Թուրքիոյ Ազգային փոքրամասնութիւններու  վաքըֆները դիմումներ ներկայացուցած են 1410 անշարժ  գոյքի վերադարձը պահանջելով:

ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան, դիտել տուած է թէ պէտք է ճիշդ ձեւով ընկալել Էրտողանի խօսքերը:
«Ան այնպիսի ձեւով ներողութիւն խնդրեց, որ «աւելի լաւ է չասէր» ըսաւ Մանոյեան:

«Անտիֆոնիթիս» յունական ամսաթերթը կը հաղորդէ, թէ թրքական կառավարութիւնը մզկիթի վերածեց Նիկիոյ մէջ գտնուող Այիա Սոֆիա  յունական ուղղափառ եկեղեցին, ...շարունակելով պետական քաղաքականութեան ծանօթ մօտեցումը, որ յունական եւ հայկական եկեղեցիներուն հանդէպ կը ցուցաբերուի:

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ  Էրտողան, Թուրքիոյ նախկին իշխանութիւններուն կողմէ 1937-1938ին Տերսիմի մէջ յատկապէս քիւրտերու դէմ կատարուած կոտորածներուն համար պաշտօնապէս ներում հայցած է։

Նոր Օսմանականութեան սկի՞զբ

Թրքական եռալեզու (թրքերէն, արաբերէն, անգլերէն) «Ալ ախպար ալ աալամ» կայքը կը հաղորդէ, թէ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Թուրքիոյ խորհրդարանը  կազմակերպեց ծանօթացման խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին նշեց օսմանցի սուլթաններէն՝ Ապտիւլ Մեժիտ Ա.-ի մահուան 150-ամեակը։