8  կուսակցութիւն մուտք  պիտի  գործէ
հելլէն  խորհրդարան


Public Issue ընկերութեան կողմէ «Սքայ» եւ «Քաթիմերինի»ի հաշւոյն կատարուած հարցախոյզի մը արդիւնքները հրապարակուեցան երէկ, յայտնի դարձնելով թէ քաղաքական դաշտը փոփոխութիւններով պիտի յատկանշուի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին:

Ըստ հրապարակուած տուեալներուն, տոկոսային յարաբերակցութիւնը հետեւեալն է՝

ՆՈՐ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ 31%
ԴԵՄՈԿՐԱՏԱԿԱՆ ՁԱԽ 18%
ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ 12.5%
ՍԻՐԻԶԱ 12% - ՓԱՍՕՔ 8% - ԼԱՕՍ 5%
ԲՆԱՊԱՀՊԱՆՆԵՐՈՒ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ 3.5%
Ծայրայեղ աջ 3%


Հարցախոյզէն ի յայտ եկած տուեալներու հիմամբ, քուէարկութեան պիտի չմասնակցի բնակչութեան 30%ը:
Ինչ կը վերաբերի կուսակցութեանց ղեկավարներու կարողութիւններուն առընչութեամբ կատարուած հարցումին, ժողովուրդի 56%ը իր նախընտրութիւնը տուած է Ֆոթիս Քուվէլիսի, որուն կը յաջորդեն Ալեքսիս Ցիփրաս 41%, Անտոնիս Սամարաս 31%,  Ալեքա Փափարիղա 27%, Եորղոս Քարածաֆերիս 25%, Տորա Պաքոյեանի 19% եւ վերջին՝ Եորղոս Փափանտրէու  9%ով:
Վարչապետ Լուքաս Փափատիմոսի ղե- կավարած համախոհական կառավարութեան մասին ժողո- վուրդի կարծիքը բացասական է. ժողո- վուրդի 91%ը դժգոհ է կառավարութեան գործելաձեւէն: