Սարքոզի Ֆրանսայի համոզումները յարգելու կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին անդրադարձաւ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման, եւ թրքական կողմին կոչ ուղղեց՝ յարգելու ֆրանսական կողմի համոզումները։


«Ես յարգանքով կը վերաբերիմ մեր թուրք ընկերներուն։ Թուրքիա շատ մեծ երկիր է եւ շատ մեծ մշակոյթ ունի։ Սակայն, անոնք եւս պէտք է յարգանքով վերաբերին մեր դիրքորոշման», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը։
«Ֆրանսա ոչ մէկուն դասեր կու տայ, բայց չի փափաքիր դասեր ստանալ նաեւ ուրիշներէն: Ֆրանսան իր քաղաքականութիւնը կ՛որդեգրէ իր կամքով», աւելցուց ան:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալան Ժիւփէի իր կարգին յայտարարեց, որ Էրտողանի յայտարարութիւնները չափազանցուած են։ Ան ափսոսանք յայտնեց Թուրքիոյ հակադարձութեանց նկատմամբ եւ զսպուածութեան ու խելամտութեան կոչ ըրաւ Թուրքիոյ:
Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի օր, Ֆրանսան ամբաստանեց Ալճերիոյ եւ Ափրիկէի այլ երկիրներու մէջ ցեղասպանութիւններ գործելուն համար։ Ան ըսաւ, որ «եթէ Սարքոզի այդ մասին չի գիտեր, թող Ալճերիոյ մէջ ֆրանսական բանակին մէջ ծառայած իր հօր հարցնէ»։
Միւս կողմէ, «Լը Մոնտ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր Հինգշաբթի օր յայտնած է, որ «անշուշտ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ լաւ յարաբերութիւններ կը մաղթենք եւ կը յուսանք, որ անոնք պիտի կարենան իրենց տարակարծութիւնը լուծել»։ Բանաձեւին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Թոնըր բաւարարուած է նշելով, որ ամերիկեան վարչակազմը կը շարունակէ «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման զօրակցիլ»։

 

Էրտողանի յայտարարութիւնները չափազանցուած են

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Էրտողանի յայտարարութիւնները չափազանցուած են: Նշենք, որ Էրտողան երէկ Ֆրանսան ամբաստանեց Ալճերիոյ մէջ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով: Ան ըսաւ, որ «եթէ Սարքոզի այդ մասին չի գիտեր, թող Ալճերիոյ մէջ ֆրանսական բանակին մէջ ծառայած իր հօր հարցնէ»:


 
«ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է»
Կ՛ԸՍԷ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ
 
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ «Ֆրանսայի խորհրդարանին որոշումը մեզի համար անընդունելի է: Եթէ անոնք իրենց վերաբերմունքը կ՛արտայայտեն հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցածին նկատմամբ, ապա թող իրենց վերաբերմունքը արտայայտեն նաեւ Խոջալուի ցեղասպանութեան, մէկ միլիոն ազրպէյճանցիներու գաղթական, հարկադիր գաղթական դառնալու փաստին առնչութեամբ»:
Ան աւելցուցած է, որ այդ որոշումը «պարզապէս խնդիրներ պիտի ստեղծէ»:

 

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՄՈՒԼ

Ֆրանսական մամուլը բնականաբար լայն տեղ յատկացուցած է Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբերին Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման:
Ստորեւ՝ ֆրանսական մամուլին մէջ լոյս տեսած տեղեկատուութիւններու խորագիրները.
- «Լը Փարիզիեն». «Թուրքիա Ֆրանսայի մէջ իր դեսպանը տուն կանչեց»
- «Լ՛Իւմանիթէ». «Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ օրէնք. Թուրքիա Ֆրանսայի դէմ շատ զայրացած է»:
- «Լը Փուան».«Էրտողան Ֆրանսան ցեղասպանութեան յանցանքով կ՛ամբաստանէ»:
- «Լը Ֆիկարօ». «Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ քուէարկութիւնը‘ Թուրքիոյ զայրոյթը»:
- «Լը Մոնտ». «Թուրքիա Ֆրանսան կ՛ամբաստանէ Ալճերիոյ մէջ «ցեղասպանութիւն» գործելու յանցանքով»:
«Լը Մոնտ» նաեւ խմբագրականով մը անդրադարձած է օրինագիծի որդեգրման: Խմբագրականը կը կրէ «Յիշատակի օրէնքները դժբախտաբար ոչինչի կը ծառայեն» խորագիրը. այդտեղ գրուած է. «Ուրեմն ինչո՞ւ հիմա որդեգրել այս օրէնքը: Ընտրական պատճառներով, անշուշտ: Պայմաններու դրդումով օրէնք մըն է, որ առնչուած է քաղաքական ժամկէտերու: Այս կամ այն համայնքի ողբերգական անցեալը այսպէս չեն յարգեր»:
Իվ Փաքալէ «Լը Նուվել Օպզերվաթէօր»-ի մէջ կը գրէ, որ «Թուրքիան մեծ պետութիւն է, սակայն անիկա առանց խղճի խայթի կը սպառնայ մեր ժողովրդավարութեան‘ պահանջելով ետ վերցնել օրինագիծը»: Ան կը նշէ, որ խորհրդարանին առջեւ ցոյց կազմակերպողը Թուրքիան էր, իսկ «եթէ Ֆրանսա Թուրքիոյ շանթաժին առջեւ տեղի տար, ֆաշականութիւնը արդէն դրան առջեւ պիտի ըլլար»:
Միջազգային լրատուամիջոցներ իրենց կարգին կ՛անդրադառնան օրինագիծի որդեգրման:
«Պի.Պի.Սի.» կայքէջը իր լրատուութիւնը կը խորագրէ. «Թուրքիա կը հակադարձէ Ֆրանսայի «ցեղասպանութեան» օրինագիծին»: «Սի.Էն.Էն.». «Ֆրանսա կ՛որդեգրէ Հայոց ցեղասպանութեան օրինագիծը»: «Եուրոնիուզ». «Թրքական զայրոյթ ընդդէմ ցեղասպանութեան ֆրանսական օրինագիծին»: Ամերիկեան «Ինթըրնեշընըլ Հերըլտ Թրիպիուն». «Թուրքիա բուռն կերպով կը հակազդէ Ցեղասպանութեան շուրջ ֆրանսական օրինագիծին»: Գերմանական «Տեր Շփիկըլ». «Հայոց ցեղասպանութեան քուէարկութիւն. Թուրքիա Ֆրանսայի մէջ իր դեսպանը տուն կը կանչէ»: Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթ. «Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը կը զգուշացնէ Թուրքիան. «Ցեղասպանութեան բանաձեւին վերաբերեալ հակազդեցութիւնը մի՛ չափազանցէք»:
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթ. «Թուրքերը ցեղասպանութեան ֆրանսական բանաձեւը ցեղապաշտութիւն կը նկատեն եւ յարաբերութիւնները կը խզեն»: «Ուաշինկթըն Փոսթ». «Թուրքիա բուռն կերպով կը քննադատէ Ֆրանսայի ցեղասպանութեան օրինագիծը»:

 

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ ԿԸ ՅՂԷ ՍԱՐՔՈԶԻԻՆ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նամակ յղեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին՝ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը դատապարտող օրինագիծի ընդունման առիթով:
Նախագահը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Նիքոլա Սարքոզիին՝ ընդգծելով, որ Ֆրանսան վերստին ապացուցեց իր նուիրուածութիւնը համամարդկային արժէքներուն:
«Հայաստան կատարած ձեր պատմական այցելութենէն եւ Երեւանի մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին մօտ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ արտասանած ձեր վճռական խօսքերէն ընդամէնը երկուքուկէս ամիս ետք, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը դատապարտող օրինագիծի ընդունումը լաւագոյն վկայութիւնն է ձեր անձնական յանձնառութեան, հայ-ֆրանսական ամուր բարեկամութեան ձեր հաւատարմութեան, մեր շրջանին մէջ բաժանարար գիծերու վերացման եւ ժողովուրդներու հաշտեցման ձեր նուիրուածութեան», կ՛ըսուի  նամակին մէջ: