- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, ՄԱԿի մէջ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, յայտարարած է, որ եթէ կողմերէն մէկը ապօրինաբար ուժ կիրարկէ, Ռուսիա պատրաստ է շրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման համար կարելին ընելու:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թրքական «Թաքուիմ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական կառավարութիւնը վերականգնած է շաբաթներ առաջ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ չեղեալ նկատուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները.
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
կը գրէ Վաթան թերթը, ակնարկելով Ինճիրլիքի խարիսխի սեփականացուած հողատարածքներուն
Շաբաթներ առաջ թրքական իշխանութիւնները դէմ յանդիման գտնուեցան դատական որոշումի, որ կը պարտաւորեցնէր Անգարան՝ պատասխանող կողմ դառնալ երեք հայերու կողմէ բացուած դատական գործընթացին:
«Թուրքիա պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման բազմակողմանի կերպով աջակցելու» կ՛ըսէ Կիւլ
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թուրքիոյ նախագահ Ապտալա Կիւլ ռուսական «Մոսքովսքի Քոմսոմոլեց» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը հիմնական արգելք է Հարաւային Կովկասի մէջ բարենպաստ մթնոլորտի հաստատման համար:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին՝ Կիւլ նշած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրին մէջ յառաջընթացը իր կարգին դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վրայ:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Եարոսլավի մէջ կայացաւ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու հանդիպումը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Ճիհան» գործակալութիւնը, հանդիպումը տեղի ունեցաւ Կլոպալ քաղաքական ֆուրումի ծիրէն ներս: