Հազարաւոր մարդիկ ստիպուեցան դարձեալ գիշերելու ինքնաշարժներու մէջ կամ բաց երկինքի տակ, ցած ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ, մինչ վերապրողներ դուրս բերելու յոյսերը հետզհետէ կը նուազին: 459ի հասաւ զոհերուն թիւը, Վանը հարուածած երկրաշարժին պատճառով: Վիրաւորները 1300 հոգի են:
Փլատակներուն շուրջ գտնուող հազարաւոր մարդիկ կը փորձեն օգնել փրկարարական աշխատանքներուն: Երէկ փլատակներէն դուրս բերուեցան 14 օրուայ նորածին երեխայ մը եւ 18 տարեկան ուսանող մը, յոյս ներշնչելով բոլորին: Այլ շրջաններու մէջ սակայն, մարդիկ կը բողոքեն թէ բաւարար օգնութիւն չեն ստանար, ոչ նոյնիսկ վրաններ կամ սնունդ:
Կիրակի օրուայ ուժգին երկաշարժային ցնցումին յաջորդած են աւելի քան 200 յետցնցումներ, որ Ռիխթերի 6 աստիճանի հասած են: Յետցնցումներ եւ ցուրտ օդ կը դժուարացնեն փրկարարներու աշխատանքը:
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը դիմեց Աթէնքի ազգային աստղադիտարանի տնօրէն, երկրաշարժագէտ պրն. Երասիմոս Փափատոփուլոսի, որ հետաքրքրական հարցազրոյց մը շնորհեց թերթին:
Կարդալ առանձին: