Հ.Յ.Դ. Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակի եւ Ռուսաստանի քաղաքական կուսակցութիւններու  համագործակցութեան ծիրէն ներս Դեկտեմբեր 29-

«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ հակառակ անոր որ հայկական կողմը պարբերաբար կը պնդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի ուսումնասիրութիւնը պատմաբաններուն յանձնելը Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններով նախատեսուած չէ, այդ արձանագրութիւններու կնքամայր երկիր Զուիցերիան պաշտօնական մակարդակով հանդէս եկած է պատմաբաններու կողմէ ուսումնասիրութիւններ կատարելու մասին յայտարարութեամբ:


Իսրայէլի խորհրդարանի (Քնեսեթի) Կրթութեան հարցերու յանձնաժողովը երէկ Երկուշաբթի 26 Դեկտեմբերին, քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի հարցը, սակայն յառաջիկայ նիստի մը քննարկման յանձնեց բանաձեւերու ընդունումը:


Սարքոզի Ֆրանսայի համոզումները յարգելու կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին անդրադարձաւ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման, եւ թրքական կողմին կոչ ուղղեց՝ յարգելու ֆրանսական կողմի համոզումները։

Յունական համացանցային եւ տպագիր մամուլը, երէկ ողողուեցաւ Ֆրանսայի խորհրդարանի որոշումին անդրադարձող գրութիւններով: Ազդեցիկ թերթեր ինչպէս «Թօ Վիմա», «Քաթիմերինի», «Նաֆթեմպորիքի», եւ համացանցային «Զուկլա», «in.gr» եւայլն լայն տեղ տրամադրեցին, նշելով քուէարկութեան պահը, թրքական հակազդեցութիւնները եւ պատմական վերլուծումներ կատարելով: