Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պաշտօնապէս իբրեւ նախագահի թեկնածու առաջադրուելէ ետք խոստացաւ բոլորին ծառայել՝ նշելով, որ երբ 1994-էն 1998 Պոլսոյ քաղաքապետ ընտրուած է, ինք բոլոր պոլսեցիներուն ծառայած է անկախ, թէ անոնք որո՛ւ քուէարկած են, նոյնը կատարած է, երբ վարչապետ ընտրուած է:

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ մէջ բնակող հայերը մերժած են հանդիպում ունենալ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի հետ, որ կ՛այցելէ Քէօլն քաղաքը:

Թրքական «Հիւրիէթ» թերթը կազմած է այն գիրքերու ցանկը, որոնք պէտք է կարդացուին այս տարուան ամառնային արձակուրդներու ընթացքին: Ցանկին մէջ ընդգըրկուած է Յակոբ Պարոնեանի «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» գիրքը:

Թուրքիա բուռն կերպով քննադատեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան յանձնախումբին որդեգրած այն բանաձեւը, որ երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ եւ բռնագըրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ քրիստոնեաներէն գրաւուած կալուածներու վերադարձին հետեւելու:

Ատրպէյճանական Haggin.az կայքը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի քոնկրեսական, Հելսինքեան յանձնախումբի անդամ Քրիս Սմիթ յայտնած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի մը ընթացքին վերջինիս փոխանցուած են ցուցակները այն բանտարկեալներուն, որոնք «Միջազգային ներում»-ի տուեալներով քաղաքական բանտարկեալներ են: