային սարի գագաթը եւ այնտեղէն հանդիսաւոր կերպով ցած կը գլորէին Ուտիս Տատին»։ Անկէ ետք յատուկ ծէսով կը հրաւիրէին «Պաս Պապին»։
Բարեկենդանի անբաժան մասը կը կազմէին թատերախաղերը ու դիմակահանդէսները։ Քանի որ այդ օրերուն եկեղեցին կը նշէր Վարդանանց պատերազմի նահատակներու օրը, ուստի եւ կը բեմականացուէին դրուագներ պատերազմէն։ Գիւղը կը բաժանուէր երկու մասի՝ մէկ կողմը հայերն էին, միւս կողմը՝ պարսիկները։ Դէմքերը կը մրոտէին, այլեւայլ քուրք ու մորթի կը հագնէին, փայտէ թրեր վերցնելով ու կը սկսէին պատերազմի։ Նախ Վարդանը, Վասակը (յիշարժան է, որ ժողովուրդը անոնց միասին կը պատկերէ, այլ ոչ որպէս թշնամի) եւ մնացեալ իշխանաւորները Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ կ՚երթային եկեղեցի։ Ի դէպ՝ Բարեկենդանին կը զուարճանային, կը պարէին-խաղային նաեւ վանականները ու քահանաները։ Պ. Պռոշեանը, բարեկենդանեան խաղերը նկարագրելով, կ՚ըսէ.- «էլ ահել ու ջահել չկար, էլ երիտասարդ ու միրքաւոր չէիր ջոկիլ, բոլորը միասին ջահելացել՝ կայտառացել էին։ Պապիս պէս պատուելի իշխանները կալերումը լախտի էին խաղում... տէրտէրն էլ վերարկուն ծալած մի կողմ դրած, կապի ծըփան փէշերը կոկիկ հաւաքած, գօտիկը խրած՝ էնպէս ծուլ-ծուլ էր լինում ճժի բոլորքովը, որ կ՚ասես, թէ սա իր կեանքումը միշտ ըմբշամարտ է եղել։ Միմիայն լախտը, որ մէջքախառն ուսագլխին հասնում էր, զգում էր, որ էսպէս բան իր օրումը չի տեսել։ - Դէ, հէր օրհնած, մի քիչ էլ կարգիս խնայեցէք, կամաց տուէք, է՛- ասում էր մեր Տէր հայրը… -Ոչինչ, տէրտէր ճան, էսօր արձակուրդ ա, Բարեկենդան օրեր ա, խելքներս կորել ա,- պատասխանում էին մեր իշխանները ու իրենց խաղի յետ ընկնում»։
Երեկոները ուրախութեան ամենաթունդ պահուն կը լսուէին կենդանական անճոռնի ձայներ։ Յանկարծ գոմէն դուրս կու գար մի անհաւանական «մեյմուն»՝ հագին մորթիներ, դէմքը անճանաչելիօրէն այլանդակուած ու մրոտուած, այս ու այն կողմ կը թռչկոտէր մինչեւ տանտէրերը ուտելու մի բան չտան, որմէ ետք կը թողնէր կ՚երթէր մէկ այլ տուն։ Ասոնք հիմնականօրէն ձմեռուայ չար շվոտ ոգիները կը յիշեցնէին։
Ամէնուր այդ օրերուն կը շղթայուէին շուրջպարերը, կ՚երգուէին հին ու նոր՝ տեղին վրայ յօրինուած երգեր։ Աղջիկ տղաներ խումբ-խումբ կը բաժանուէին եւ հարցուպատասխանից պարերգներ կը յօրինէին։ Զանազան մրցախաղեր կը խաղային, որոնցմէ էր գօտիով խաղը, գնդակախաղերը, ճանը եւ այլն։
«Ըհը եկան հայոց ազգին օրերը,
Հանեցէք հիները, հագէք նորերը,
Բարկենդուն օրերը, Զատկուն Կիրակին, Եկանք ի Բարեկենդան, կ՚երթանք ի Զատիկ»։
ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ