Մարտ 30-ին, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ճգնաժամի մէջ յայտնուած Քեսապի հայութեան ի նպաստ զօրակցական հաւաք։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայց. Առաքելական Ս. Նշան եկեղեցւոյ, Գէմպրիճի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ եւ Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնին կողմէ։
Կապ հաստատուեցաւ Ծովափի շրջանի շտապ օգնութեան գործադիր մարմնի ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեանի հետ, որ Լաթաքիայէն ուղիղ եթերով ներկայացուց Քեսապի ներկայ կացութիւնը։
Ձեռնարկի աւարտին հանգանակուեցաւ աւելի քան 22 000 տոլար։