Ֆրանսայի Ազգային ժողովը այսօր՝ Հինգշաբթի  22 Դեկտեմբեր 2011-ին վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը կամ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքը:

Հայաստանի  պետութիւնը  եւ  ամբողջ  հայաշխարհը   կ'ողջունէ

Ֆրանսայի Ազգային Ժողոքի լիագումար նիստը սկսաւ երէկ առաւօտուն ժամը 9.30ին (տեղական ժամով) եւ աւարտեցաւ երեք ժամ յետոյ, օրինագիծի վաւերացումով:
Առաջին անգամ խօսք առաւ նախագիծի հեղինակ Վալերի Պոյէր: Անկէ ետք քաղաքական կուսակցութիւններու պատգամաւորներ եւ կառավարութեան կողմէ պատգամաւոր մը խօսք առին, տեսակէտներ յայտնելով նախագիծի մասին:

Ֆրանսայի Ազգային ժողովը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
Նոր օրինագիծի համաձայն՝ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն մինչեւ մէկ տարուան ազատազրկում կը սպառնայ եւ 45.000 եւրօ տուգանք:

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու Տունը անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան քննարկած եւ հաստատած են 2012-ի ելեւմտական տարուան արտասահմանեան օժանդակութեան նախագիծը:

24 Ապրիլը պիտի մտնէ քաղաքի յիշարժան տարեթիւերու օրացոյցին մէջ


Պրազիլի Սան Փաուլօ նահանգի Քամփինաս քաղաքի քաղաքապետարանը պաշտօնապէս տեղեկացուց Պրազիլի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, որ 16 Դեկտեմբերին քաղաքապետ Տ. Վիլակրա ստորագրած է քաղաքային խորհրդարանի  20 Նոյեմբերին ընդունած բանաձեւը՝  Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ: