Երկրի  հանդէպ  միջազգային  հանրութեան  լրիւ  արժեզրկում 
եւ քաղաքական  կազմալոյծ  իրավիճակ


Օրինագիծը վաւերացուեցաւ 199 թեր քուէներով, մինչ 44 երեսփոխաններ հեռացուեցան կուսակցութեանց շարքերէն՝ մերժելով քուէարկել օրինագիծի օգտին

Երէկ կէսօրուայ ժամերուն հելլէն խորհրդարանէն ներս սկիզբ առաւ  ժողովուրդին պարտադրուող նոր օրինագիծի քուէարկումը, որու ընդունմամբ պայմանաւորուած է Յունաստանին տրուելիք վարկը։ Խորհրդարանէն ներս բուռն վիճաբանութենէ ետք տեղի ունեցաւ քուէարկումը, մինչ համախոհական կառավարութեան մասնակցող կուսակցութիւնները անբաւարար ու անարդիւնք իրենց քաղաքականութեամբ, կորսնցուցած են ժողովուրդի վստահութիւնը։
199 թեր քուէներով վաւերացուեցաւ օրինագիծը. նոյն պահուն 44 երեսփոխաններ (21 Նոր Հանրապետութենէն, 21 ՓԱՍՕՔէն եւ 2 ԼԱՕՍէն) հեռացուեցան կուսակցութեանց շարքերէն՝ մերժելով քուէարկել օրինագիծի օգտին:
Երկրի հանդէպ միջազգային հանրութեան արժեզրկման մթնոլորտը եւ քաղաքական իրավիճակի տարրալուծումը ժողովուրդի բուռն զայրոթը յառաջուցած են, որ հազարաւորներով ողողեց երէկ Աթէնքի կեդրոնը, դէմ կանգնելով մարդկային ու քաղաքային արժանապատուութիւնը խորտակող ամօթալի օրինագիծին։
Ժողովուրդի մասնակցութիւնը ցոյցին համատարած էր։ Քաղաքացիներու կողքին գտնուեցան նաեւ Յունաստանի երկու հռչակաւոր եւ սիրուած դէմքեր՝ ազգային հերոս Մանոլիս Ղլեզոս եւ մեծահամբաւ յօրինող Միքիս Թէոտորաքիս, որ կոչ ուղղեցին ցուցարարներուն՝ ձայն բարձրացնել դադրեցնելու համար «ազգային դաւադրութիւնը»։
Ոստիկանական ուժերու շատ մեծ թիւ մը արցունքաբեր ռումբեր եւ քիմիական կազեր արձակեց, կանուխէն փորձելով ժողովուրդը ցրուել։ Այսուհանդերձ ժողովուրդը հաստատ մնաց իր կամքին՝ շարունակելու իր բողոքը մինչեւ ուշ, նոյնիսկ մնալով խորհրդարանին շէնքին առջեւ մինչեւ գիշերուայ ժամը 12, երբ տեղի պիտի ունենար քուէարկութիւնը։ Այսուհանդերձ տարբեր խմբակներու կողմէ Մոլոթոֆ ռումբեր արձակուեցան ոստիկանութեան դէմ։ Գիշերուայ ժամը 10ի շուրջ հրդեհի տրուած էին տաս շէնքեր, հիւանդանոց փոխադրուած էին տասնեակ քաղաքացիներ եւ Աթէնքի կեդրոնը ռազմաճակատի վերածուած էր։
Ցոյցեր կազմակերպուեցան այլ քաղաքներու մէջ եւս։ Այսպէս Թեսաղոնիկէի, Փաթրասի, Քերքիրա, Խանիա եւ Իրաքլիօ քաղաքներուն մէջ ցուցարարներ համախմբուեցան, բողոքի իրենց ձայնը միացնելով Աթէնքի ցուցարարներուն։