Այսօր Ուրբաթ օր, իր աւարտին կը հասնի կուսակցութիւններու նախընտրական արշաւը, կուսակցութեանց ղեկավարներու եւ առաջնորդներու վերջին ելոյթներով:

Կանուխ առաւօտեան ժամերուն յայտարարուեցաւ Յունաստանի նոր կառավարութեան կազմը


Պրիւքսել կը  ճնշէ

Բարդ եւ անկայուն է Յունաստանի քաղաքական իրավիճակը, որ կառավարութիւն ձեւաւորելու բազմաթիւ ճնշումներու շրջան մը լրացուց: Սեղանի վրայ գտնուեցաւ ոչ ամպայման քաղաքական անձնաւորութիւններէ կառավարութիւն կազմելու առաջարկը, որու յղացումը վստահ որ միայն յունական շրջանակներու չէր պատկաներ:


Կառավարութիւն կազմելու ջանքերը կը շարունակուին, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի նախաձեռնութեամբ:

Անարդիւնք անցան Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի հետ երկու հանդիպումները, որ երէկ տեղի ունեցան քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ։