Աթէնքի Բազմարուեստարանէն ներս, այսօր կÿաւարտին եռօրեայ ոգեկոչումները, ի յիշատակ 1973ին Բազմարուեստարանէն ներս ուսանողներու մասնակցութեամբ սկսած Յունաստանի խունթային դէմ ապստամբութեան:
Բազմարուեստարանի պատմական դէպքի փոխանցած պատգամներու այժմէականութեան վրայ կանգ առին երկրի քաղաքական անձնաւորութիւնները, յատկապէս հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի խօսքերով, որ դիտել տուաւ, թէ «Բազմարուեստարանի ուսանողներու ապստամբութիւնը բոլորիս կը յիշեցնէ, թէ ընկերային յեղաշրջումներու առաջատարը նոր սերունդն է միշտ: Մասնակցութեամբ եւ պայքարով կ'իրագործուին յեղաշրջումները: Բազմարուեստարանի երէկուան՝ «հաց, կրթութիւն, ազատութիւն» նշանախօսքը աւելի քան այժմէական է նաեւ այսօր»:
Անցնող երկու օրերուն ընթացքին Բազմարուեստարանի վայրը այցելեցին նախարարներ, պետական գործիչներ, ուսանողներ, աշակերտներ եւ ժողովուրդ, 1973ի ապստամբներու յիշատակին ծաղիկներ զետեղելու համար:
Բազմարուեստարանի դռները բաց պիտի ըլլան նաեւ այսօր, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1: Ոստիկանական մեծ թիւով ուժեր կը հսկեն Աթէնքի կեդրոնի եւ շրջակայքէն ներս:
Ձեռնարկներու շարքը պիտի ամբողջանայ կէսօրէ ետք, դէպի ամերիկեան դեսպանատուն կազմակերպուած քայլարշաւով: