Երէկ գիշեր կայացած հինգ ժամուայ հանդիպումէն ետք, այսօր Երկուշաբթի երեկոյեան դարձեալ կը հանդիպին Յունաստանի վարչապետ Լուքաս Փափատիմոսի հետ, երկրի համախոհական կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական երեք ուժերու ղեկավարները:
Այսօր երեկոյեան պէտք է վերջնական իր ձեւաւորումը ստանայ Միջազգային ֆինանսական ինսթիթութի եւ եւրոպական «թրոյքա»ի կողմէ յառաջ քշուող ծրագիրը, որու նախագիծը արդէն յանձնուած է յոյն ղեկավարներուն:
Խորհրդակցութիւնները տեղի ունեցան շանթաժի խիստ կլիմայի մէջ, վարկերը տրամադրող շրջանակներու ճնշումներու որպէս արդիւնք:
Վարչապետարանէն դուրս գալու ժամանակ՝ Եորղոս Քարածաֆերիս եւ Անտոնիս Սամարաս յայտնեցին, թէ ահաւոր ճնշումներու կÿենթարկուին նոր համաձայնութեան մը ստորագրումը ընդունելու համար: «Երկիրը չի կրնար ընդունիլ աղքատութեան չափանիշները, որ կը պարտադրուին մեզի» դիտել տուին անոնք:
Ծրագրի հիմնական կէտերը կը կազմեն աշխատաւորներու ամսականներու կրճատումները, դրամատնային հարցերը եւ 2012ին համար նախատեսուող «բաց»ի դիմագրաւումը: Այն պարագային, որ համաձայնութեան յանգի քաղաքական ղեկավարներու հանդիպումը, յունական կողմը պարտաւոր պիտի ըլլայ նոր համաձայնագիր մը պատրաստելու, որ պիտի ստորագրուի բոլորի կողմէ: Գրութեան բովանդակութիւնը պիտի ներկայացուի Eurogroup-ի Չորեքշաբթի օր կայանալիք խորհրդաժողովին, փոխ վարչապետ Էվանկելոս Վենիզէլոսի կողմէ: