Ատանայի Ինջիրլիք խարիսխին մէջ յայտնուեցան Թուրքիոյ օդային ուժի մաս կազմող Predator անօդաչու սաւառնակները, որ ըստ Թուրքիոյ պետական շրջանակներու  հաղորդումին՝ պիտի օգտագործուին հակահաբեկչական պայքարի ծիրէն ներս:

Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Վոլքան Պոզքիր երէկ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստան-Թուրքիա  յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչութեամբ երկու երկիրներուն ստորագրած ցիւրիխեան արձանագրութիւնները պիտի չվաւերացուին:

Զարաքօլուի դատավարութիւնը հազիւ տարիէ մը պիտի սկսի, իսկ իր առողջութիւնը յարմար չէ այսքան երկար ժամանակ բանտային պայմաններու մէջ մնալու համար

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի կողմէ հնչած յայտարարութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «ուսումնասիրելու» նպատակով Ֆրանսայի մէջ հայ-թուրք պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ մը հիւրընկալելու մասին, գրգռիչ ու անընդունելի է ամբողջ հայութեան համար:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւս կրկնած է պատմաբաններու յանձնաժողովի հարցը՝ հայկական կողմէ հակադարձող պատասխաններու արժանանալով:

Ապահովական մարմինները կ՛ամբաստանուին նաեւ փաստեր անհետացնելու յանցանքով

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17ին հաղորդեց, թէ Հրանդ Տինքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու գծով իրենց պարտականութիւնը չկատարած պաշտօնատարներուն հարցը հետապնդող դատախազը, որոշած է պաշտօնապէս հետախուզութիւն բանալ 30 բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ, որոնց թերացումներուն զոհ գացած է Տինք: