Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթո- ֆիաս Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի հետ իր հանդիպումէն ետք, Թուրքիան հրաւիրեց բնական կազի Իսրայէլի եւ Կիպրոսի միացեալ ծրագիրին ընդգծելով, որ կþուզէ «Թուրքիոյ հաշտութեան եւ խաղաղութեան պատգամ մը փոխանցել»։
Խրիսթոֆիաս ըսաւ, որ «Թուրքիա պէտք է միայն միջազգային օրէնքի վճիռներուն համաձայն գործէ»։

ՊԱՔՈՒ, «Վեսթի».- Արբանեակային «Ճազիրա» պատկերասփիւռի կայանը հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին նուիրուած լրատուութեան մը մէջ հաղորդած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ 2012ին կայանալիք հանդիպումները կրնան կազմակերպուիլ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու նախաձեռնութեամբ։

Թրքական դատարանը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1ին, ձերբակալեալներուն մեծ մասը, երկար հարցաքննութիւններէ ետք ազատ արձակեց, բայց մերժեց ազատ արձակել Զարաքօլուն ու Էրսանլըն։ Երկուքն ալ դիտել տուին, որ իրենք անմեղ են ու իրենց մօտ գտնուած նօթագրութիւնները իրենց ակադեմական աշխատանքին համար են :



Գործակալութիւնը անդրադառնալով Վանի երկրաշարժին եւ Հայաստանէն ղրկուած օգնութեան, յիշեցուցած է հայերու ջարդերու մասին

Հեղինակաւոր «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին մասին տեղեկութիւններ հաղորդելու ժամանակ՝ իբրեւ լրացուցիչ տեղեկութիւն ներկայացուցած է Վան քաղաքի պատմութիւնը:

Թուրքիոյ Ոստիկանութիւնը Ձերբակալեց Ընդդիմադիր Գործիչը

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայկական Ցեղասպանութեան եւ քրտական հարցերով Թուրքիոյ պետական դիրքորոշումներուն ընդդիմացող եւ անոնց մասին զանազան հրատարակութիւններ կատարած Ռակըպ Զարաքօլու, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29ին դարձեալ ձերբակալուեցաւ, այս անգամ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու ամբաստանութեամբ: