Միջազգային զօրաշարժ՝ ի նպաստ Յունաստանի
Երէկ Կիրակի երեկոյեան Պրիւքսել մեկնեցաւ Յունաստանի վարչապետ Լուքաս Փափատիմոս, անձամբ ստանձնելու համար 130 միլիառ եւրօի վարկի շուրջ բանակցութիւնները, եւրոպական շրջանակներուն հետ:
Նախապէս չէր յայտարարուած վարչապետի մեկնումը, յայտնի է սակայն թէ այն անհրաժեշտ նկատուեցաւ, նկատի առած թէ եւրօգօտիի տնտեսութեան նախարարներու խորհրդաժողովը «բաց» մնացած հարցեր դեռ ունի քննելիք:
Մինչ այդ, երէկ երեկոյեան, Աթէնքի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ երկրորդ աշխատա- ւորական երկրորդ մեծ ցոյցը, լարուած մթնոլորտի մէջ: Դարձեալ արցունքաբեր ռումբեր արձակուեցան ոստիկանութեան կողմէ, երբ երիտասարդ ցուցարարները Սինտաղմայի հրապարակին վրայ համախմբուեցան: Երբ լրագրողներ եւ հեռատեսիլի լուսանկարիչներ փորձեցին երիզագրել կատարուածը, ետ մղուեցան ոստիկանական ուժերուն կողմէ, իսկ անոնց բողոքներուն որպէս պատասխան՝ լրագրող մը ձերբակալուեցաւ: Ցուցարարներէն 60 հոգի ձերբակալուեցան՝ «նախազգուշական» որպէս միջոց, մինչ փակ մնացին Սինտաղմայի մեթրօի կայարանները եւ Էքսարխիայի շրջանը:
«Բոլորս յոյն ենք» շարժումը կը ծաւալի
Եւրոպայի տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային զօրակցական ցոյցերէն ետք, երէկ Նիւ Եորքի Մանհաթընի մէջ, համախմբուեցաւ ցուցարարնե- րու մեծ թիւ մը, իր զօրակցութիւնը յայտնելով Յունաստանի ժողովուրդին:
Բազմամարդ ցոյցերէն զատ, ինթէրնէթի եւ ընկերային ցանցերուն միջոցաւ եւս ծաւալեցաւ զօրակցական շարժումը, որ «Բոլորս յոյն ենք» նշանաբանը կը կրէ:
Շաբաթ գիշեր, Փարիզի Էյֆէլի աշտարակին առջեւ աւելի քան 2000 մարդ հաւաքուեցաւ, որոնց շարքին նաեւ յոյն հանրածանօթ բեմադրիչ Գոսթաս Ղավրաս, որոնք յունական աւանդական «սիրթաքի»ն պարելով, իւրայատուկ ոճ փոխանցեցին զօրակցական իրենց քայլին: Նմանօրինակ հաւաքներ իրագործուեցան Պերլինի, Լոնտոնի, Ամսթերտամի, Պրիւքսելի, Հռոմի, Միլանի եւ Պարչելոնայի մէջ: Նոյն շարժումին մասնակցեցաւ նաեւ Կիպրոսը: Բոլոր քաղաքներուն մէջ ցուցարարները կը նախազգուշացնէին, թէ Յունաստան առաջին երկիրն է, ուր անարդար եւ հակաժողո- վրդավար քայլերը կը կիրարկուին: «Միջազգային զօրաշարժի պահը հասած է» դիտել կուտային ցուցարարները: