Ֆրանսայի Ազգային ժողովը այսօր՝ Հինգշաբթի 22 Դեկտեմբեր 2011-ին վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը կամ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքը:
Ըստ այս օրէնքին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող, նսեմացնող կամ կասկածի ենթարկող ոեւէ անհատ կամ որեւէ հաստատութիւն կամ հիմնարկ կը դատապարտուի եւ կ'ենթարկուի պատժական միջոցառումներու (մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութիւն եւ 45 հազար եւրօ տուգանք):
Հակառակ թուրք պետութեան գործադրած տարբեր ճնշամիջոցներուն եւ տարբեր սպառնալիքներուն, ֆրանսացի պատգամաւորները վաւերացուցին օրէնքը, անտեսելով թրքական գործօնը, նաեւ քուէարկութեան պահուն դուրսը կատարուող թրքական մեծ ցոյցը, որ ինքնին հարազատ մէկ արտայայտութիւնն է ժխտողականութեան…
Ազգային Ժողովի այս յանդուգն ու համամարդկային արժէք ներկայացնող արդարամիտ դիրքորոշումը մեծ գոհունակութեամբ ընկալուեցաւ ֆրանսահայ համայնքին կողմէ, որ իր բոլոր հոսանքներով, միասնական կեցուածքով միշտ ալ հետապնդած է ու պահանջած՝ արդարութիւն:
Կը մնայ, որ Ազգային ժողովի որոշումը օրէնքի ուժ ստանալու համար վաւերացուի նաեւ Ծերակոյտին կողմէ: Այս առումով կը սպասուի յառաջիկայ Յունուարին Ծերակոյտի օրակարգի վրայ բերել այս օրէնքը եւ իր կարգին վաւերացնել զայն, որմէ ետք Ֆրանսայի տարածքին անիկա պաշտօնապէս կը ստանայ օրէնքի ուժ:
Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կ՛ողջունէ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի այսօր քուէարկած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը, որ անցաւ ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ: Օրէնքին համաձայն, Ցեղասպանութիւնը ժխտողներն եւ ուրացողները պիտի ենթարկուին մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութեան եւ 45 հազար եւրօ տուգանքի:
Սոյն օրէնսդրութիւնը հիմնուած է Եւրոպական Միութեան որդեգրած «Ցեղապաշտութեան եւ օտարատեացութեան դէմ շրջանակ - որոշում»-ին վրայ, որուն համաձայն, Եւրոպական Միութեան մէջ ցեղասպանութեանց ուրացումը պատժելի յանցագործութիւն է, ի շարս այլ յանցագործութիւններու:
Կը հաւատանք, որ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի այս խիզախ որոշումը ցուցանիշ պիտի հանդիսանայ նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ այլ պետութիւններու համար, մանաւանդ ա՛յն պետութիւններուն, որոնք արդէն ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, իրենց ազգային խորհրդարաններուն մէջ որդեգրելու նման բանաձեւեր:
ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
22 Դեկտեմբեր, 2011
«ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԱՇԽԱՏԻՆ, ՈՐ ՆՄԱՆԱՏԻՊ ԲԱՆԱՁԵՒԵՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻՆ ՏԱՐԲԵՐ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ՔԵՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ առաջին անգամ ըլլալով քննարկման դրուեցաւ բանաձեւ մը, որ կ՛անդրադառնայ քրիստոնէական, մասնաւորապէս հայկական եկեղեցիներուն, անոնց ինչքերը իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնելուն:
13 Դեկտեմբերին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած թիւ 306 բանաձեւին նպատակը Թուրքիոյ նկատմամբ ճնշում բանեցնելն է, որպէսզի վերադարձուին հայկական եւ քրիստոնէական բոլոր միւս եկեղեցիները իրենց պատմական տէրերուն, անոնց մէջ թոյլատրուին արարողութիւններ կատարել, վերցուին կրօնական խտրականութիւնները, քրիստոնեայ համայնքներուն թոյլատրուի առանց սահմանափակումներու զբաղիլ եկեղեցիներու, պաշտամունքի այլ վայրերու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու վերակառուցման աշխատանքներով:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան կը յայտնէ, որ «մենք, անշուշտ, յոյս ունինք, որ Թուրքիա այս կոչին հետեւի: Հակառակ պարագային՝ անոնք դէմ պիտի երթան ոչ միայն իրենց, այլ նաեւ՝ միջազգային օրէնքներուն: Բացի անկէ՝ յառաջիկային պիտի աշխատինք, որպէսզի աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ Հայ դատի մեր գործընկերները նմանատիպ բանաձեւեր ներկայացնեն իրենց խորհրդարաններուն մէջ»:
Բանաձեւի հեղինակներն էին հանրապետական Էտ Ռոյս եւ դեմոկրատական Հաուըրտ Պըրման: Անիկա քոնկրեսի լիագումար նիստին քննարկումի եւ քուէարկութեան դրուած էր Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավար Էրիք Քանթորի նախաձեռնութեամբ:
«Կարեւոր այս բանաձեւը մատնացոյց կ՛ընէ Թուրքիոյ անհանգստացնող ու շարունակական անյարգալից վերաբերմունքը‘ Անատոլուի մէջ գտնուող քրիստոնէական ժառանգութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքներուն, իբրեւ իր երկրի հաւասար ու ազատ քաղաքացիներ չվերաբերելու հանգամանքը: Թուրքիա պէտք է անյապաղ քայլերու ձեռնարկէ‘ վերադարձնելու գրաւուած քրիստոնէական բոլոր ինչքերը, քրիստոնէական բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներուն թոյլ տրուի, որպէսզի ազատ կերպով դաւանին իրենց կրօնը եւ հոգեւոր կրթութիւն ստանան», կ՛ըսէ Հաուըրտ Պըրման:
Ամերիկայի թրքական լոպին, նախքան քուէարկութիւնը քայլերու ձեռնարկած էր բանաձեւի որդեգրումը տապալելու համար: Իսկ քուէարկութեան աւարտէն անմիջապէս ետք Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ անդրադարձած է տեղի ունեցածին: «Թիւ 306 բանաձեւը անարդար, անհիմն եւ ինքնակոչ է: Սակայն Ներկայացուցիչներու տունը զայն հաստատեց: Ո՞վ օգուտ կը քաղէ դաշնակիցներու հաշուոյն քոնկրեսին տուած որոշումէն», գրած էր ան:
Քեն Խաչիկեան կը նշէ, որ «Թուրքիոյ արձագանգը, ի տարբերութիւն նախորդ դէպքերուն, այնքան ալ կարծր չէր: Պաշտպանուելու համար որեւէ թեզ յառաջ մղելու տարբերակ չունէին: Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին պարագային, թէեւ խղճուկ, անհիմն եւ անտրամաբանական, սակայն պաշտպանական վարկած յառաջ կը մղուէր»: