Ամերիկեան կառավարութեան կողմէ Հոկտեմբերի վերջաւորութեան որոշուեցաւ երեք հատ ռազմական Super Cobra ուղղաթիռներու վաճառքը Թուրքիոյ:

Amnesty International միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ Ատրպէյճանի մէջ  մարդոց իրաւունքներու  բազմաթիւ խախտումներուն  վրայ։

Պոլսոյ մէջ շարունակուեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը: Երէկ կայացաւ 21-րդ դատական նիստը:
Նիստի սկսելէն առաջ Տինքի հարազատներն ու ընկերները հաւաքուած էին դատարանին առջեւ:

Վանի մէջ շարունակուող ուժգին երկրաշարժի եւ յետցունցումներու պատճառով, լուրջ վնաս հասցուած է Վարագավանքի վրայ։ NEWS.am-ի թղթակիցը այցելած է վայրը հաստատելու համար վնասուած տարածքի մանրամասնութիւնները։

Ատրպէյճանի փոխ արտաքին գործոց նախարար Արազ Ազիմով աւստրիական Der Standard պարբերականի հետ զրոյցին ըսած է, թէ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորմամբ զբաղող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը  դեռ որեւէ յաջողութեան չէ հասած: