Մինչ  Թուրքիա  «զուսպ  լաւատեսութեան»բ  համակուած  է,

նախագահ  Սարքոզի  կը  նախազգուշացնէ  թէ  բանաձեւը  չեղեալ  նկատուելու պարագային,  այլ քայլերու  պիտի դիմէ


Սարքոզի Պատրաստ Է Նոր Օրինագիծ Ներկայացնելու

Օրական հազարաւոր այցելուներ ունեցող յունական in.gr կայքէջը, երէկուընէ սկսեալ հարցախոյզ մը կը կատարէ՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծին նկատմամբ։

ՍԱՆ ՀՈԶԷ.- Քոսթա Ռիքայի մայրաքաղաք Սան Հոզէի մէջ, Յունուար 23-24 գումարուեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի նիստը, որուն մասնակցեցան անդամ 60 կուսակցութիւններու շուրջ 170 պատուիրակներ: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ընկերվար Միջազգայնականին մէջ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան:

Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը Երկուշաբթի, Յունուար 30ին ընդունած է ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին դէմ հայցը: Դիմումը ստորագրած են 72 ծերակուտականներ՝ մեծամասնութիւնը ծայրայեղ ձախակողմեան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ ոչ պաշտօնական հանդիպումի մը ընթացքին ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն անդրադարձած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման:
«Մեր ուժեղ կողմերէն մէկը այն է, որ մենք ազատ խօսքը չենք քրէականացներ: Մարդիկ կրնան ըսել գրեթէ ամէն բան, ինչ որ ուզեն. մեր երկրին մէջ այդպէս է: Իսկ միւս երկիրները, որոնց շարքին նաեւ