- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թուրքիա, որ ծանր խնդիրներ ունէր Սուրիոյ հետ, հիմա շատ աւելի ծանր կացութեան ենթարկուեցաւ Իրաքի մէջ, ուր ԸՇԻՏ կոչուած ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Մուսուլը գրաւելէ ետք կը շարունակէ յարձակողական իր յառաջխաղացումը եւ իր տիրապետութեան տակ առնել կը ջանայ Մուսուլի մերձակայ միւս քաղաքներն ալ։
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Սթրազպուրկի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նստաշրջանին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ելոյթ ունեցած է, վեցամսեայ նստաշրջանի համար նախագահող երկրի որպէս ներկայացուցիչ:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Արդէն արձագանգած էինք պատմաբան Թաներ Աքչամի կողմէ «Թարաֆ» թերթին մէջ հրատարակուած յօդուածի առաջին մասին, ուր Աքչամ կը բողոքէր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ատեանին (ԵՄԻԱ) կողմէ Տողու Փերինչեքի ի նպաստ տրուած որոշումին դէմ եւ ցաւ կը յայտնէր, թէ այն վճիռը կը ձգէ այդ տպաւորութիւնը, թէ ո՛չ մէկը կրնայ ուրանալ Հրէական Ողջակիզումը, բայց Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը ազատ է։
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու խորհրդարանին մէջ պատասխանած է, Պոլսոյ անկախ երեսփոխան Իհսան Պարութճուի գրաւոր հարցումին, որ կը վերաբերէր 1915ի դէպքերու «հայկական պնդումներուն» դէմ նախապատրաստական աշխատանքին:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թուրքիոյ Պատմութեան կաճառի նախկին տնօրէն եւ այժմ Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան Եուսուֆ Հալաճօղլու, որ վերջերս պնդած էր, որ եթէ քիչ մը եւս մնար նախկին պաշտօնին վրայ, ապա Հայկական հարցը լուծած պիտի ըլլար,