Լոյս տեսաւ Եւրոպական միութեան հարեւանութեան ծրագրի առաջընթացի տարեկան զեկոյցը, որ կը գնահատէ 2013-ին մէջ Հայաստանի արձանագրած փոփոխութիւնները եւ կ'առաջարկէ քաղաքական բարեփոխումներու ուղիներ:
Համաձայն զեկոյցի՝ 2013-ին Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ երկխօսութիւնը բաւական աշխուժ եղած է: Ճիշդ է՝ Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը աւարտեցին բանակցութիւնները ազատ առեւտուրի գօտիի շուրջ, սակայն չկարողացան հասնիլ նախաստորագրման՝ Մաքսային Միութեան միանալու Հայաստանի որոշման պատճառով: Եւրոմիութիւնը, սակայն, հաւատարիմ կը մնայ Հայաստանի հետ յառաջիկայ համագործակցութեան:
Զեկոյցը կը նշէ, որ թէեւ Հայաստանը որոշակի քայլեր կը ձեռնարկէ, այդուամենայնիւ, դեռ օրէնսդրութեան կիրարկման հետ կապուած բաւական աշխատանք կայ: Փետրուարի նախագահական ընտրութիւնները թէեւ լաւ կազմակերպուած էին, սակայն կային մտահոգութիւններ ընտրական ընթացքին հետ կապուած։ «Չնայած շարունակական բարեփոխումներուն՝ կայ արդարադատութեան ոլորտի հանդէպ անվստահութիւն եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի արդիւնքներու պակաս: Այս տարի եւս զեկուցուեցաւ ոստիկանութեան մէջ տեղի ունեցող խոշտանգումներու ու վատ վերաբերմունքի մասին»,- կ'ըսեն զեկոյցի հեղինակները:
Այս տարուայ առաջընթացի զեկոյցը կը փաստէ, որ անցեալ տարուայ Եւրոմիութեան առաջարկներէն ոմանք Հայաստանը փորձած է իրականացնել, մասնաւորապէս, կիներու եւ այր մարդոց հաւասար իրաւունքներուն հետ կապուած օրէնքի կապակցութեամբ, արդարադատութեան եւ ընտրական օրէնսդրութեան բնագաւառներուն մէջ:
Եւրոմիութիւնը կոչ կ'ուղղէ Հայաստանի իշխանութիւններուն համագործակցիլ քաղաքացիական հասարակութեան հետ՝ արձանագրելով, որ անցեալ տարի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու եւ ակտիւիստներու հանդէպ բռնութիւնները աւելցած են:
Եւրոմիութեան զեկոյցը նաեւ կոչ կ'ուղղէ հետաքննել բռնութիւններու դէպքերը, կիրառել ԵԱՀԿ-ԺՀՄԻԳ-ի առաջարկները՝ իշխանութիւններուն կողմէ ընտրութիւններու ընթացքին վարչական աղբիւրներու կիրառումը կանխելու համար, բացայայտել 2008 թուականի Մարտի 1ի իրադարձութիւններու զոհերու մեղաւորներուն եւ ոստիկանութեան այդ օրերու ապօրինութիւնները, յարգել կրօնի ազատութիւնը, յստակացնել օրէնսդրական բարեփոխումները, աշխատիլ Մեծամօրի աթոմակայանի հնարաւորինս արագ փակման, ջանքեր գործադրել Մատրիտեան սկզբունքներու իրականացման շուրջ եւ խուսափիլ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու վատթարացումէն:
«Հայաստանի մէջ մամուլի ազատութիւնը կը մնայ անբաւարար»,- կը նշէ Եւրոմիութեան հարեւանութեան ծրագրի տարեկան զեկոյցը: