Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու Տունը անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան քննարկած եւ հաստատած են 2012-ի ելեւմտական տարուան արտասահմանեան օժանդակութեան նախագիծը:

Նշեալ նախագիծին մէջ Հայաստանի համար նախատեսուած տնտեսական օժանդակութեան չափը քառասուն միլիոն տոլար է (2011-ին եւս ատիկա 40 միլիոն տոլար էր), Ատրպէյճանի օժանդակութեան չափը 16.6 միլիոն տոլար է, իսկ Վրաստանին յատկացուելիք տնտեսական օժանդակութեան չափը՝ 66 միլիոն տոլար է: