Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանը շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր երկիրներուն, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին օգնութեան ձեռք երկարել երկրաշարժէն տուժած երկրին: Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ Հայաստանին եւ Իսրայէլին, նշելով անմիջապէս թէ՝ Թուրքիա ի վիճակի է ինքնուրոյն յաղթահարել Վանի աղէտի հետեւանքները:
Reuters յայտնեց, որ Թուրքիա շարք մը երկիրներէ օգնութեան առաջարկներ ընդունած է, սակայն ընդառաջացած է Ատրպէյճանի փրկարարներու դիմումին, որոնք արդէն գործի անցած են: «Հիւրրիյէթ»ը կը գրէ թէ հակառակ բոլորի տրամադրուածութեան՝ Թուրքիա ընդունած է Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի օգնութիւնը «որովհետեւ ղրկուած էր արդէն, առանց հարցնելու»:
Աղթամարի Ս. Խաչը
չէ վնասուած երկրաշարժէն
«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, թէ Վան քաղաքի հարեւանութեամբ տեղի ունեցած երկրաշարժը զգաց- ւած է նաեւ Աղթամար կղզիին վրայ:
Վանայ լիճի որոշ հատուածներուն վրայ եղած է փոքրիկ ալեկոծութիւն, սակայն ալիքները շատ չեն բարձրացած: Ալեկոծութիւնը եւ ցընցումները զգացուած են նաեւ Աղթամար կղզիին վրայ եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր բարեբախտաբար աւերներ չեն նկատուած։