Յունաստանի աշխատաւորական սենտիքաները (ԵՍԷԷ, ԱՏԵՏԻ) բուռն ձեւով կը հակառակին կառավարութեան քաղաքականութեան: Անոնք ընդդիմանալու կոչ կÿուղղեն ժողովուրդին՝ 48 ժամուայ գործադուլ յայտարարելով եւ յառաջիկայ երեք օրերուն ընթացքին բողոքի ցոյցեր կազմակերպելով:
Այսօր Ուրբաթ եւ վաղը Շաբաթ առաւօտեան ժամը 11ին հաւաքներ տեղի կÿունենան Սինտաղմայի հրապարակին վրայ. նոյնպէս հաւաք ծրագրուած է Կիրակի երեկոյեան, խորհրդարանի շէնքին առջեւ, երբ երեսփոխանները նոր օրէնքներու քուէարկութեան պիտի մասնակցին:
Առանց փոխադրամիջոցներու
Հանրային փոխադրութեան միջոցները պիտի չգործեն յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին: Մինչեւ Կիրակի օր անշարժացած պիտի մնան հանրակառքերը, թրոլէյ եւ երկաթուղին: Պիտի դադրին նաեւ նաւային փոխադրութիւնները, 48 ժամուայ գործադուլին մասնակցելու աշխատաւորներու սենտիքային որոշումին համաձայն:
Գործադուլին կը մասնակցին բժիշկները, ուսուցիչները, դրամատուներու պաշտօնեաները, փաստաբանները: