Սուրիահայութեան աջակցութեան ծիրին մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խողովակով 50 հազար եւրօ ուղարկած է Քեսապի հայութեան հրատապ խնդիրներու լուծման: Այս մասին յայտնած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքէն: