Հ.Յ.Դ. Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակի եւ Ռուսաստանի քաղաքական կուսակցութիւններու համագործակցութեան ծիրէն ներս Դեկտեմբեր 29-
ին Պետական Տումայէն ներս տեղի ունեցաւ գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեանի հանդիպումը Ռուսաստանի Ազատական-դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ, Պետական Տումայէն ներս կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսկիի հետ։
Եուրի Նաւոյեանը շնորհաւորեց Տումայի ընտրութիւններուն Ազատական¬դեմոկրատական կուսակցութեան տեղերու յաւելացման, ինչպէս նաեւ Ժիրինովսկիի՝ Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնի թեկնածութեան առաջադրումը։
Հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ որ յարգանքի եւ բարձր գնահատականի արժանի է Ժիրինովսկիի մօտեցումը հայութեան համար կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն մէջ, մասնաւորապէս հայերու ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ արդար փոխ հատուցման խնդրին մէջ։
Պրն. Նաւոյեանը վստահութիւն յայտնած է, որ հակառակ դժուարութիւններուն, Ռուսաստանի քաղաքական համակարգը պիտի յաջողի Մարտ 4-ին յաջողութեամբ իրագործել նախագահական ընտրութիւնները եւ ապահովել Ռուսաստանի հետագայ կայուն զարգացումը։ Ան ընդգծեց, որ հայերը կը հանդիսանան ռուսաստանեան հասարակութեան անքակտելի մասը, ուշադրութեամբ կը հետեւին կուսակցութիւններու ծրագրերուն, քաղաքական բանավէճերուն եւ աշխուժութեամբ կը մասնակցին Ռուսաստանի հասարակական-քաղաքական կեանքին։
Եուրի Նաւոյեանը ներկայացուց տարածաշրջանային այն մարտահրաւէրները, որոնք ծառացած են Հայաստանի առջեւ, ուշադրութիւն հրաւիրելով Արցախի մէջ պետական շինարարութեան յաջողութեան վրայ եւ նշելով, թէ պետականութեան կայացածութեան աստիճանով ԼՂՀ-ն արժանի է միջազգային ճանաչման եւ այդպէս ալ ունի իրաւաքաղաքական անհրաժեշտ հիմքերը։
Համաձայնելով ԼՂՀ միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութեան տեսակէտի վրայ, Ժիրինովսկի նշած է, որ գործընթացին ժամանակաւորապէս կը խանգարեն միայն միջազգային ներկայ շահերը։ Ռուսաստանեան փորձառու քաղաքական գործիչը տեսակէտ յայտնած է, թէ հայերը իրենց իրաւունքներուն համար արդար պայքար կը մղեն, աւելցնելով թէ ինքը արդարութեան կողմնակից է, իսկ այն հայերու կողմն է։