Երէկ Կիրակի, կէսօրուայ ժամը 14:00էն քիչ առաջ, Ռիխթէրի 7.2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց արեւելեան Թուրքիան: Երկրաշարժին յաջորդեցին աւելի քան 70 յետցնցումներ:


Նախնական տուեալներուն համաձայն, երկրաշարժը պատճառած է նիւթական ծանր վնասներ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ: Փրկարարները ամբողջ գիշեր փլատակներուն մէջ վերապրողներ փնտռեցին: Կը նախատեսուի, որ զոհերուն թիւը հասնի հազարի:
Թրքական Քանտիլլի աստղադիտական եւ երկրաշարժի հետազօտական հիմնարկին փոխանցած պաշտօնական տեղեկութիւններուն համաձայն, երկրաշարժին կեդրոնը եղած է Վան քաղաքի հիւսիսը գտնուող Թապանլը գիւղին մէջ՝ հինգ քմ. խորութեան վրայ:
Մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը, փրկարար աշխատանքները շարունակուեցան խիստ նախնական միջոցներով: Փրկարար խումբերուն անդամները իրենց սեփական ձեռքերով, առանց արդիական սարքերու, փորձեցին փլատակներուն տակէն դուրս բերել վիրաւոր քաղաքացիները: «Չունինք շտապ օգնութեան փոխադրակառքեր, չունինք դեղօրայք: Ունինք մէկ հիւանդանոց: Պէտք ունինք վրաններու», յայտարարեց Արճէշի քաղաքապետը:

Ս. Սարգսեան ցաւակցեցաւ Կիւլին եւ օգնութիւն առաջարկեց

Անգարային օգնութիւն առաջարկած են բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ։ Միջազգային գործակալութիւնները կÿըդգծեն, որ անոնց շարքին է նաեւ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող Հայաստանի նախագահը:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուայէն  ցաւակցական հեռագիր յղեց  Թուրքիոյ նախագահ Ապտալա Կիւլին:
Նշենք, որ հայ զոհեր չկան:

Վանի աւերիչ երկրաշարժը մինչեւ Երեւան զգալի դարձաւ

Վանի երկրաշարժի ցնցումները մեծ ուժգնութեամբ զգալի դարձան նաեւ Հայաստանի տարածքէն ներս: Թէ որքան էր ցնցումի ուժգնու-թիւնը Երեւանի մէջ, առայժմ պաշտօնապէս չէ հաղորդուած: Մասամբ չի գործեր նաեւ Հայաստանի բջիջային ցանցը:
Ցնցումը զգալի դարձաւ նաեւ Գիւմրիի մէջ: Երկու օր առաջ, Հայաստանէն դէպի Թուրքիա մեկնած էր 17 հանրակառք: 
Ամենայնդէպս, ոչ լուրջ վնասներու  մասին տեղեկատուութիւն կայ, ոչ ալ զոհերու: Ըստ ԱԻՆ տուեալներու՝ միայն մէկ նորակառոյց պատի փլուզման դէպք արձանագրուած է Արարատի մարզի Հովտաշէն գիւղին մէջ. բայց հոն ալ պարզ չէ, եթէ պատը  երկրաշարժի հետեւանքով քանդուեցաւ։
Նշենք, որ երկրաշարժի էպիկեդրոնը Հայաստանէն շուրջ 150 քմ հեռաւորութեան վրայ էր։
Հայաստանի փրկարարական ծառայութիւնը արդէն կը գործէ  առաջին պատրաստութեան մակարդակով՝ որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային  Վանի  աղէտեալներուն օգնութիւն ցուցաբերէ։

ՀՀ քաղաքացիները վախցած՝ ճամբայ դուրս եկան

Երկրաշարժէն յետոյ, որ բաւական զգալի էր, ՀՀ քաղաքացիները շէնքերէն ու տուներէն  ճամպրուկներով դուրս եկան: Պատասխանատու գրասենեակը յորդորներ յղեց բոլորին՝ խուճապի չմատնուիլ, նկատել տալով թէ հակառակ որ էպիկեդրոնը մօտ էր, սակայն տարածքով անցնող խզուածքը մեր երկիրը շրջանցեց։
«Մարդիկ շրջում էին մեքենաներով եւ բարձրախօսներով ինչ-որ բաներ էին ասում։ Նման շրջողները խուճապարարներ են, եւ իրաւապահ մարմինները նրանց նկատմամբ անպայման պիտի գործողութիւններ ձեռնարկեն,- «Շանթ» հեռուստատեսութեան  «Հորիզոն» լրատուականին յայտնեց  ԱԻՆ խորհրդական Նիքոլայ Գրիգորեանը։- Ոչ ոք չի կարող կարճաժամկէտ ասել, թէ երբ եւ ինչ ուժգնութեան երկրաշարժ կարող է տեղի ունենալ»։
Ան բացատրութիւններ տուաւ, նշելով որ Պարսկաստանէն  Թուրքիա երկարող  հիւսիս-անաթոլիական բեկուածքը, որ Չալդրանի օճախ կը կոչուի, Հայաստանով չÿանցնիր։ Այսինքն, իւրաքանչիւր յետցնցում (մասնագէտները կÿըսեն, որ այդ կրնայ  տարիներով շարունակուիլ), իր ազդեցութեամբ աւելի կարելի չէ ըլլայ, քան նախորդները։
Սիսմիկ պաշտպանութեան հիւսիսային ծառայութեան պետ Սերգէյ Նազարէթեանը նշեց, որ Գիւմրիի մէջ  երկրաշարժէն յետոյ խուճապը մեծ եղած է եւ այդ մէկը անշուշտ հասկնալի է. այստեղ «իրենց աչքով երկրաշարժ տեսած մարդիկ» են։ Հեռուստաընկերութիւններու լրագրողները ստուգած են թէ  բնակիչները մեծ մասով  դուրս եկած են շէնքերէն:
ԱԻՆ-ի մօտ  անմիջապէս հրաւիրուած է խորհրդակցութիւն, ուր ստուգուած է թէ Վանի տարածքէն ներսաւելի քան 100 հայ կÿապրի։

Թայիփ Էրտողան Վան գնաց

Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն, երկրաշարժէն վնասուած շրջաններուն  մէջ ամբողջովին անջատուած են ելեկտրականութիւնն ու հեռաձայնային գիծերը:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թուրք նախարարներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ երկրաշարժին վայրը: Կը սպասուի, որ այսօր Թուրքիոյ կառավարութիւնը գումարէ արտակարգ ժողով մը՝ քննելու համար երկրաշարժին վերաբերող հարցերը:
Թուրքիոյ մէջ 1999-էն ի վեր մեծագոյնը նկատուող այս երկրաշարժին ցնցումները՝ բացի հայաստանէն զգալի դարձան նաեւ  Իրանի մէջ: