ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիա Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին, վերջապէս ընդունած է Վանի երկրաշարժէն տուժածներուն օժանդակելու պատրաստակամութիւն յայտնած երկիրներուն օգնութիւնը։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը խնդրած է օգնել աղէտի գօտիի բնակչութեան՝ նշելով երեսուն երկիրներու անուններ, որոնց շարքին՝ Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան։


Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ Թուրքիա ի վիճակի է առանց արտաքին օժանդակութեան յաղթահարելու աղէտին հետեւանքները։
Հակառակ Թուրքիա-Իսրայէլ տագնապին, Թուրքիա Իսրայէլէն եւս պաշտօնապէս խնդրած է օժանդակութիւն ուղարկել, եւ Իսրայէլ, ընդառաջելով թրքական խնդրանքին՝ Չորեքշաբթի օր արդէն իսկ շարժական բնակարաններ սկսած է ղրկել Թուրքիա։
Թրքական «Անգարա» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով անանուն դիւանագիտական աղբիւրներ՝ կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Հայաստանէն եւս օգնութիւն խնդրած է։ Սակայն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայան յայտնեց, որ Հայաստան առայժմ Թուրքիայէն օգնութեան խնդրանք մը պաշտօնապէս չէ ստացած։
Նշենք, որ միջազգային մամուլը, մատնանշելով երկրաշարժի աղիտալի հետեւանքները եւ աղէտի գօտիին մէջ մարդասիրական օգնութեան խիստ պակասը՝ սուր քննադատութեան ենթարկած էր Թուրքիոյ իշխանութիւնները:
Պաշտօնական տուեալներով, զոհերուն թիւը կը հասնի 500ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 1350ի։