Իսրայէլի խորհրդարանի (Քնեսեթի) Կրթութեան հարցերու յանձնաժողովը երէկ Երկուշաբթի 26 Դեկտեմբերին, քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի հարցը, սակայն յառաջիկայ նիստի մը քննարկման յանձնեց բանաձեւերու ընդունումը:

Քննարկման ներկայացուած էին ձախակողմեան Մերեց եւ աջակողմեան Ազգային Միասնութիւն կուսակցութիւններէն պատգամաւորներու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ որպէս յիշատակի օր նշելու վերաբերեալ բանաձեւերու նախագիծերը:
Համախառն կառավարութեան ներկայացուցիչ Զէեւ Էլքին բանաձեւի ընդունման կողմ արտայայտուեցաւ: Քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցան բազմաթիւ պատգամաւորներ, որոնք, հիմնանկանօրէն, դրական արտայայտուեցան բանաձեւի վերաբերեալ: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ցեղասպանագէտ, փրոֆ. Իսրայէլ Չառնի:
Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխ նախարարի փոխարէն նիստին կը մասնակցէին նախարարութեան երկու պաշտօեաներ, որոնք դէմ արտայայտուեցան բանաձեւին՝ պատճառաբանելով Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւնը չվնասելու մտադրութիւնը: