- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիա Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին, վերջապէս ընդունած է Վանի երկրաշարժէն տուժածներուն օժանդակելու պատրաստակամութիւն յայտնած երկիրներուն օգնութիւնը։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը խնդրած է օգնել աղէտի գօտիի բնակչութեան՝ նշելով երեսուն երկիրներու անուններ, որոնց շարքին՝ Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան։
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Մարդկային Իրաւանց եւրոպական ատեանը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին, արձակուած վճիռով մը անգամ մը եւս Թուրքիան յանցաւոր նկատեց՝ այս անգամ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին ազատ քննարկումը արգիլելու թուրք պատմագէտ Թաներ Աքչամը հալածելուն համար:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
«Ատրպէյճանի՝ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ երկու տարի ըլլալը Հայաստանի համար շատ լուրջ փորձութիւններու ժամանակաշրջան մը պիտի ըլլայ»
ՄԱԿ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով պիտի դառնայ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ: Ատրպէյճան իր անդամակցութիւնը ապահովեց Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24ի երեկոյեան, երբ 16 հանգրուաններէ ետք, Սլովենիա որոշեց իր թեկնածութիւնը քաշել:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Հազարաւոր մարդիկ ստիպուեցան դարձեալ գիշերելու ինքնաշարժներու մէջ կամ բաց երկինքի տակ, ցած ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ, մինչ վերապրողներ դուրս բերելու յոյսերը հետզհետէ կը նուազին: 459ի հասաւ զոհերուն թիւը, Վանը հարուածած երկրաշարժին պատճառով: Վիրաւորները 1300 հոգի են:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Հոկտեմբերի կիսուն, Ատրպէյճանի անկախութեան 20րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան մը ընթացքին, նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է թէ «եթէ Ատրպէյճանի ղեկավարը սկիզբէն Հայտար Ալիեւը ըլլար, մենք մէկ թիզ հող իսկ կորսնցուցած չէին ըլլար»: Ապա