Ապտալա Կիւլ կը  խոստանայ հակադարձել

26 թուրք զինուորներ իրենց կեանքը կորսնցուցին՝ քիւրտ զինեալներու յարձակման իբրեւ հետեւանք: Յարձակումները գործուեցան Թուրքիոյ  հարաւ-արեւելեան շրջանի Հաքիարի նահանգին մէջ:

Վերջին ամիսներու ամէնէն արիւնալի այս դէպքերը տեղի ունեցան Պիթլիսի մէջ պայթումէն օր մը ետք, ուր հինգ թուրք ոստիկան եւ երեք քաղաքացի իրենց կեանքը կորսնցուցած էին:
Թրքական բանակը շուտով հակադարձեց Իրաքի սահմաններուն մէջ լայնածաւալ յարձակումներով, որոնց աւարտին 15 քիւրտ զոհուեցաւ:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտալա Կիւլ յայտնեց, թէ պետութիւնը պէտք է հակադարձէ յարձակումներուն, մինչ վարչապետ Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու ջնջեցին Ղազախստան եւ Սերպիա ծրագրուած այցելութիւնները:
«Անոնք որ այսքան մեծ ցաւ պատճառեցին մեզի պէտք  է նոյն փոխադարձումին արժանանան: Սխալած են, եթէ կը կարծեն թէ յարձակումներով կարելի է մեզ տկարացնել» ըսած է Ապտալա Կիւլը, Պոլսոյ մէջ մամլոյ ներկայացուցիչներուն խօսելով: