Մարաթոնային բանակցութիւններէ ետք, եւրօգօտիի տնտեսութեան նախարարները, համաձայնութեան յանգեցան երէկ գիշեր, Յունաստանի պարտքի գումարը ձեւափոխելով եւ յաւելեալ վարկի տրամադրումը յստակացնելով:
Այս ձեւով, երկրէն առայժմ կը հեռանայ սնանկացման սպառնալիքը, բայց «փրկագինը» ծանր պիտի արժէ ընկերութեան վրայ: Յունաստանի կառավարութիւնը, կիրարկուող տնտեսական խիստ քաղաքականութենէն զատ, ստիպուած եղաւ վերահսկողութեան ենթարկուելու եւ իր պարտատոմսերու վճարման յատուկ կարգավիճակ ընդունելու:
Համաձայնութիւնը կը նախատեսէ 130 միլիառ եւրօ վարկի փոխանցում: Յատկանշական է թէ IMF Միջազգային Ֆոնտը միայն 13 միլիառ եւրօի մասնակցութիւն պիտի բերէ որոշուած այս օգնութեան, ինչ որ ցոյց կուտայ թէ անհամաձայնութիւն եղած է վերջնական տարբերակին յանգելէ առաջ: